Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Գոց գրքերով վերաքաղ այն նիւթերուն որոնք տրուեցան Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի նշանակումներով, այն շաբաթներուն ընթացքին որոնք սկսան Մայիս 1–էն մինչեւ Օգոստոս 21, 1995։ Յատկացուած ժամանակամիջոցին, ձեր կրցածին չափ հարցումներուն պատասխանեցէք անջատ թուղթի մը վրայ։
[Նշմար. Գրաւոր վերաքաղին ընթացքին, միայն Աստուածաշունչը կարելի է գործածել որեւէ հարցումի պատասխանելու համար։ Հարցումներուն յաջորդող աղբիւրները ձեր անձնական հետազօտութեան համար են։ Դիտարանի ակնարկումներէն ոմանք թերեւս չբովանդակեն էջերուն եւ պարբերութիւններուն թիւերը։]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն Շիտակ կամ Սխալ պատասխանեցէք.
1. Աստուծոյ պաշտամունքը անձնական հարց մըն է եւ ուրիշներու հետ մեր ունեցած յարաբերութենէն որեւէ կերպով կախեալ չէ։ (Ա. Յովհ. 4։20) [Պաշտամունք էջ 134 § 7]
2. Կառավարիչ մարմինին խրատը հեթանոսութենէն եկող Քրիստոնեաներուն թէ կռապաշտութենէ, արիւնէ եւ պոռնկութենէ ետ կենան, հիմնուած էր Մովսիսական Օրէնքին վրայ։ (Գործք 15։28, 29) [Պաշտամունք էջ 149 § 8]
3. Սկիզբէն իսկ, Մովսիսական Օրէնքը ամբողջ մարդկութեան կը կիրարկուէր։ (Սաղմ. 147։19, 20) [Պաշտամունք էջ 148 § 5]
4. Եսայեայ գլուխ 53–ը, որ գրուած է շուրջ 700 տարի Քրիստոսի ծնունդէն առաջ, կը նմանի ականատեսի մը կենսունակ արձանագրութեան, նկարագրելով Յիսուս Քրիստոսը եւ իր հետ վարուած կերպը։ [Բոլոր Գիրքը էջ 119 § 8]
5. Ժողովողի 3։1, 2–ի մէջ Սողոմոնի խօսքերը պարզապէս կ’ակնարկեն կեանքի ու մահուան շարունակական շրջանին եւ ոչ թէ անհատներու ճակատագրին։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 10/15/91 էջ 5 (Անգլ.)։]
6. Ընտանեկան խնդիրներու նկատմամբ, աշխարհային ո՛չ մէկ աղբիւր կայ որ կրնայ հաւասարիլ Աստուածաշունչի տուած առողջ խրատին։ [Պաշտամունք էջ 144 § 11]
7. Առակաց գիրքը մեր խնդիրներուն խորը կը թափանցէ, խրատելով որ կատարելապէս Աստուծոյ ապաւինինք։ [Բոլոր Գիրքը էջ 111 § 35]
8. Երբ ծնողներ իրենց զաւակներուն թոյլ կու տան որ հեռատեսիլի որեւէ յայտագիր դիտեն, իրականութեան մէջ, թոյլատրած կ’ըլլան որ անոնք իրենց կամքին ձգուին։ (Առ. 29։15) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 8/1/88 էջ 12 § 8 (Անգլ.)։]
9. Երբ ամուսնութեան մէջ խնդիրներ կը ծագին, ճշմարիտ Քրիստոնեայ մը իր կողակիցին տկարութիւնները զէնք գործածելով իր պատասխանատուութիւնները պիտի չանտեսէ։ [Պաշտամունք էջ 140–1 § 4, 5]
10. Սողոմոնի յայտարարութիւնը Ժողովողի գրքին մէջ թէ ամէն ինչ ունայնութիւն է, կը կիրարկուի ամէն բանի առանց բացառութեան։ [Բոլոր Գիրքը էջ 114 § 15]
Հետեւեալ հարցումներուն պատասխանեցէք.
11. Ելից 20։7–ի բուն սկզբունքը ի՞նչ է։ [Պաշտամունք էջ 152]
12. Որո՞նք էին այն չորս թագաւորներէն երկուքը որոնք Յուդայի մէջ իշխեցին մինչ Եսայի որպէս մարգարէ կը ծառայէր։ [Բոլոր Գիրքը էջ 118 § 3]
13. Ինչպէս որ նկարագրուած է Եսայեայ 14։4, 12–14–ի մէջ, Բաբելոնի թագաւորը որո՞ւ կեցուածքը արտացոլացուց։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 3/15/85 էջ 16 § 2 (Անգլ.)։]
14. Ըստ Ելից 19։10, 11–ին, Եհովա ի՞նչ կը պահանջէ իր երկրպագուներէն։ [Պաշտամունք էջ 152]
15. Ո՞վ է այժմու դէտը, եւ ի՞նչ կը ծանուցանէ։ (Եսայ. 21։8, 12) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 3/1/87 էջ 12 § 10 (Անգլ.)։]
16. Ժողովողի 12։12–ը ինչո՞ւ կը ներկայացնէ գիրքերու հանդէպ այսպիսի բացասական տեսակէտ մը։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 9/1/87 էջ 29։]
17. Առակաց 1։2–4–ին համաձայն, Առակաց գիրքը ի՞նչ բան ցցուն կ’ընէ։ [Բոլոր Գիրքը էջ 109 § 19]
18. Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ քաջալերեց Կորնթացիները որ ‘լայննան’։ (Բ. Կորն. 6։13) [Պաշտամունք էջ 137 § 14]
19. Ինչպէ՞ս «սէրը՝ մահուան պէս զօրաւոր» է։ (Երգ Երգ. 8։6, 7) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 10/1/87 էջ 27։]
20. Գեղեցիկ Երգ Երգոցին մէջ ի՞նչ գործնական դասեր կ’ուսուցանուին։ [Բոլոր Գիրքը էջ 117 § 16]
Հայթայթեցէք պէտք եղած բառը կամ նախադասութիւնը՝ հետեւեալ արտայայտութիւնները ամբողջացնելու համար.
21. Թէեւ Մովսիսական Օրէնքին տակ չենք, բայց շատ մեծ օգուտներ կրնանք ձեռք ձգել ճշգրիտ գիտութիւն ունենալով այն ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ մասին, որոնց վրայ հիմնուած է ան, ինչպէս նաեւ՝ անոր պարփակած ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ օրինակներէն։ [Պաշտամունք էջ 153 § 14]
22. Ելից 20։4–6–ի մէջ յիշուած օրէնքը կ’արգիլէ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ , եւ համարը ինքնին կը յայտնէ թէ այս օրէնքը հիմնուած է այն սկզբունքին վրայ թէ Եհովա ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ կը պահանջէ։ [Պաշտամունք էջ 152]
23. Բ. Օրինաց 7։1–4–ի սկզբունքը յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ ծառայ մը պէտք չէ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ մէկու մը հետ որ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ չի ծառայեր։ [Պաշտամունք էջ 152]
24. Երգ Երգոց 2։1–3–ին մէջ, խօսակցութեան պատկերներ գործածուած են որոնք ցոյց կու տան ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ խոնարհութիւնը եւ համեստութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ անոր ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ սիրականին փափաքելի նկարագրի գծերն ու կարողութիւնները։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 10/1/87 էջ 26։]
25. Եհովայի հաւատարիմ ծառաները կը մերժեն ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ հարցնել ի նպաստ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ , քանի որ այսպիսի հաղորդակցութիւններ իրապէս ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ հետ են։ (Եսայ. 8։19) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 3/15/89 էջ 20 § 11 (Անգլ.)։]
Ընտրեցէք շիտակ պատասխանը իւրաքանչիւր հետեւեալ արտայայտութիւններուն մէջէն.
26. Ըստ Առակաց 26։20, 21–ին, եթէ (արագ պատասխանող. համարձակախօս. հեզ) ենք, ‘կրակին փայտ աւելցնելու’ եւ ուրիշները զայրացնելու փոխարէն, անոնց հետ (անձնական խնդիրներ. խեղճ հաղորդակցութիւն. լաւ կապեր) պիտի ունենանք։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 10/15/91 էջ 13 § 16 (Անգլ.)։]
27. Ըստ Առակաց 27։6–ին, անհատ մը որ ձեզ կը սիրէ, (երբեք պիտի չըսէ բան մը որ ձեզ կը վիրաւորէ. պիտի չհամարձակի ձեր անձին մասին ճշմարտութիւնը ձեզի ըսել. ձեզի խրատ պիտի տայ երբ անոր կարիքը ունիք)։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 12/1/90 էջ 30։]
28. Հետեւեալը կ’ապացուցանէ թէ Ժողովողի գրքին գրողը Սողոմոնն էր. (իր անունը կ’երեւի գրքին մէկ ծայրէն միւսը. Աստուածաշունչի միւս գրքերուն գրողները իր անունը կու տան որպէս այս գրքին գրողը. գիրքը ինքնին կը հաստատէ թէ Սողոմոնն է գրողը, առանց իր անունը տալու)։ [Բոլոր Գիրքը էջ 112 § 4]
29. Այն մարդիկը որոնք կը խորհին թէ այժմու անդատապարտելի, ամէն–բան–թոյլատրելի մտայնութիւնը լուսաւորուած ըլլալու ապացոյց է, իրապէս (անվնաս են. հանդուրժող են. հոգեւոր խաւարի մէջ են)։ (Եսայ. 5։20) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 6/1/93 էջ 10։]
30. Երգ Երգոցը ցցուն կ’ընէ (Սողոմոնի դերը որպէս թագաւոր. Սողոմոնի մեծ հարստութիւնը. հովիւի մը հանդէպ գիւղացի աղջկայ մը հաւատարմութիւնը)։ [Բոլոր Գիրքը էջ 115 § 2]
Հետեւեալ համարները համեմատեցէք արտայայտութիւններուն հետ.
Առ. 22։3. Ժող. 7։21, 22. Եսայ. 13։19, 20. Մատթ. 5։23, 24. Կող. 3։18–20, 23, 24
31. Թէեւ Եհովա ինքնաբերաբար իր ժողովուրդը չի պաշտպաներ արկածներէ, քաղաքացիական պայքարէ կամ ոճիրէ, Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած գործնական իմաստութիւնը ի գործ դնելը կրնայ արժէքաւոր ըլլալ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 2/1/92 էջ 15 § 23։]
32. Լաւ պատճառ կայ որ երբեք կասկածի տակ չդնենք ներշնչուած մարգարէութեան կատարումը։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 8/1/93 էջ 5։]
33. Ճշմարիտ Քրիստոնեայ մը կը ջանայ խաղաղ կապեր հաստատել իր եղբայրներուն հետ։ [Պաշտամունք էջ 135 § 10]
34. Ընտանեկան յարաբերութիւններու նկատմամբ յառաջդիմութիւն ձեռք կը ձգուի, ոչ թէ դիմացինէն սպասելով որ ինք բան մը ընէ, այլ մենք մեր ինկած բաժինը լաւ կերպով կատարելով, այսպիսով ցոյց տալով որ մենք անհատապէս աստուածպաշտութիւն ի գործ կը դնենք տան մէջ։ [Պաշտամունք էջ 143 § 10]
35. Անիրապաշտօրէն կատարելութիւն մի ակնկալէք դուք ձեր անձէն կամ ուրիշ անկատար անհատներուն հետ ձեր յարաբերութեան մէջ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 7/1/90 էջ 8։]