Աստուծոյ Խօսքը Շիտակ Կը Բացատրէ՞ք
1 Յիսուս Քրիստոս երկրի վրայ ապրած մեծագոյն ուսուցիչն էր։ Անոր խօսելակերպը մարդոց սրտերուն վրայ ազդեցութիւն գործեց, անոնց զգացումները գրգռեց, ու զանոնք բարի գործեր ընելու մղեց։ (Մատթ. 7։28, 29) Ան իր ուսուցումը միշտ Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնեց։ (Ղուկ. 24։44, 45) Ան իր գիտցած ու սորվեցուցած բոլոր բաներուն համար, վարկը Եհովա Աստուծոյ տուաւ։ (Յովհ. 7։16) Յիսուս Աստուծոյ Խօսքը շիտակ բացատրելու մէջ իր հետեւորդներուն հոյակապ օրինակ մը հանդիսացաւ։—Բ. Տիմ. 2։15
2 Պօղոս առաքեալ ալ Աստուծոյ Խօսքը ազդուօրէն բացատրելու մէջ ուշագրաւ օրինակ հանդիսացաւ։ Ան Սուրբ Գրութիւնները ուրիշներուն կարդալէն շատ աւելին ըրաւ. ան իր կարդացածը բացատրեց ու անով պատճառաբանեց, Աստուծոյ Խօսքէն ապացոյցներ ներկայացնելով թէ Յիսուսը՝ Քրիստոսն էր։ (Գործք 17։2–4) Նոյնպէս, Ապօղոս՝ պերճախօս աշակերտը՝ «զօրաւոր էր սուրբ գրքերով», եւ զանոնք շիտակ կը բացատրէր, ճշմարտութիւնը զօրաւոր կերպով ներկայացնելով։—Գործք 18։24, 28
3 Աստուծոյ Խօսքի Ուսուցիչ մը Եղէք. Թագաւորութեան արդի հրատարակողները պարկեշտ սրտով անհատներուն սորվեցնելու մէջ հոյակապ յաջողութիւն գտած են, ուշադրութիւնը Աստուածաշունչին ուղղելով եւ անով պատճառաբանելով։ Առիթով մը, երբ եղբայր մը կը խօսէր պատուելիի մը ու անոր ծուխին պատկանող երեք անհատներուն հետ, կրցաւ Եզեկիէլ 18։4–ը ու յարակից համարներ գործածել ամբարիշտին ու արդարին ճակատագրին մասին պատճառաբանելու համար։ Որպէս արդիւնք, եկեղեցիի անդամներէն ոմանք սկսան ուսումնասիրել, ու անոնցմէ մէկը ի վերջոյ ճշմարտութիւնը ընդունեց։ Ուրիշ առիթով, քրոջմէ մը խնդրուեցաւ որ հետաքրքրուած անհատի մը հակառակող ամուսինին բացատրէ թէ Եհովայի Վկաները ինչո՛ւ Ծնունդը ու տարեդարձները չեն տօներ։ Մինչ քոյրը սուրբ գրային պատասխանները ուղղակիօրէն կը կարդար Պատճառաբանել գրքէն, մարդը համաձայնեցաւ։ Կինը ա՛յնքան ուրախացաւ իր ամուսնոյն ցուցաբերած նպաստաւոր ընդառաջումին համար, որ ըսաւ. «Մենք ասկէ ետք ձեր ժողովներուն պիտի գանք». ամուսինն ալ համաձայնեցաւ։
4 Մատչելի Եղած Օգնութիւնը Գործածեցէք. Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը եւ Ծառայութեան Ժողովին յայտագիրը ընտիր ուղղութիւն կը հայթայթեն, մեզի օգնելով որ Աստուծոյ Խօսքը շիտակ բացատրենք։ Շատ մը հրատարակիչներ գնահատութիւն արտայայտած են թելադրուած այլազան ներկայացումներուն համար, որոնք կը հրատարակուին ու կը ցուցադրուին մեր օգտին համար եւ որոնք այժմէական ու ազդու են։ Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել գիրքը բազմաթիւ գաղափարներ կը բովանդակէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք շիտակ կերպով բացատրել Աստուծոյ Խօսքին մէջ նկատի առնուած 70–է աւելի գլխաւոր նիւթեր։ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը ամփոփումը կ’ընէ Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումներուն, զորս նորեկները պէտք է հասկնան։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Ուղեգրքին 24 եւ 25–րդ ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան թէ հմուտ ուսուցիչները ի՛նչպէս պատշաճ կերպով համարները կը մէջբերեն, կը կարդան ու կը կիրարկեն։ Այս դիւրամատչելի օգնութիւնը պէտք է լաւ կերպով օգտագործենք։
5 Երբ Աստուծոյ Խօսքը շիտակ կը բացատրենք, պիտի նկատենք որ անիկա «կենդանի է ու զօրեղ։ . . . Կը քննէ [մեր քարոզած մարդոց] սրտին խորհուրդները ու մտածումները»։ (Եբր. 4։12) Անոր միջոցաւ մեր ձեռք ձգած յաջողութիւնը պիտի մղէ մեզ որ աւելի համարձակութեամբ ճշմարտութիւնը խօսինք։—Գործք 4։31