Գնահատանք Ցուցաբերենք Աստուծոյ Տան Հանդէպ
1 Աստուածաշունչի ժամանակներուն Եհովա իր ժողովուրդին պատուիրեց որ կանոնաւորաբար հաւաքուին իր տան մէջ։ (Ղեւտ. 23։2) Այս ժողովները անոնց օգնեցին որ իրենց մտքերը կեդրոնացնեն Աստուծոյ խօսքին վրայ, ժամանակ հայթայթելով խոկալու, ընկերակցելու եւ Եհովայի Օրէնքը նկատի առնելու։ Անոնց մտքերը լեցուեցան Աստուծոյ խորհուրդներով, ինչ որ բերաւ հոգեւոր ճոխ օրհնութիւններ։ Ասոնք իսկապէս ուրախ առիթներ էին։ Կարգադրութիւնը յառաջ մղեց միութիւնը եւ մաքուր պաշտամունքը։ Աստուծոյ տան մէջ այսօր հաւաքուիլը նուազ կարեւոր չէ։
2 Ինչպէ՞ս Կրնանք Ցոյց Տալ թէ Ժողովները կը Գնահատենք. Կարգ մը ժողովքներ կը տեղեկագրեն որ ժողովներուն ներկայ եղողներուն թիւը ցած է։ Երբեմն անհատի մը պարագան կրնայ պատճառ ըլլալ որ ժողովի մը ներկայ չգտնուի։ Բայց թոյլ տուա՞ծ էք յարաբերաբար չնչին խնդիրներու որ արգելք հանդիսանան ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելու։ Ոմանք թերեւս կ’որոշեն տունը մնալ եթէ թեթեւ գլխացաւ ունին կամ գործէն ետք յոգնած կը զգան։ Ուրիշներ պարտաւոր զգացած են որ այցելել ուզող անհաւատ ազգականները հիւրասիրեն։ Ոմանք նոյնիսկ ժողովներ փախցուցած են որպէսզի դիտեն հեռատեսիլի նախասիրուած յայտագիր մը կամ մարզանքի որոշ դէպք մը։ Այս պարագաներուն ցուցաբերուած գնահատանքի մակարդակը բացայայտօրէն հաւասար չէ Կորխի որդիներուն արտայայտած սրտագին փափաքին. «Իմ անձս կը փափաքի ու նաեւ կը մարի Տէրոջը սրահներուն համար»։—Սաղմ. 84։2
3 Թէեւ հոգեւոր առատ սնունդ կը հայթայթուի ժողովներուն մէջ, ներկայ եղողներէն ոմանք դժուարութիւն կը գտնեն ուշադրութիւն ընծայելուն մէջ։ Անոնք թերեւս բաց աչքով կ’երազեն, օրուան մտահոգութիւններուն մասին կը մտածեն, կամ նոյնիսկ կը մրափեն։ Շատեր նկատած են որ համառօտ նոթեր առնելը իրենց օգնած է որ արթուն մնան ու յայտագրին վրայ կեդրոնանան։ Գրելը նաեւ կը տպաւորէ տեղեկութիւնները մտքին մէջ։ Ասկէ զատ, նախապէս պատրաստուիլը կ’օգնէ որ լիովին օգտուինք։ Եթէ լաւ կերպով նախապատրաստուինք, պիտի կարենանք «ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընե[լ]»։—Եբր. 2։1
4 Երախաները ինչպէս նաեւ չափահասները կարիքը ունին ժողովներուն մէջ ներկայացուած հրահանգը իւրացնելու։ Ինչ որ երախաները կը սորվին շատ սահմանափակ պիտի ըլլայ եթէ ծնողները խաղալիքներ կամ գունաւորելու գրքոյկներ տան, որպէսզի զանոնք զբաղեցնեն ու հանդարտ պահեն։ Պատշաճ կրթութեան պակասը կայ երբ թոյլ կը տրուի երախաներուն որ խաղան, խօսին, պոռան կամ ուրիշ բաներ ընեն որոնք մօտ նստողները կը խանգարեն։ Ժողովին ընթացքին յաճախադէպ ու անհարկի պտոյտները դէպի բաղնիք կամ ուր որ խմելիք ջուր կայ, սովորաբար կը նուազին երբ պզտիկը կը գիտնայ որ իր ծնողներէն մէկը միշտ իրեն հետ պիտի ընկերանայ։
5 Ճշդապահութիւնը Կարեւոր Է. Երբեմն անխուսափելի պարագաներ կրնան պատճառ ըլլալ որ ժողովի մը ճիշդ ժամանակին չհասնինք, բայց սովորութիւն դարձած ուշ հասնիլը բացման երգեցողութենէն ու աղօթքէն ետք, ցոյց կու տայ յարգանքի պակաս ժողովներուն սուրբ նպատակին եւ մեր պատասխանատուութեան որ ուրիշները խանգարելէ խուսափինք։ Յիշեցէք որ ժողովներուն մէջ մեր եղբայրներուն հետ երգեցողութեան ու աղօթքին մասնակցիլը մեր պաշտամունքին մէկ մասն է։ Սովորութիւն դարձած ուշացումը ընդհանրապէս արդիւնքն է խեղճ կազմակերպութեան կամ առաջուց չծրագրելուն։ Ճշդապահ ըլլալը ցոյց կու տայ թէ մեր ժողովները կը յարգենք ու կը գնահատենք։
6 Մինչ օրը ա՛լ աւելի կը մօտենայ, միասնաբար հաւաքուելու կարիքը աւելի մեծ կը դառնայ։ (Եբր. 10։24, 25) Թող որ մեր գնահատանքը ցուցաբերենք կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելով, նախապատրաստութեամբ, ճշդապահութեամբ, սուր ուշադրութիւն ընծայելով եւ ապա կիրարկելով ինչ որ կը սորվինք։