«Այս Է Յաւիտենական Կեանքը»
1 Յովհաննու 17։3–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը լուրջի պէտք է առնուին։ Ան գիտէր ինչ կ’ըսէր. Աստուծոյ ու Քրիստոսի մասին գիտութիւն ստանալը յաւիտենական կեա՛նք կը նշանակէ։ Սակայն, Եհովայի ու Յիսուսի մասին մի՛միայն գիտութիւն ստանալո՞վ է որ յաւիտենական կեանքով պիտի վարձատրուինք։ Ո՛չ. Իսրայելացիները գիտէին որ Եհովա իրենց Աստուածն էր, սակայն ատոր համաձայն կեանք մը չվարեցին։ Որպէս արդիւնք, անոնք իր հաճութիւնը կորսնցուցին։ (Ովս. 4։1, 2, 6) Այսօր միլիոնաւոր մարդիկ թերեւս «Աստուծոյ համար նախանձախնդիրներ են, թէեւ ո՛չ գիտակցաբար [ճշգրիտ գիտութեան համաձայն, ՆԱ]»։ (Հռովմ. 10։2) Անոնք կարիքը ունին ճանչնալու Եհովան՝ որպէս «միմիայն ճշմարիտ Աստուած»ը՝ եւ սորվելու անոր պատշաճ կերպով ծառայելու կերպը։ Ասիկա իրագործելու համար, Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին պիտի ներկայացնենք Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը։ Գիտութիւն գիրքը ներկայացնելու համար ի՞նչ մօտեցում պիտի գործածէք։ Հետեւեալ կարգ մը թելադրութիւնները կրնան օգնել ձեզի։
2 Քանի որ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու գաղափարը մարդոց մեծամասնութեան համար նորութիւն մըն է, այս մօտեցումը կրնայ անոնց ուշադրութիւնը գրաւել.
◼ «Մեր դրացիներուն հարցում մը կը հարցնենք։ Եթէ այսպիսի երկրի մը վրայ յաւիտեան ապրելու հրաւէր տրուէր ձեզի, այդ հրաւէրը կ’ընդունէի՞ք։ [Ցոյց տուէք Գիտութիւն գրքին էջ 4–5–ի վրայ եղող պատկերը։ Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Իրապէս կրնաք այսպիսի ուրախ կեանք մը ձեռք ձգել։ Սակայն ըստ ձեզի, ի՞նչ պէտք է ընէք որպէսզի ատիկա ձեզի համար իրականութիւն մը դառնայ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Նկատի առէք թէ ի՞նչ կը պահանջուի, Յովհաննու 17։3–ի համաձայն։ [Կարդացէք։] Այս գիրքը շատերուն կ’օգնէ որ այս մասնայատուկ գիտութիւնը ձեռք ձգեն։ Կը փափաքի՞ք անձնական օրինակ մը ունենալ այս գրքէն։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Յաջորդ այցելութեանս, կրնանք նկատի առնել թէ ինչո՛ւ համար տրամաբանական է հաւատալ որ կրնանք յաւիտենական կեանք ձեռք ձգել հո՛ս՝ այս երկրի վրայ»։
3 Երբ վերայցելէք անոնց որոնց հետ նկատի առիք Յովհաննու 17։3–ը, կրնաք այս կերպով սկսիլ.
◼ «Անցեալ այցելութեանս, ձեզի կարդացի Յովհաննու 17։3–ի մէջ Յիսուսի հիանալի խօսքերը, ուր ան մեզ վստահեցուց թէ Աստուծոյ ու իր մասին գիտութիւն ստանալը յաւիտենական կեանք կը նշանակէ։ Սակայն շատեր կը հաւատան որ աւելի լաւ կեանք մը կարելի է ձեռք ձգել մի՛միայն երկնքի մէջ։ Ի՞նչ կը խորհիք այս մասին։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Եթէ ձեզի տուած գիրքս ձեռքի տակ է, կը փափաքիմ ձեզի ցոյց տալ կարգ մը սուրբ գրային համարներ որոնք կ’ապացուցանեն որ Դրախտը երկրի վրայ պիտի վերահաստատուի։ [Նկատի առէք Գիտութիւն գրքին էջ 9–10–ին, 11–16–րդ պարբերութիւնները։] Յաջորդ այցելութեանս, կը փափաքիմ ձեզի ցոյց տալ որ Աստուածաշունչին մէջ գտնուած այս խոստումներուն ինչո՛ւ կրնաք վստահիլ։ Այդ միջոցին թերեւս կարենաք կարդալ 2–րդ գլուխը, ձեր անձնական օրինակին մէջէն»։
4 Հետեւեալ ներկայացումը թերեւս փափաքիք գործածել կրօնասէր անհատներուն.
◼ «Մեր դրացիներուն հետ կը խօսակցէինք թէ ինչո՞ւ այսքան շատ տեսակաւոր կրօնքներ կան աշխարհի մէջ։ Միմիայն Միացեալ Նահանգներու մէջ մօտ 1,200 կրօնական յարանուանութիւններ կան, իսկ համայն աշխարհի մէջ՝ աւելի քան 10,000։ Բայց եւ այնպէս, միայն մէկ Աստուածաշունչ գոյութիւն ունի։ Ըստ ձեզի, արդեօք ինչո՞ւ կրօնքներու այս խառնակութիւնը։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Բացէք Գիտութիւն գրքին 5–րդ գլուխը ու կարդացէք առաջին պարբերութիւնը։] Այս գլուխը ընթերցելով այդ հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխաններ պիտի ստանաք։ Այս գիրքը սիրով ձեր քով կրնամ ձգել, եթէ կ’ուզէք աչքէ անցընել»։ Եթէ զայն ընդունի, վերադառնալու հաստատ կարգադրութիւններ ըրէք, ապա աւելցուցէք. «Երբ վերադառնամ, թերեւս նկատի առնենք թէ արդեօք բոլոր կրօնքները պարզապէս միեւնոյն վայրը առաջնորդող տարբեր ճամբանե՞ր են»։
5 Երբ վերադառնաք, նկատի առնելու համար թէ ինչո՛ւ այսքան շատ կրօնքներ կան, կրնաք հետեւեալը ըսել.
◼ «Երբ վերջին անգամ ձեր հետ խօսեցայ, հարցում մը յարուցի, թէ արդեօք բոլոր կրօնքները պարզապէս միեւնոյն վայրը առաջնորդող տարբեր ճամբանե՞ր են թէ ոչ։ Այս մասին ի՞նչ կը խորհիք։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Ձեր քով իմ ձգած գրքին մէջէն կը փափաքիմ ցոյց տալ ինչ որ Յիսուս ըսաւ այս նիւթին շուրջ։ [Բացէք Գիտութիւն գրքին 5–րդ գլուխը ու կարդացէք 6–7–րդ պարբերութիւնները, ի ներառեալ Մատթէոս 7։21–23։] Թերեւս հարց տաք թէ ինչո՞ւ այսքան կարեւոր է գիտնալ թէ ճի՛շդ ինչ է Աստուծոյ կամքը։ Յաջորդ պարբերութիւններուն մէջ շատ տեղեկութիւն պիտի գտնէք։ Հաճեցէք կարդալ այս գլուխին մնացեալ մասը։ Յաջորդ այցելութեանս, հաճոյքով կրնամ ձեզի ցոյց տալ Աստուածաշունչի ճշգրիտ գիտութիւն ունենալուն արժէքը»։
6 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար ուղղակի մօտեցումը յաճախ կը յաջողի։ Ահաւասիկ թելադրուած ներկայացում մը, որ «Պատճառաբանել» գրքին էջ 12–ի [էջ 11, Արաբ.] վրայ կը գտնէք.
◼ «Այցելութեանս նպատակն է տան մէջ Աստուածաշունչի ձրի դասընթացք մը առաջարկել։ Եթէ կարելի է, կը փափաքիմ ձեր ժամանակէն մի քանի վայրկեան առնել, ցոյց տալու համար թէ ի՛նչպէս շուրջ 200 երկիրներու մէջ մարդիկ իրենց տուներուն մէջ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեն ընտանիօք։ Կրնանք այս բնաբաններէն որեւէ մէկը գործածել մեր խօսակցութեան որպէս հիմ։ [Ցոյց տուէք Գիտութիւն գրքին բովանդակութեան ցանկը։] Ասոնցմէ ո՞ր մէկը ձեզ յատկապէս կը հետաքրքրէ»։ Սպասեցէք որ անհատը ընտրութիւն մը ընէ։ Բացէք անոր ընտրած գլուխը, ու առաջին պարբերութենէն իսկ ուսումնասիրութիւնը սկսեցէք։
7 Ահաւասիկ ուրիշ յաջող ուղղակի մօտեցում մը, որ կրնաք փորձել ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար.
◼ «Ես ձրիօրէն Աստուածաշունչի դասեր կու տամ ու յայտագրիս մէջ ազատ ժամանակ ունիմ յաւելեալ աշակերտներու համար։ Ասիկա մեր գործածած Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակող գիրքն է։ [Ցոյց տուէք Գիտութիւն գիրքը։] Դասընթացքը միայն քանի մը ամիս կը տեւէ եւ պատասխաններ կը հայթայթէ այսպիսի հարցումներու. Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը։ Ինչո՞ւ կը ծերանանք ու կը մեռնինք։ Ի՞նչ կը պատահի մեր սիրելի ննջեցեալներուն։ Եւ ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ մօտենալ»։ Ապա հարցուցէք. «Կրնա՞մ ձեզի ցոյց տալ թէ ուսումնասիրութիւնը ի՛նչպէս կ’ըլլայ»։ Եթէ անհատը մերժէ ուսումնասիրութեան առաջարկը, հարցուցէք եթէ ան կը փափաքի Գիտութիւն գիրքը ունենալ անհատապէս կարդալու համար։ Եթէ խոստանայ զայն կարդալ, անոր քով օրինակ մը ձգեցէք։
8 Աստուծոյ ու Քրիստոսի մասին ճշգրիտ գիտութիւնը մե՜ծ գանձ մըն է զայն ստացողներուն համար։ Այս գիտութիւնը ստանալը իրապէս կատարեալ պայմաններու ներքեւ յաւիտենական կեանք կը նշանակէ։ Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին ամէն պատեհութիւն օգտագործենք ուրիշներու հետ բաժնելու յաւիտենական կեանքի առաջնորդող գիտութիւնը։