Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/01 էջ 1
  • Աստուծոյ Խօսքը Շիտակ Բացատրեցէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուծոյ Խօսքը Շիտակ Բացատրեցէք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուծոյ Խօսքը Շիտակ Կը Բացատրէ՞ք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • «Հոգիին սուրը» հմտօրէն գործածէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Աստուծոյ Խօսքը կը ջատագովե՞ս
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Ուսուցումիդ մէջ համոզիչ եղիր
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
թծ 12/01 էջ 1

Աստուծոյ Խօսքը Շիտակ Բացատրեցէք

1 Բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը վկայելու ժամանակ, «Փիլիպպոս իր բերանը բացաւ եւ գրքին [որոշ մէկ] խօսքէն սկսելով՝ Յիսուսը քարոզեց անոր»։ (Գործք 8։35) Փիլիպպոս ‘ճշմարտութեան խօսքը շիտակ կը բացատրէր’։ (Բ. Տիմ. 2։15) Սակայն ներկայիս, ճամբորդող տեսուչներ նկատած են թէ բազմաթիւ հրատարակիչներ հազուադէպօրէն կը գործածեն Աստուածաշունչը վկայութիւն տալու ժամանակ։ Ձեր ծառայութեան մէջ Աստուածաշունչը կը գործածէ՞ք։

2 Աստուծոյ Խօսքը մեր հաւատացած եւ ուսուցանած ամէն բաներուն աղբիւրն է։ (Բ. Տիմ. 3։16, 17) Անիկա է որ մարդիկը Եհովայի կը քաշէ եւ զանոնք կեանքի համար կը դաստիարակէ։ Ասոր համար կարեւոր է որ մեր ծառայութեան մէջ Աստուածաշունչը գործածենք, փոխանակ պարզապէս խօսելու մեզ հետաքրքրող նիւթերու մասին։ (Եբր. 4։12) Քանի որ մարդոց մեծամասնութիւնը Աստուածաշունչին մասին քիչ բան գիտէ, պէտք է անկէ կարդանք, անոնց ցոյց տալու համար անոր ներկայացուցած գործնական առաջնորդութիւնը եւ մարդկութեան համար վերապահած ապագան։

3 Աստուածաշունչէն Ուղղակիօրէն Կարդացէք. Թերեւս փորձէք դրան մը մօտենալ առանց ծառայութեան մեծ պայուսակ մը կրելու։ Այն գրականութիւնը որ կը փափաքիք ներկայացնել, կրնաք պզտիկ պայուսակի մը մէջ դնել, իսկ Աստուածաշունչը կրնաք ձեր ձեռքը բռնել կամ գրպանը դնել։ Ապա, երբ մէկու մը հետ խօսակցութեան սկսիք, կրնաք Աստուածաշունչը բանալ, առանց անհատին զգացնել տալու թէ կը փորձէք քարոզ մը կարդալ։ Այնպիսի տեղ մը կեցէք որ ձեր ունկնդիրը կարենայ հետեւիլ մինչ ձեր Աստուածաշունչէն կը կարդաք։ Թերեւս իրմէ խնդրէք որ համարը ինք կարդայ բարձրաձայն։ Աւելի խոր տպաւորութիւն մը կը ձգուի, երբ ան կարենայ տեսնել թէ Աստուածաշո՛ւնչը ինչ կ’ըսէ, փոխանակ զայն պարզապէս ձեզմէ լսելու։ Անշուշտ, իրեն օգնելու համար որ համարին բուն կէտը հասկնայ, գաղափարը հաղորդող բառերը շեշտեցէք։

4 Մէկ Համարով Ներկայացում մը. Դուք ձեզ ծանօթացնելէ ետք, կրնաք ըսել. «Մարդիկ զանազան աղբիւրներու կը դիմեն իրենց կեանքին մէջ առաջնորդութիւն ստանալու համար։ Ձեր կարծիքով, գործնական առաջնորդութեան լաւագոյն աղբիւրը ի՞նչ է։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Ի՞նչ կը խորհիք այս խօսքին մասին։ [Կարդացէք Առակաց 2։6, 7, եւ թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Մարդկային իմաստութիւնը ցաւալիօրէն թերի եղած է, շատերը յուսահատութեան առաջնորդելով։ Սակայն, Աստուծոյ իմաստութիւնը, միշտ վստահելի եւ օգտակար եղած է»։ Ապա ցոյց տուէք ձեր ներկայացնելիք գրականութիւնը, եւ անոր մէջէն աչքառու դարձուցէք Աստուծոյ գործնական իմաստութեան մէկ օրինակը։

5 Յիսուս Սուրբ Գրութիւնները գործածեց պարկեշտ սիրտ ունեցողներուն օգնելու համար։ (Ղուկ. 24։32) Պօղոս իր սորվեցուցած բաները սուրբ գրային համարներով ապացուցանեց։ (Գործք 17։2, 3) Ծառայութեան մէջ մեր վստահութիւնը եւ ուրախութիւնը պիտի աւելնան, մինչ Աստուծոյ Խօսքը շիտակ բացատրելու մէջ ա՛լ աւելի հմուտ կը դառնանք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել