Յանձնարարութիւն Մը Ունինք
1 Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց որ ‘բոլոր ազգերէն մարդիկ աշակերտեն’։ (Մատթ. 28։19, ՆԱ) 232 երկիրներու եւ կղզեխումբերու մէջ, Եհովա Աստուածը հինգ միլիոնէ աւելի փառաբանողներ Յիսուսի պատուէրին կատարման կենդանի վկայութիւնն են։ Քարոզելու յանձնարարութիւնը անհատապէս լուրջի կ’առնե՞նք։
2 Բարոյական Պարտաւորութիւն մը. Յանձնարարութիւնը «նախօրօք որոշուած արարքներ կատարելու պատուէր մը»ն է։ Քրիստոս մեզի պատուիրած է քարոզել։ (Գործք 10։42) Պօղոս առաքեալ գիտակցեցաւ որ ասիկա իր վրայ բարի լուրը յայտարարելու անհրաժեշտութիւն մը, կամ բարոյական պարտաւորութիւն մը կը դնէր։ (Ա. Կորն. 9։16) Օրինակ մը տանք. Երեւակայեցէք որ ընկղմող նաւու մը վրայ նաւաստի մըն էք։ Նաւապետը կը հրամայէ որ ճամբորդները զգուշացնէք ու զանոնք առաջնորդէք դէպի ազատարար նաւակները։ Այդ պատուէրը պիտի անտեսէք ու միմիայն դուք ձեզ փրկելու վրա՞յ պիտի կեդրոնանաք։ Անկասկած ո՛չ։ Ուրիշներ ձեզմէ կախեալ են։ Անոնց կեանքը վտանգի տակ է։ Անոնց օգնելու ձեր յանձնարարութիւնը կատարելու բարոյական պարտաւորութիւնը ունիք։
3 Աստուծմէ յանձնարարութիւն ստացած ենք որ ազդարարութիւն մը հնչեցնենք։ Եհովա շուտով իրերու այս ամբարիշտ դրութեան վերջ մը պիտի դնէ։ Միլիոնաւոր կեանքեր վտանգի մէջ են։ Շիտակ պիտի ըլլա՞ր ուրիշներու վրայ գալիք վտանգը անտեսել ու միմիայն հետաքրքրուիլ մեր անձերուն փրկութեամբ։ Անշուշտ ո՛չ։ Մենք բարոյապէս պարտաւորուած ենք ուրիշներու կեանքը փրկելու մէջ մեր մասնակցութիւնը բերելու։—Ա. Տիմ. 4։16
4 Հետեւելիք Հաւատարիմ Օրինակներ. Եզեկիէլ մարգարէն անհաւատարիմ Իսրայելացիներուն ազդարարական պատգամ մը տալու պատասխանատուութիւնը զգաց։ Եհովա ուժգնութեամբ ազդարարեց զինք իր նշանակումը չկատարելուն հետեւանքներուն նկատմամբ. «Երբ ամբարիշտին ըսեմ թէ ‘Անշուշտ պիտի մեռնի՛ս’ ու դուն զանիկա չզգուշացնես . . . , այն ամբարիշտը իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի, բայց անոր արիւնը քու ձեռքէդ պիտի պահանջեմ»։ (Եզեկ. 3։18) Եզեկիէլ հաւատարմօրէն կատարեց իր յանձնարարութիւնը նոյնիսկ սաստիկ հակառակութեան դիմաց։ Հետեւաբար, ան ուրախացաւ երբ Եհովայի դատաստանները գործադրուեցան։
5 Դարեր ետք, Պօղոս առաքեալ քարոզելու իր պատասխանատուութեան մասին գրեց։ Ան յայտարարեց. «Ես անպարտ եմ ամենուն արիւնէն։ Վասնզի ետ չկեցայ Աստուծոյ բոլոր կամքը ձեզի յայտնելէ»։ Պօղոս հրապարակաւ ու տունէ տուն քարոզեց, քանի որ ան գիտակցեցաւ որ եթէ այդպէս չընէր, Աստուծոյ առջեւ արիւնապարտ կրնար ըլլալ։—Գործք 20։20, 26, 27
6 Եզեկիէլի նախանձախնդրութիւնը ունի՞նք։ Պօղոսի նման քարոզելու մղում կը զգա՞նք։ Մեր յանձնարարութիւնը անոնց յանձնարարութեան նման է։ Պէտք է շարունակենք ուրիշները ազդարարելու մեր պատասխանատուութիւնը կատարել, ի հեճուկս անոնց ցուցաբերած անտարբերութեան, անհոգութեան կամ հակառակութեան։ Տակաւին հազարաւորներ կրնան Թագաւորութեան պատգամին ընդառաջել ու ըսել. «Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է»։ (Զաք. 8։23) Աստուծոյ ու մեր ընկերին հանդէպ մեր սէրը թող մղէ մեզ որ չթուլնանք։ Մենք քարոզելու յանձնարարութիւն մը ունինք։