Ուսուցումիդ մէջ համոզիչ եղիր
1. Ծառայութեան մէջ Աստուծոյ Խօսքը ազդուօրէն գործածելը՝ յաճախ ի՞նչ կը պարփակէ։
1 Ազդու քարոզիչներ, ինչպէս Պօղոս առաքեալ, կը գիտակցին թէ «ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելը» կը պարփակէ շատ աւելին քան՝ Սուրբ Գրութիւններէն պարզապէս մէջբերում ընելը (Բ. Տիմ. 2։15)։ Երբ Աստուծոյ Խօսքը կը գործածենք, ինչպէ՞ս կրնանք մեր ուսուցումին մէջ ‘համոզում’ գործածել (Գործք 28։23)։
2. Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ գնահատութիւն աւելցնել։
2 Ձգէ որ Աստուծոյ Խօսքը խօսի։ Նախ եւ առաջ, ուշադրութիւնը Աստուածաշունչին ուղղէ, այնպէս մը որ անոր բովանդակած աստուածային իմաստութեան հանդէպ յարգանք յառաջանայ։ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ մեր վստահութիւնը կրնայ ունկնդիրը մղել, որ համարի մը ընթերցանութեան լուրջ ուշադրութիւն ընծայէ (Եբ. 4։12)։ Կրնանք պարզապէս ըսել. «Օգտակար գտած եմ այս հարցին շուրջ Աստուծոյ խորհուրդին դիմել։ Նկատէ թէ իր Խօսքը ի՛նչ կ’ըսէ»։ Երբոր կարելի է, ձգէ որ Աստուծոյ Խօսքը խօսի, անկէ ուղղակիօրէն կարդալով։
3. Համար մը կարդալէ ետք, ի՞նչ կրնանք ընել որ ունկնդիրը անոր իմաստը ըմբռնէ։
3 Երկրորդ, գործածուած համարը բացատրէ։ Շատեր դժուարաւ կը հասկնան համար մը, երբ առաջին անգամ կարդացուի։ Համարը կիրարկելու համար, յաճախ անոր բացատրութիւնը պէտք է տրուի (Ղուկ. 24։26, 27)։ Բանալի բառերը անջատէ։ Իսկ հարցում մը ուղղելով կրնաս հաստատել, թէ կէտը յստակօրէն հասկցուեցաւ (Առ. 20։5. Գործք 8։30, 31)։
4. Մեր ուսուցումին մէջ համոզիչ ըլլալու համար, ո՞ր վերջին քայլը անհրաժեշտ է։
4 Համարին մասին պատճառաբանէ։ Երրորդ, ջանա՛ մտքին ու սրտին հասնիլ։ Տանտիրոջ օգնէ տեսնելու, թէ համարը իրեն ինչպէ՛ս կը կիրարկուի։ Համարներուն շուրջ պատճառաբանելը կրնայ անհատը համոզել, որ իր մտածելակերպը փոխէ (Գործք 17։2-4. 19։8)։ Օրինակ՝ Սաղմոս 83։18–ը կարդալէ ետք, կրնաս պատճառաբանել թէ մէկու մը անունը գիտնալը, անձնական փոխյարաբերութիւն մշակելու համար ո՜րքան էական է։ Ապա հարցուր. «Կը զգա՞ս թէ Աստուծոյ անունը գիտնալը աղօթքներդ աւելի իմաստալից պիտի դարձնէ»։ Համարը այս կերպով տանտիրոջ անձնական կեանքին առնչելը, անոր գործնական արժէքը ցոյց կու տայ։ Աստուծոյ Խօսքին հիման վրայ համոզիչ ուսուցումը կը մղէ պարկեշտամիտ անհատները, որ ճշմարիտ եւ ապրող Աստուածը՝ Եհովան պաշտեն (Եր. 10։10)։