Հաւատքով Քալենք
1 Միլիոնաւոր մարդիկ իրենց նիւթական ստացուածքները իրենց կեանքին առանցքը կը դարձնեն, յիմարօրէն վստահելով հարստութեան խաբէական զօրութեան։ (Մատթ. 13։22) Անոնք խիստ դաս մը կը սորվին, երբ իրենց ստացուածքները կորսուին կամ գողցուին կամ անարժէք դառնան։ Մեզի յորդոր տրուած է որ աւելի իմաստուն ընթացք մը հետապնդենք, հոգեւոր գանձեր փնտռելով։ (Մատթ. 6։19, 20) Ասիկա կը պարփակէ ‘հաւատքով քալել’։—Բ. Կորն. 5։7
2 «Հաւատք» թարգմանուած Յունարէն բառը վստահութեան, հաւաստիութեան, հաստատ համոզումի գաղափարը կը հաղորդէ։ Հաւատքով քալել կը նշանակէ Աստուծոյ վստահելով դժուար պարագաներ դիմագրաւել, մեր քայլերը առաջնորդելու անոր կարողութեան եւ մեր պէտքերը հոգալու անոր յօժարակամութեան ապաւինելով։ Յիսուս կատարեալ օրինակը հանդիսացաւ. ան իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց իրապէս կարեւոր եղող բաներուն վրայ։ (Եբր. 12։2) Նոյնանման կերպով, հարկ է որ մեր սրտերը կեդրոնացած պահենք չերեւցող, հոգեւոր բաներուն վրայ։ (Բ. Կորն. 4։18) Որեւէ ժամանակէ աւելի ի մտի պէտք է ունենանք մեր ներկայ կեանքին անորոշութիւնը ու գիտակցինք որ ամբողջովին Եհովայէ կախեալ ենք։
3 Նաեւ պէտք է հաստատօրէն համոզուած ըլլանք թէ Եհովա իր տեսանելի կազմակերպութեան միջոցաւ մեզ կը ղեկավարէ, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին առաջնորդութեան ներքեւ։ (Մատթ. 24։45–47) Մեր հաւատքը կը ցուցաբերենք երբ ժողովքի մէջ ‘առաջնորդութիւն առնողներուն հնազանդ’ կ’ըլլանք։ (Եբր. 13։17) Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը կը յայտնենք երբ աստուածպետական կարգադրութեան հետ խոնարհութեամբ կը համագործակցինք։ (Ա. Պետ. 5։6) Պէտք է մղուինք լման սրտով թիկունք կանգնելու կազմակերպութեան յանձնուած գործին։ Ասիկա սիրոյ եւ միութեան զօրաւոր կապով մը մեզ աւելի պիտի մօտեցնէ մեր եղբայրներուն։—Ա. Կորն. 1։10
4 Հաւատքը Ինչպէ՛ս Զօրացնել. Թոյլ պէտք չէ տանք որ մեր հաւատքը անշարժութեամբ յատկանշուի։ Զայն զօրացնելու համար մեծ պայքար մղելու կարիքը ունինք։ Ուսումնասիրութեան, աղօթքի ու ժողովներուն մէջ կանոնաւոր ըլլալը պիտի օգնէ մեզի որ մեր հաւատքը զօրացնենք այնպէս որ, Եհովայի օգնութեամբ, կարենայ որեւէ փորձութեան դէմ դնել։ (Եփ. 6։16) Ամէն օր Աստուածաշունչը կարդալու ու ժողովները պատրաստելու լաւ սովորութիւն մը հաստատա՞ծ էք։ Ձեր սորվածին վրայ յաճախ կը խոկաք ու Եհովայի աղօթքով կը մօտենա՞ք։ Սովորութիւն ըրա՞ծ էք բոլոր ժողովներուն ներկայ գտնուիլ ու անոնց մասնակցիլ։—Եբր. 10։23–25
5 Զօրաւոր հաւատքը բարի գործերով կ’ապացուցանուի։ (Յակ. 2։26) Մեր հաւատքը ցուցաբերելու լաւագոյն կերպերէն մէկն է մեր յոյսը ուրիշներուն յայտարարել։ Բարի լուրը բաժնելու պատեհութիւններ կը փնտռէ՞ք։ Ձեր պարագաները կրնա՞ք փոփոխութեան ենթարկել որպէսզի ծառայութեան աւելի մասնակցիք։ Մեր ծառայութեան որակը ու ազդուութիւնը բարելաւելու համար տրուած թելադրութիւնները կը կիրարկէ՞ք։ Անձնական հոգեւոր նպատակակէտեր կը դնէք ու անոնց հասնելու համար ջանք կը թափէ՞ք։
6 Յիսուս զգուշացուց որ կեանքի առօրեայ գործառնութեանց չափազանց միջամուխ չըլլանք ու թոյլ չտանք որ նիւթական կամ անձնասէր շահերը մեր հոգեւոր տեսողութիւնը աղօտեն։ (Ղուկ. 21։34–36) Պէտք է ուշադիր ըլլանք թէ ինչպէ՛ս կը քալենք, որպէսզի հաւատքի կողմանէ նաւակոծութիւն կրելէ խուսափինք։ (Եփ. 5։15. Ա. Տիմ. 1։19) Բոլորս ալ կը յուսանք որ ի վերջոյ կարող ըլլանք յայտարարել թէ ‘բարի պատերազմը պատերազմեցանք, ընթացքը կատարեցինք ու հաւատքը պահեցինք’։—Բ. Տիմ. 4։7