Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Գոց գրքերով վերաքաղ այն նիւթերուն որոնք Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի նշանակումներով տրուեցան, այն շաբաթներուն ընթացքին որոնք սկսան Մայիս 6–էն մինչեւ Օգոստոս 19, 1996։ Յատկացուած ժամանակամիջոցին, անջատ թուղթի մը վրայ ձեր կրցածին չափ հարցումներուն պատասխանեցէք։
[Նշմար. Գրաւոր վերաքաղին ընթացքին, միայն Աստուածաշունչը կարելի է գործածել որեւէ հարցումի պատասխանելու համար։ Հարցումներուն յաջորդող աղբիւրները ձեր անձնական հետազօտութեան համար են։ Դիտարանի ակնարկումներէն ոմանք թերեւս չբովանդակեն էջերուն եւ պարբերութիւններուն թիւերը։]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն Շիտակ կամ Սխալ պատասխանեցէք.
1. Ն. Հ. Պարպըրը դաւանեցաւ փրկագինին հաւատալ, թէ Քրիստոս մեզի համար մեռաւ։ Սակայն, ան «փոխանակութեան» գաղափարը մերժեց, թէ Քրիստոս մեր փոխարէն մեռաւ։ [Հրատարակողներ էջ 131 §§ 3, 4 (§§ 2, 3, Արաբերէնով), ստորանշում]
2. ‘Մագոգի Գոգը’ այլաբանական ակնարկում մըն է այս աշխարհի կառավարութիւններուն։ (Եզեկ. 38։2) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 8/15/91 էջ 27 § 2, Անգլերէնով։]
3. Ճիշդ ինչպէս Ոողան Ոողիբային մեծ քոյրն էր, որոնք նկարագրուած են Եզեկիէլ գլուխ 23–ին մէջ, նմանապէս Կաթողիկէութիւնը Բողոքականութեան մեծ քոյրն է, եւ երկու կազմակերպութիւններն ալ իրենք զիրենք պղծած են հոգեւոր շնութիւն գործելով աշխարհի առեւտրական ու քաղաքական ուժերուն հետ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 4/1/89 էջ 30, Անգլերէնով։]
4. Սուրբ Գրութիւնները ուսումնասիրելով, Ռասըլ գիտակցեցաւ որ Քրիստոս ոչ միայն անտեսանելի կերպով պիտի վերադառնար, այլեւ անտեսանելի պիտի մնար, նոյնիսկ երբ իր ներկայութիւնը յայտնէր ամբարիշտներուն վրայ դատաստան ի գործ դնելով։ [Հրատարակողներ էջ 133 § 3]
5. Եհովայի Վկաները կը տեսնեն յստակ ապացոյցը թէ իրենց պատկանած կազմակերպութիւնը մարդոց կազմակերպութիւնը չէ այլ՝ Աստուծոյ, եւ թէ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս՝ զանիկա կ’առաջնորդէ։ [Հրատարակողներ էջ 235 § 5]
6. Յակոբու 4։17 եւ Եզեկիէլ 33։7–9 ներդաշնակ են, ցոյց տալով որ Աստուծոյ համարատու ենք, երբ կը գիտնանք ինչ որ մեզմէ կը պահանջէ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 4/1/93 էջ 7 § 1, Անգլերէնով։]
7. Դանիէլ փաստեց ճշմարիտ մարգարէ մը ըլլալ բացատրելով երազական արձանին նշանակութիւնը, Նաբուգոդոնոսոր Թագաւոր զանիկա իրեն նկարագրելէ ետք։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դանիէլ 2։7–9, 26։]
8. Եզեկիէլ 47։1–ի մէջ նկարագրուած տեսիլքային տաճարէն հոսող ջուրը կը խորհրդանշէ մկրտութեան մաքրելու ոյժը։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 9/1/88 էջ 27 § 20։]
9. Արեան ներարկման նկատմամբ մեր բռնած դիրքը մեր բժշկական գերազանց գիտութեան վրայ հիմնուած է։ [Հրատարակողներ էջ 186 § 2]
10. Թագաւորութեան Ծառայութեան Դպրոցին նպատակն է մարդիկ պատրաստել նշանակուելու համար որպէս ծառաներ։ [Հրատարակողներ էջ 231 § 3]
Հետեւեալ հարցումներուն պատասխանեցէք.
11. Եհովայի Վկաները ինչո՞ւ հաստատ դիրք կը բռնեն շնութեան, պոռնկութեան եւ միասեռականութեան դէմ։ [Հրատարակողներ էջ 173 § 1, էջ 174 § 3]
12. Իրական «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը ո՞վ է եւ ո՞ր տարին ան բնորոշուեցաւ։ (Գաղ. 6։16) [Հրատարակողներ էջ 141 §§ 3, 4]
13. Եհովայի օծեալ Վկաները եւ իրենց ընկերակիցները ի՞նչ կերպով պէտք է Եզեկիէլի նման ըլլան։ (Եզեկ. 11։25) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 9/1/88 էջ 16 § 3։]
14. Եհովայի Վկաներ անունը ինչո՞ւ պարզապէս պիտակ մը չէ։ [Հրատարակողներ էջ 158 § 4]
15. 1962–ին ի՞նչ սկզբունք յստակօրէն զատորոշուեցաւ որ ‘մեր վրայ եղած հեղինակութիւններուն’ հպատակելու մեր հասկացողութիւնը յստակացուց։ (Հռովմ. 13։1–7) [Հրատարակողներ էջ 147 § 3]
16. Աստուածային անուան՝ Եհովայի՝ նշանակութիւնը ի՞նչ է։ [Գիտութիւն էջ 25 § 7]
17. Թէեւ 1931–ին ճանչցուած էինք որպէս Քրիստոնեաներ եւ որպէս Աստուածաշունչի Աշակերտներ, ինչո՞ւ հարկ կար որ Եհովայի Վկաներ յատկանշական անունը որդեգրէինք։ [Հրատարակողներ էջ 150 § 5–էջ 151 § 2 (էջ 151 §§ 2–4, Արաբերէնով)]
18. Երկրին ու Մատթէոս 5։5–ին նկատմամբ ի՞նչ հաւատալիք Եհովայի Վկաները զատած է ամբողջ Քրիստոնեայ Աշխարհէն։ [Հրատարակողներ էջ 161 § 3]
19. Ո՞ր մարգարէն երկրի «շրջանակ»ին ակնարկեց, եւ ասիկա Սուրբ Գրութիւններուն մէջ ո՞ւր գրուած է։ [Գիտութիւն էջ 17 § 14]
20. Գերմանիոյ մէջ Եհովայի Վկաները ինչո՞ւ մերժեցին ըսել. «Հայլ Հիթլէր»։ [Հրատարակողներ էջ 196 § 1]
Հետեւեալ արտայայտութիւնները ամբողջացնելու համար, պէտք եղած բառը կամ նախադասութիւնը հայթայթեցէք.
21. Եզեկիէլ 21։26–ի առ ի կատարում, ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ «բարձր» թագաւորութիւնը ‘ցածցաւ’ կործանուելով ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ –ին, իսկ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ «ցած» թագաւորութիւնները ‘բարձրացան’, երկրին ղեկը անոնց ձգուելով, առանց Աստուծոյ տիպական ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ կողմէ միջամտուելու։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 9/1/88 էջ 19 § 16։]
22. Երբ Դիտարանը «Ընկերութեան» կ’ակնարկէր, ըսել կ’ուզէր ոչ թէ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ , այլ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ իր ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ հետ մէկտեղ։ [Հրատարակողներ էջ 219 § 2]
23. Յունիս 1882 թուակիր Սիօնի Դիտարանը յայտարարեց որ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ եւ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ ոչ թէ մէկ էութիւն մըն են, այլ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ , եւ անոնք մէկ են միայն այն առումով որ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ են, իսկ սուրբ հոգին ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ մը չէ, ճիշդ ինչպէս որ աշխարհի հոգին ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ մը չէ։ [Հրատարակողներ էջ 123 § 4]
24. Բացայայտ էր որ Եհովա իր ծառաներուն ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ մը նշանակած էր, որու մէջ բոլորն ալ կրնային բաժին բերել։ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ ընդառաջում կար։ Շատեր ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ մտցուցին իրենց կեանքին մէջ, որպէսզի այս գործին ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ մասնակցին։ [Հրատարակողներ էջ 213 § 1]
25. Տեսակէտի մէջ բնաւ վերաճշդում չէ եղած այն նպատակով որ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ աւելի ընդունելի ըլլանք, անոր բարոյական նուաստացած արժէքները որդեգրելով։ Ասոր ճիշդ հակառակը, Եհովայի Վկաներու պատմութիւնը ցոյց կու տայ որ փոփոխութիւններ մտցուած են այն նպատակով որ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ աւելի սերտօրէն կառչինք, ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ աւելի նմանինք եւ այսպիսով ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ աւելի ընդունելի ըլլանք։ [Հրատարակողներ էջ 148 § 2]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն մէջէն շիտակ պատասխանը ընտրեցէք.
26. Աստուծոյ գլխաւոր նպատակն է (մարդկութեան փրկութիւնը. Բանսարկուին կործանումը. իր գերիշխանութեան ջատագովումը)։ [Հրատարակողներ էջ 167 § 1]
27. 23 Ապրիլ 1900–ին, (Անգլիոյ. Աւստրալիոյ. Գերմանիոյ) մէջ Դիտարանի Ընկերութեան առաջին մասնաճիւղը հաստատուեցաւ։ [Հրատարակողներ էջ 210 § 3]
28. (Անգլօ–Ամերիկեան Աշխարհակալ Ոյժը. Միացեալ Ազգերը. համաշխարհային քաղաքական իշխանութեան դրութիւնը) Սատանայէն իր հեղինակութիւնը ստացող գազանն է։ (Յայտ. 13։1, 2) [Պատճառաբանել էջ 364 § 2–էջ 365 § 2. կամ էջ 269 § 2–էջ 270 § 1, Արաբերէնով]
29. Տարիներ շարունակ, նոյնիսկ մինչեւ 1935 տարին, կը կարծուէր որ «մեծ բազմութիւն»ը (144,000–ին մէկ մասն. Յիսուսի ոչխարներու եւ այծերու առակին մէջ յիշուած ոչխարներն. երկնային երկրորդական դասակարգ մըն) էր։ [Հրատարակողներ էջ 166 § 4]
30. (Դանիէլ եւ Ովսիա. Յովէլ եւ Ամովս. Եսայի եւ Երեմիա) Բաբելոնի անկումը գուշակեցին։ [Գիտութիւն էջ 18 § 17]
Հետեւեալ համարները արտայայտութիւններուն հետ համեմատեցէք.
Սաղմ. 78։40, 41. Եսայ. 55։10, 11. Դան. 1։8, 11–13. Յովհ. 10։16. Եբր. 10։23–25
31. Նոյնիսկ երբ պարագաները շատ դժուար դարձնեն ժողովներուն ներկայ գտնուիլը, Եհովայի Վկաները կը ջանան կանոնաւորաբար յաճախել։ [Հրատարակողներ էջ 236 § 1]
32. Պատանի Քրիստոնեաները պէտք չէ վարանին հեղինակութիւններուն եւ դասընկերներուն յարգալից կերպով յայտնելու որ իրենց խղճմտանքը պիտի չբռնաբարեն։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 2/1/93 էջ 13 § 17։]
33. Մարդկութեան եւ երկրին նկատմամբ Աստուծոյ սկզբնական նպատակը պիտի իրագործուի։ [Գիտութիւն էջ 9 § 10]
34. Օծեալ դասակարգին եւ մեծ բազմութեան միջեւ մրցակցութիւն չկայ, ո՛չ ալ անհատ մը կը պատճառաբանէ թէ յոյսին կամ դիրքին պատճառաւ մէկը միւսէն աւելի բարձր կամ ցած է։ [Հրատարակողներ էջ 171 § 2 (§ 3, Արաբերէնով)]
35. Աստուած զգացումներ ունի, եւ մեր առած որոշումները իրեն կ’ազդեն։ [Գիտութիւն էջ 14 § 8]