Ծառայութեան Ժողովներ Նոյեմբեր Ամսուան Համար
Նոյեմբեր 4–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 32
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Վերաքաղ ըրէ երկրին ու տեղական ժողովքին Օգոստոս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագրութիւնը։
15 վյրկ. «Աստուծոյ Խօսքը Շիտակ կը Բացատրէ՞ք»։ Հարց պատասխանով։ Պարփակէ մեկնաբանութիւններ՝ «Աստուածաշունչը նկատի առնելու պատճառներ» ենթագլուխէն, Պատճառաբանել, էջ 58–60 (Անգլ.) [էջ 330–332, Արաբ.]։
20 վյրկ. «Այս Է Յաւիտենական Կեանքը»։ (Պարբերութիւն 1–5) Առաջին պարբերութեան մասին բացման համառօտ մեկնաբանութիւններ ընելէ ետք, թող երկու ատակ հրատարակիչներ ցուցադրեն 2–5–րդ պարբերութիւններուն մէջ եղող ներկայացումները։ Անոնց վերյիշեցուր որ նուիրատուութեան կարգադրութիւնը յիշեն երբ անհատի մը գրականութիւն մը կը տեղաւորեն։ Շեշտէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու նպատակակէտը։
Երգեցողութիւն թիւ 143 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 11–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 13
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիրը։
20 վյրկ. Եհովայի Ինչո՞ւ Տանք։ Խօսակցութիւն երկու երէցներու միջեւ, աչքառու դարձնելով Դիտարան Նոյեմբեր 1, 1996–ի Անգլերէն համարին էջ 28–31–ի մէջ եղող յօդուածին գլխաւոր կէտերը։ Կամ, միեւնոյն տեղեկութիւնը կրնայ ներկայացուիլ երէցի մը կողմէ՝ դասախօսութեան ձեւով։
15 վյրկ. «Այս Է Յաւիտենական Կեանքը»։ (Պարբերութիւն 6–8) Նկատի առ ուղղակի առաջարկով ուսումնասիրութիւններ սկսելու առաւելութիւնները։ Թող փորձառու հրատարակիչներ ցուցադրեն 6–7–րդ պարբերութիւններուն ներկայացումները։ Ներկաները հրաւիրէ որ պարագաներ պատմեն, երբ ուսումնասիրութիւն մը սկսուած է առաջին հանդիպումին իսկ։ Երբ մարդու մը ուղղակիօրէն ուսումնասիրութիւն մը առաջարկուեցաւ, ան պատասխանեց. «Այո՛։ Հրամմեցէք ներս։ Կը փափաքիմ ուսումնասիրել»։ Ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ անոր հետ, յաջորդ շաբաթ անոր բոլոր ընտանիքը ներկայ եղաւ ուսումնասիրութեան, եւ շուտով բոլորն ալ սկսան ժողովներու յաճախել ու վկայութեան գործին մասնակցիլ։ Բոլորը քաջալերէ որ իրենց հետ Յունիս 1996–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան յաւելուածականը բերեն, յաջորդ շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին։
Երգեցողութիւն թիւ 129 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 18–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 204
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Վերաքաղ ըրէ Նոյեմբեր 28–ի աշխարհային արձակուրդի ընթացքին ըլլալիք դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւնները։
15 վյրկ. «Յանձնարարութիւն մը Ունինք»։ Հարց պատասխանով։ Ամփոփ կերպով մեկնաբանութիւններ ըրէ Դիտարան Յունուար 1, 1988–ի Անգլերէն համարէն, էջ 28–29, պարբերութիւն 13–16։
20 վյրկ. Աստուածաշունչի Յառաջդիմական Ուսումնասիրութիւններ Վարենք։ Ծառայութեան տեսուչին կողմէ դասախօսութիւն։ Մէկ տարիէն աւելի եղաւ որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան գործին մէջ Գիտութիւն գիրքը կը գործածենք։ Շատ Հաւանաբար աշակերտներէն ոմանք արդէն զայն ամբողջացուցին, մինչ ուրիշներ բաւական յառաջացած են անոր մէջ։ Մեզի քաջալերութիւն տրուեցաւ որ ջանանք այնպիսի ուսումնասիրութիւններ վարել, որոնք ծրագրուած են նորեկներուն օգնելու որ ճշմարտութիւնը արագօրէն սորվին, զայն իրենց կեանքին մէջ ի գործ դնեն, ու ժողովքին մէկ մասը ըլլան։ Յունիս 1996–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան յաւելուածականը ընտիր թելադրութիւններ տուաւ, մեզի օգնելով որ որպէս ուսուցիչներ ազդու ըլլանք։ Հակիրճօրէն վերաքաղ ըրէ այն կարգ մը բաները զորս կրնանք ընել աշակերտներուն ճարտարութեամբ սորվեցնելու, ինչպէս յիշուած է այդ յաւելուածականին 3–13–րդ պարբերութիւններուն մէջ։ Ապա, շեշտէ թէ ի՛նչ պէտք է ընել անոնց օգնելու որ դրական կեցուածք մը առնեն, ինչպէս 14–22–րդ պարբերութիւնները կը յիշեն։ Կարդա 15, 17, 20–21–րդ պարբերութիւնները։ Վերաքաղ ըրէ կարգ մը դրական տեղեկագրութիւններ որոնք ցոյց կու տան թէ տեղական հրատարակիչները որքան հոյակապ արդիւնքներ ձեռք ձգած են։ Քաջալերութիւն տուր որ աւելի շատ անհատներ մասնակցութիւն բերեն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան գործին։
Երգեցողութիւն թիւ 85 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 25–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 46
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. «Ուրիշներուն Հետ Բաժնեկցինք Անոնց Կարիքներուն Համաձայն»։ Դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ։
10 վյրկ. Հարցումի Տուփ։ Նիւթը ներկաներուն հետ նկատի առնել։
15 վյրկ. Վերաքաղ Ընենք Դեկտեմբեր Ամսուան Ներկայացուելիք Գրականութիւնները։ Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը եւ Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց գիրքը պիտի ներկայացնենք։ «Բոլոր Գիրքը» գրքին 327–331–րդ էջերը գործածելով, ցոյց տուր Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան գերազանցելի ըլլալը. անիկա կը մեծարէ ու կը փառաւորէ աստուածային անունը (պարբերութիւն 1–2). անոր բարելաւուած թարգմանութիւնը, աւելի հասկնալի կը դարձնէ ընթերցանութիւնը (պարբերութիւն 6). անիկա ծառայութեան մէջ գործածուելու ազդու գործիք մըն է (պարբերութիւն 22–23)։ Ուրուագծէ ու ցուցադրէ հակիրճ ներկայացում մը, Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց գրքին էջ 189–էն գաղափարներ գործածելով։ Հոն ուր հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերուի, վերայցելելու հաստատ կարգադրութիւններ պէտք է ըլլան։
Երգեցողութիւն թիւ 14 եւ փակման աղօթք։