Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 5/07 էջ 1
  • Աստուծոյ Խօսքը կը ջատագովե՞ս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուծոյ Խօսքը կը ջատագովե՞ս
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ուսուցումիդ մէջ համոզիչ եղիր
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
  • Քաջալերել Սուրբ Գիրք Գործածել
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • ‘Աստուծոյ խօսքը զօրեղ է’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Պարբերաթերթի ներկայացում մը ի՛նչպէս պատրաստել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
թծ 5/07 էջ 1

Աստուծոյ Խօսքը կը ջատագովե՞ս

1 Աստուածաշունչը յաճախ վարկաբեկող աշխարհի մը մէջ, ճշմարիտ Քրիստոնեաները Աստուծոյ Խօսքը նախանձախնդրօրէն կը պաշտպանեն։ Համոզուած ըլլալով թէ «բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է», կը համաձայնինք Յիսուս Քրիստոսի հետ, որ Եհովայի մատուցած իր աղօթքին մէջ վկայեց՝ ըսելով. «Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է»։ (Բ. Տիմ. 3։16. Յովհ. 17։17) Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ Խօսքը ազդուօրէն ջատագովել։

2 Համարներ սորվէ. Անտարակոյս, Յիսուս Աստուծոյ Խօսքը ժրաջանօրէն ուսումնասիրեց։ Ասիկա զինք կարող դարձուց որ իր ծառայութեան ընթացքին Սուրբ Գրութիւններէն սորվեցնէ։ (Ղուկ. 4։16-21. 24։44-46) Ի՞նչպէս կրնանք մեր յիշողութեան մէջ համարներու օգտակար պաշար մը ունենալ։ Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալով, ապա խոկալով համարի մը վրայ, որ յատկապէս քաջալերական կամ ծառայութեան համար օգտալից գտանք։ Երբ ժողովներու համար կը նախապատրաստուինք, պէտք է նշուած համարները ուղղակի կարդանք Աստուածաշունչէն եւ թերեւս անոնց մասին մեկնաբանութիւն մը պատրաստենք։ Երբ ժողովներու ներկայ կը գտնուինք, պէտք է մեր Աստուածաշունչը բանանք եւ դասախօսին հետեւինք, մինչ համարները կը կարդայ։ Համարներ սորվիլը մեզ պիտի պատրաստէ «ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրել»ու։—Բ. Տիմ. 2։15

3 Թոյլ տուր որ Աստուածաշունչը խօսի. Մինչ կը ծառայենք՝ թոյլ պէտք է տանք որ Աստուածաշունչը խօսի։ Օրինակ, եթէ պարագաները ներեն, պէտք է ջանանք տանտիրոջ համար մը կարդալ։ Եթէ ան հարցում մը ուղղէ կամ առարկութիւն մը ներկայացնէ, լաւագոյն բանն է՝ Աստուածաշունչը գործածել պատասխան մը տալու համար։ Երբ տանտէրը զբաղած է, տակաւին կրնանք աստուածաշնչական գաղափար մը ցցուն ընել, ըսելով. «Մեկնելէ առաջ, թոյլ տուր որ քեզի այս մէկ համարը կարդամ»։ Հոն ուր կարելի է, ուղղակի Աստուածաշունչէն կարդա՛, թոյլ տալով որ ունկնդիրը քեզի հետեւի։

4 Երբ տանտիրոջ մը ցոյց տրուեցան Երրորդութիւնը հերքող համարներ, ան բացագանչեց. «Կեանքիս ամբողջ տեւողութեան եկեղեցի յաճախած եմ, բայց երբեք չէի գիտեր որ Աստուածաշունչը այսպէս կ’ըսէ»։ Ան անմիջապէս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց։ Յիսուս ըսաւ թէ իր ոչխարները իր ձայնը պիտի լսեն։ (Յովհ. 10։16, 27) Պարկեշտամիտ անհատներու համար ճշմարտութիւնը ճանչնալու լաւագոյն կերպը այն է՝ որ զայն ուղղակիօրէն Սուրբ Գրութիւններէն տեսնեն։ Հետեւաբար, թող Աստուծոյ ճշմարտութեան Խօսքին ջատագովներն ըլլանք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել