Ծառայութեան Ժողովներ Մարտ Ամսուան Համար
Մարտ 6–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 123
13 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Հարցումի Տուփը նկատի առ։
15 վյրկ. «Շատ կը Տրուի՝ Շատ կը Պահանջուի»։ Հարց պատասխանով։ Որակելի եղողները քաջալերէ որ մտածեն Ապրիլ ամսուան ընթացքին օժանդակ ռահվիրաներ ըլլալու մասին։
17 վյրկ. «Յայտարարենք ‘Մարգարէութեան Խօսքերը’»։ Գլխաւոր կէտերը վերաքաղ ըրէ։ Ունկնդիրները հրաւիրէ որ պատմեն ձեռք ձգուած փորձառութիւններ Յայտնութեան Յանգումը գիրքը գործածելով կամ տեղաւորելով։ Բոլորը քաջալերէ որ դրական ըլլան գիրքը առաջարկելու նկատմամբ, քանի որ ան նկատի կ’առնէ ընթացիկ դէպքեր որոնք ամէն անհատ կը մտահոգեն։ Կարգադրէ ցուցադրել մէկ կամ երկու ներկայացումներ։
Երգեցողութիւն թիւ 113 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 13–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 63
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ամփոփ մեկնաբանութեամբ ուշադրութեան յանձնէ «Քարտուղարին եւ Ծառայութեան Տեսուչին Վերյիշեցում» շրջագիծը։ Հաշիւի տեղեկագիրը։
15 վյրկ. «Ժամանակայարմար Թագաւորութեան Լուրեր Որ Համայն Աշխարհի մէջ Պիտի Բաշխուի»։ Դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ։ Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներուն ընթացքին այս գալիք մասնաւոր գործունէութեան կարեւորութիւնը շեշտէ։ Բոլորը քաջալերէ, նորեկները ներառեալ, որ ծրագրեն լման կերպով մասնակցիլ։
20 վյրկ. «Պէթէլի Ծառայութիւնը—Յաւելեալ Կամաւորներու Կարիքը Կայ»։ 1–13–րդ պարբերութիւնները հարց պատասխանով նկատի առնել։
Երգեցողութիւն թիւ 204 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 20–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 172
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ցուցադրեցէք 1995–ի Տարեգիրքին ընտանեկան գործածութիւնը։ Ընտանիքը երախտապարտութիւն կ’արտայայտէ գրքին համար. հայրը ամփոփ կերպով վերաքաղ կ’ընէ բացման նիւթին գլխաւոր կէտերը էջ 3–11–ին մէջ։ Անոնք կը խօսակցին թէ ինչպէ՛ս իւրաքանչիւր շաբաթ պիտի փորձեն միասնաբար կարդալ մի քանի էջեր Տարեգիրքէն եւ վստահ ըլլալ որ ամէն օր նկատի կ’առնեն որոշուած համարը Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր գրքոյկին մէջ։
15 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։ Կամ դասախօսութիւն «Եթէ կը Պարտիք Տուրք Վճարել, Վճարեցէք» յօդուածին մասին, Դիտարան Նոյեմբեր 15, 1994–ի թիւին մէջ, էջ 26–8, Անգլերէնով։
15 վյրկ. «Ուրիշներու Օգնենք որ ‘Գրուած Բաները Պահեն’»։ Գլխաւոր կէտերը վերաքաղ ըրէ, ապա կարգադրէ ցուցադրել մէկ կամ երկու վերայցելութիւններ։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 27–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 150
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
12 վյրկ. «Ամենէն Կարեւոր Դէպքը Մարդկային Պատմութեան մէջ»։ Ունկնդիրներուն հետ յօդուածը նկատի առ։ Վերաքաղ ըրէ տեղական կարգադրութիւնները Յիշատակատօնին համար։ Բացատրէ թէ ինչո՛ւ հարկ կայ որ հետաքրքրուած անհատները հրաւիրենք ու անոնց օգնեն որ ներկայ ըլլան։
18 վյրկ. «Պէթէլի Ծառայութիւնը—Յաւելեալ Կամաւորներու Կարիքը Կայ»։ 14–18–րդ պարբերութիւնները նկատի առնելով, կարգադրէ ցուցադրութիւն մը որու մէջ հայր մը կը խօսի իր պատանի զաւկին հետ Պէթէլի ծառայութեան նպատակակէտին մասին եւ ի՛նչ որ զաւակը կրնայ ընել անոր համար պատրաստուելու, համաձայն ըլլալով տրուած առաջարկներուն հետ։ Եթէ ժողովքին մէջ Պէթէլի ընտանիքի նախկին կամ ընթացիկ անդամներ կան, հայրը կրնայ այս եղբայրներէն մէկ կամ երկու հոգի պարփակել խօսակցութեան մէջ իր զաւկին հետ։ Ցուցադրութենէն ետք, պէտք է 19–23–րդ պարբերութիւնները նկատի առնել հարց պատասխանով։
10 վյրկ. Ապրիլ Ամսուան Ընթացքին Դիտարանը եւ Զարթի՛րը Ներկայացնենք։ Յաճախակի ծածկուած թաղամասին մէջ, կրնանք նաեւ ներկայացնել որեւէ գրքոյկ (Դպրոց գրքոյկէն զատ)։ Երբ հետաքրքրութիւն կը գտնուի վերայցելութեան ատեն, կարելի է բաժանորդագրութիւն առաջարկել։ Վերաքաղ ըրէք հետեւեալ թելադրութիւնները տունէ տուն պարբերաթերթեր ներկայացնելու նկատմամբ. Բարեկամական ժպիտ մը ունեցէք։ Խանդավառ եղէք։ Դանդաղօրէն խօսեցէք։ Նկատի առէք միայն մէկ յօդուած մէկ պարբերաթերթի մէջ։ Պարբերաթերթերը տանտիրոջ յանձնեցէք։ Յստակ ըրէք որ յաջորդ թիւերով պիտի վերադառնաք։ Դրական կերպով եզրափակեցէք եթէ պարբերաթերթերը մերժուին։ Ամէն հետաքրքրութիւններուն եւ տեղաւորումներուն մասին արձանագրութիւն մը պահեցէք։ Վերջաւորութեան, ցուցադրեցէք մէկ կամ երկու հակիրճ ներկայացումներ որոնք ցոյց կու տան ինչպէ՛ս պարբերաթերթերուն ընթացիկ թիւերը առաջարկել։
Երգեցողութիւն թիւ 14 եւ փակման աղօթք։