Խօսելու Ու Վարքի Մէջ Օրինակելի Ըլլանք
1 Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսը յորդորեց որ խօսելու ու վարքի մէջ օրինակ հանդիսանայ։ (Ա. Տիմ. 4։12) Մենք ալ պէտք է օրինակելի խօսելակերպ ու վարմունք ցուցաբերենք, մանաւանդ երբ ծառայութեան կը մասնակցինք, քանի որ այսպէս ընելը կ’որոշէ մեր հանդիպած անհատներուն սրտին պիտի հասնի՛նք թէ ոչ։
2 Հարկ է որ լաւ կենցաղավարութեան բոլոր երեսակները ցուցաբերենք, մէջը ըլլալով բարեկրթութիւնը, նկատառութիւնը, ազնուութիւնը, քաղաքավարութիւնն ու փափկանկատութիւնը։ Այս յատկութիւնները ցոլացնելով, ցոյց կու տանք որ կը գիտակցինք որ մեր արարքները ինչպէ՛ս կ’ազդեն ուրիշներու զգացումներուն։ Ծառայութեան մէջ լաւ կենցաղավարութիւնը կրնայ բաղդատուիլ կերակուրին համ տուող համեմներուն հետ։ Առանց ատոնց, օգտակար ճաշը կրնայ անհամ ու անախորժ ըլլալ։ Լաւ կենցաղավարութիւն չցուցաբերելը երբ ուրիշներու հետ կը վարուինք, կրնայ նոյնանման ազդեցութիւն մը ունենալ։—Կող. 4։6
3 Խօսելու մէջ Օրինակելի Ըլլանք. Բարեկամական ժպիտ մը ու ջերմեռանդ բարեւ մը կենսական տարրեր են, երբ բարի լուրը կը ներկայացնենք։ Երբ մեր բացման խօսքը ջերմութեամբ ու անկեղծութեամբ կը համեմենք, տանտիրոջ կը հաղորդենք որ հարազատօրէն իրմով հետաքրքրուած ենք։ Երբ ան կը խօսի, ուշի ուշով մտիկ ըրէք ու անոր կարծիքը յարգեցէք։ Երբ կը խօսիք, փափկանկատ ու քաղցր եղէք։—Բաղդատել Գործք 6։8, ՆԱ։
4 Երբեմն կը հանդիպինք անհատի մը որ կոշտ է, նոյնիսկ՝ կռուազան։ Ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք։ Պետրոս յորդորեց մեզ որ այնպիսի կերպով մը խօսինք որ ‘հեզութիւն ու երկիւղածութիւն’ ցոյց կու տայ։ (Ա. Պետ. 3։15. Հռովմ. 12։17, 18) Յիսուս ըսաւ որ եթէ տանտէր մը կոշտ կերպով Թագաւորութեան պատգամը մերժէ, պարզապէս ‘մեր ոտքերուն փոշին թօթուենք’։ (Մատթ. 10։14) Այսպիսի պարագաներու ներքեւ օրինակելի կենցաղավարութիւն ցուցաբերելը կրնայ վերջապէս հակառակորդին սիրտը կակուղցնել։
5 Վարքի մէջ Օրինակելի Ըլլանք. Խճողուած փողոցներու ու հանրային վայրերու մէջ բարի լուրը քարոզելը կը պահանջէ որ նկատառու ըլլանք, ոչ՝ աղմկարար կամ յամառ, ինչպէս նաեւ անցորդներու երթեւեկին արգելք չըլլանք։ Երբ հետաքրքրուած անհատներու տան մէջ ենք, հարկ է որ պատշաճ նիստուկաց պահպանենք ու վարուինք որպէս քաղցր հիւրեր, անոնց հիւրասիրութիւնը գնահատելով։ Մեզի ընկերակցող երախաները պէտք է տանտիրոջ ու անոր ստացուածքին հանդէպ յարգանք ցուցաբերեն, ինչպէս նաեւ քաղաքավար ըլլան եւ ուշի ուշով մտիկ ընեն երբ կը խօսակցինք։ Եթէ երախաները անկարգապահ են, ասիկա աննպաստ տպաւորութիւն մը պիտի ձգէ։—Առ. 29։15
6 Մեր անձնական երեւոյթը պէտք է ուրիշներուն յայտնի ընէ որ մենք Աստուծոյ Խօսքին ծառաներ ենք։ Մեր հագուածքին ու յարդարանքին մէջ, պէտք է ո՛չ թափթփած ըլլանք, ո՛չ ալ՝ ցուցամոլ։ Բարի լուրին ինչպէս կը վայելէ՝ այնպէս պէտք է մեր երեւոյթը միշտ ըլլայ։ (Բաղդատել Փիլիպպեցիս 1։27։) Մեր երեւոյթին ու սարքին մօտէն ուշադրութիւն ընծայելով, ուրիշներուն գայթակղութեան պատճառ պիտի չըլլանք եւ մեր ծառայութեան մէջ թերութիւն պիտի չգտնեն։ (Բ. Կորն. 6։3, 4) Մեր օրինակելի խօսելակերպը ու վարքը Թագաւորութեան պատգամին գրաւիչ յատկութիւն մը կ’աւելցնեն, Եհովայի փառաբանութիւն բերելով։—Ա. Պետ. 2։12