Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/94 էջ 2
  • Ի՞նչ Հոգի Կը Ցուցաբերէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ի՞նչ Հոգի Կը Ցուցաբերէք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ժողովքին դրական հոգին պահպանէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Ինչպիսի՞ հոգի կը ցուցաբերես
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • «Հոգիով բորբոքեցէ՛ք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Աստուծոյ շնորհքին բարի լուրը տարածէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
թծ 11/94 էջ 2

Ի՞նչ Հոգի Կը Ցուցաբերէք

1 Պօղոս Փիլիպպէի մէջ եղող ժողովքին յղած իր թուղթը այս յորդորանքով եզրափակեց. «Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր ամենուն [ցուցաբերած հոգիին] հետ ըլլայ»։ (Փիլ. 4։24) Ան զանոնք գովեց իրենց հարազատ հետաքրքրութեան համար բարի լուրը քարոզելուն նկատմամբ ինչպէս նաեւ իրենց ջերմ, սիրալիր հետաքրքրութեան համար մէկը միւսին բարօրութեամբ։—Փիլ. 1։3-5. 4։15, 16

2 Պէտք է մեր փափաքը ըլլայ ցոլացնել նոյն հոգին մեր ժողովքին մէջ։ Երբ բոլորն ալ նախանձախնդրութիւն, ազնուութիւն եւ հիւրասիրութիւն կը յայտնաբերեն, ասիկա հոգի մը յառաջ կը բերէ որ բացայայտ կ’ըլլայ նկատողներուն։ Դրական ու սիրալիր հոգի մը միութիւն եւ հոգեւոր յառաջդիմութիւն կը բերէ։ (Ա. Կորն. 1։10) Ժխտական հոգի մը վհատութիւն ու անտարբերութիւն յառաջ կը բերէ։—Յայտ. 3։15, 16

3 Երէցները Առաջնորդութիւնը կ’Առնեն. Երէցները պատասխանատուութիւն ունին ընտիր, դրական հոգի մը պահպանելու իրենք իրենց մէջ եւ իրենց ժողովքին մէջ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ իրենց կեցուածքը եւ վարմունքը կրնան ժողովքին ազդել։ Մենք կը գնահատենք որ այնպիսի երէցներ ունինք որոնք նախանձախնդիր են դաշտի ծառայութեան մէջ, մեզ կը բարեւեն ջերմ ժպիտով մը ու ազնիւ խօսքով մը, եւ դրական ու շինիչ են երբ կը խրատեն, ըլլայ առանձին կամ ամպիոնէն։—Եբր. 13։7

4 Անշուշտ, բոլորս ալ պէտք է մեր բաժինը բերենք որ ժողովքը բարեկամական, հիւրասէր, նախանձախնդիր եւ հոգեւոր հակում ունեցող ըլլայ։ Անհատապէս, կրնանք մտերմութիւն ու սէր յայտնաբերել մեր ընկերակցութեան մէջ ուրիշներու հետ։ (Ա. Կորն. 16։14) Տարիքի, ցեղի, ուսման կամ տնտեսական վիճակին նկատմամբ, պէտք չէ խտրութիւն ըլլայ մեր մէջ։ (Բաղդատել Եփեսացիս 2։21։) Մեր յոյսին շնորհիւ, կրնանք ցոլացնել ուրախութեան, առատաձեռն հիւրասիրութեան, եւ ծառայութեան մէջ նախանձախնդրութեան հոգի մը։—Հռովմ. 12։13. Կող. 3։22, 23

5 Մեր հետ բոլոր ընկերակցողները, նորեկները ներառեալ, պէտք է ձգենք որ զգան թէ սիրով ընդունուած են եւ եղբայրակցութեան սէրն ու նուիրումը շօշափեն։ Մեր ծառայութեամբ եւ Քրիստոնէական ընտիր յատկութիւններ ցուցաբերելով, կ’ապացուցանենք թէ ժողովքը «ճշմարտութեան սիւնը ու հաստատութիւն»ն է։ (Ա. Տիմ. 3։15) Մենք նաեւ հոգեւոր ապահովութիւն կը վայելենք «Աստուծոյ խաղաղութեան» միջոցաւ որ մեր սրտերը ու մտքերը կը պահպանէ։ (Փիլ. 4։6, 7) Թող բոլորս ալ ժրաջանութեամբ մաքառինք այն հոգին ցուցաբերելու որ մեզի պիտի երաշխաւորէ Եհովայի անարժան ողորմութիւնը վայելել Տէր Յիսուս Քրիստոսին միջոցաւ։—Բ. Տիմ. 4։22

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել