Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 2/01 էջ 1
  • Ուրիշները Ի՛նչպէս Համոզել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ուրիշները Ի՛նչպէս Համոզել
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ուրիշներու օգնեցէք որ Թագաւորութեան պատգամը ընդունին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
  • Ուսուցումիդ մէջ համոզիչ եղիր
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
  • Ինչպէ՞ս պէտք է պատասխանենք իւրաքանչիւրին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Աստուածաշունչը բացայայտօրէն կը սորվեցնէ՞ զայն
    Պէ՞տք է հաւատաք Երրորդութեան
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
թծ 2/01 էջ 1

Ուրիշները Ի՛նչպէս Համոզել

1 Պօղոս առաքեալ համոզող քարոզիչ մը ըլլալու համբաւը շահած էր։ (Գործք 19։26) Նոյնիսկ Ագրիպպաս Թագաւորը իրեն ըսաւ. «Քիչ մնաց որ զիս համոզես Քրիստոնեայ ըլլալու»։ (Գործք 26։28) Ի՞նչ բան Պօղոսի ծառայութիւնը այսքան համոզիչ դարձուց։ Ան տրամաբանական պատճառաբանութիւններ կու տար Սուրբ Գրութիւններէն, առարկութիւնները իր ունկնդիրներուն յարմարեցնելով։—Գործք 28։23

2 Պօղոսը ընդօրինակելով, մենք ալ մեր ծառայութեան մէջ համոզիչ պէտք է ըլլանք։ Ի՞նչպէս։ Ուրիշներուն հետ խօսելու եւ անոնց մտիկ ընելու ժամանակ ներատեսութիւն գործածելով։ (Առ. 16։23, ՆԱ) Երեք կարեւոր քայլեր ասիկա իրագործելու պիտի օգնեն։

3 Ուշադրութեամբ Մտիկ Ըրէք. Մինչ դիմացի անհատը կը խօսի անոր մտիկ ըրէք, որպէսզի հասարակաց գետին մը գտնելով կարենաք անոր վրայ շինել։ Երբ ան առարկութիւն մը յարուցանէ, փորձեցէք անոր դրդապատճառը հասկնալ։ Ասիկա կ’օգնէ գիտնալու թէ ան ճիշդ ի՛նչ բանի կը հաւատայ, ինչո՛ւ կը հաւատայ անոր եւ ի՛նչ բան զինք համոզած է։ (Առ. 18։13) Փափկանկատօրէն մղեցէք որ արտայայտուի։

4 Հարցումներ Հարցուցէք. Եթէ անհատ մը արտայայտուի թէ Երրորդութեան կը հաւատայ, կրնաք անոր հարցնել. «Մի՞շտ հաւատացած էք Երրորդութեան»։ Ապա հարցուցէք. «Այս նիւթին շուրջ Աստուածաշունչին ըսածը գիտնալու համար երբեք խոր ուսումնասիրութիւն ըրա՞ծ էք»։ Կրնաք նաեւ հարցնել. «Եթէ Աստուած Երրորդութեան մէկ մասն է, պէտք չէ ՞ ակնկալենք որ Աստուածաշունչը բացայայտօրէն ըսէ ասիկա»։ Ձեր ստացած պատասխանները ձեզի պիտի օգնեն անհատին հետ պատճառաբանելու թէ Սուրբ Գրութիւնները այս մասին ի՛նչ կ’ըսեն։

5 Առողջ Պատճառաբանութիւն Գործածեցէք. Յիսուսի Աստուած ըլլալուն հաւատացող տիկնոջ մը, Վկայ մը հարցուց. ‘Եթէ փորձէք օրինակ մը տալ թէ երկու անհատներ իրարու հաւասար են, ընտանեկան ո՞ր կապը պիտի գործածէիք’։ Ան պատասխանեց. «Երկու եղբայրներու օրինակը պիտի գործածէի»։ Ապա Վկան աւելցուց. «Թերեւս նոյնիսկ երկուորեակի մը օրինակը գործածէիք։ Սակայն, երբ Յիսուս մեզի սորվեցուց որ Աստուած նկատենք որպէս Հայրը, իսկ զինք որպէս Որդին, ան ի՞նչ պատգամ կ’ուզէր հաղորդել»։ Կինը հասկցաւ կէտը, թէ մէկը աւելի մեծ էր եւ աւելի հեղինակութիւն ունէր։ (Մատթ. 20։23. Յովհ. 14։28. 20։17) Համոզումի արուեստով անոր մտքին ու սրտին թափանցուեցաւ։

6 Անշուշտ, մեր ներկայացումը որքան ալ տրամաբանական եւ ճշգրիտ ըլլայ, ամէն ոք ճշմարտութեան պիտի չընդառաջէ։ Սակայն, Պօղոսի նման, թող որ մեր թաղամասին մէջ ժրաջանօրէն փնտռենք պարկեշտ սիրտ ունեցողները, զանոնք համոզելով որ Թագաւորութեան պատգամը ընդունին։—Գործք 19։8

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել