Տիպար Մը Որու Սերտօրէն Հետեւինք
1 Յիսուս աներկբայելիօրէն մեծագոյն մարդն է որ ապրած է։ Ան կատարեալ օրինակ մը հանդիսացաւ իր աշակերտներուն։ Թէեւ չենք կրնար հասնիլ անոր կատարելութեան չափանիշին, մեզի յորդոր տրուած է որ ‘իր շաւիղներուն սերտօրէն հետեւինք’։ (Ա. Պետ. 2։21) Պէտք է փափաքինք որ կարելի եղածին չափ Յիսուսի նման ըլլանք, նախանձախնդրաբար ուրիշներու հետ ճշմարտութիւնը բաժնելով։
2 Յիսուս միայն քարոզիչ մը չէր. ան հիանալի ուսուցիչ մըն էր։ «Ժողովուրդը կը զարմանար անոր վարդապետութեանը [ուսուցանելու կերպին (ՆԱ)] վրայ»։ (Մատթ. 7։28) Ան ինչո՞ւ շատ ազդեցիկ էր։ Թող որ մօտէն քննենք անոր «ուսուցանելու կերպ»ը։
3 Ինչպէ՛ս Կրնանք Յիսուսին Հետեւիլ. Յիսուս իր Հօրմէն սորված էր։ (Յովհ. 8։28) Անոր շարժառիթն էր Եհովան պատուել ու Անոր անունը փառաւորել։ (Յովհ. 17։4, 26) Մեր քարոզելուն ու ուսուցանելուն մէջ, մեր շարժառիթն ալ պէտք է ըլլայ Եհովան պատուել եւ ուշադրութիւն չհրաւիրել մեր անձին վրայ։
4 Ամէն ինչ որ Յիսուս սորվեցուց հիմնուած էր Աստուծոյ Խօսքին վրայ։ Ան շարունակաբար ակնարկեց ներշնչուած սուրբ գրութիւններուն։ (Մատթ. 4։4, 7. 19։4. 22։31) Կ’ուզենք մեր ունկնդիրները Աստուածաշունչին ուղղել. այսպիսով թոյլ կու տանք որ տեսնեն թէ ինչ որ կը քարոզենք ու կը սորվեցնենք հիմնուած է բարձրագոյն հեղինակութեան վրայ։
5 Յիսուս գործածեց համառօտ, գործնական, պարզ արտայայտութիւններ։ Օրինակի համար, երբ բացատրեց ինչպէ՛ս կրնանք Աստուծոյ կողմէ ներում ստանալ, ան մեզ քաջալերեց որ ուրիշներու ներող ըլլանք։ (Մատթ. 6։14, 15) Պէտք է փորձենք Թագաւորութեան պատգամը բացատրել դիւրըմբռնելի, ուղղակի խօսքերով։
6 Յիսուս հմտութեամբ գործածեց առակներ եւ հարցումներ որպէսզի ուրիշներու մտածութիւնը խթանէ։ (Մատթ. 13։34, 35. 22։20-22) Օրինակները ամէնօրեայ հարցերու մասին կրնան մարդոց օգնել որ Աստուածաշունչի խրթին ուսուցումները հասկնան։ Պէտք է այնպիսի հարցումներ ուղղենք որոնք մեր ունկնդիրները կը քաջալերեն որ մտածեն իրենց լսածին մասին։ Առաջնորդող հարցումները կրնան անոնց օգնել որ շիտակ եզրակացութեան յանգնին։
7 Յիսուս ժամանակ յատկացուց դժուար հարցեր բացատրելու անոնց որոնք յաւելեալ տեղեկութիւններ խնդրեցին։ Իսկապէս հետաքրքրուողները, ինչպէս իր աշակերտները, կարող էին հասկնալ ինչ որ Յիսուս սորվեցուց։ (Մատթ. 13։36) Նմանապէս պէտք է օգնական ըլլանք երբ անկեղծօրէն հարցումներ կ’ուղղուին։ Եթէ պատասխանը չենք գիտեր, կրնանք նիւթը հետազօտել եւ ուրիշ ատեն մը վերադառնալ տեղեկութիւնները փոխանցելու։
8 Յիսուս առարկայական դասեր գործածեց սորվեցնելու համար։ Անոր մէկ օրինակն էր իր աշակերտներուն ոտքերը լուալը, թէեւ ինք անոնց Տէրն էր։ (Յովհ. 13։2-16) Եթէ խոնարհ հոգի մը ցուցաբերենք, ուսուցուողները պիտի մղուին իրենց սորվածը կիրարկելու։
9 Յիսուս դիմեց մարդոց սրտերուն եւ անոնց սիրոյն արդարութեան հանդէպ։ Մենք ալ կ’ուզենք սրտերուն հասնիլ։ Կը ջանանք դիմել ամբողջ մարդկութեան ընդածին փափաքին որ աւելի բարձր անձնաւորութիւն մը պաշտեն եւ ուրիշներու հետ խաղաղութեամբ ու ուրախութեամբ ապրին։
10 Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին կրնանք ուրիշներու հետ բաժնել ինչ որ սորված ենք Յիսուսին մասին, ներկայացնելով Մեծագոյն Մարդը որ Ապրած Է գիրքը։ Մեր ընդօրինակելը Յիսուսի ուսուցանելու յատկութիւնները կրնայ անկեղծ անհատները մղել որ մտիկ ընեն մինչ կը բացատրենք ինչ որ սորվեցուց։—Մատթ. 10։40