Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/96 էջ 1
  • Ո՞վ Մտիկ Պիտի Ընէ Մեր Պատգամին

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ո՞վ Մտիկ Պիտի Ընէ Մեր Պատգամին
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՎՍՏԱՀ ԵՂԷՔ ՈՐ ԿԸ ՎԵՐԱՅՑԵԼԷՔ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
  • Ուսումնասիրութիւններ Սկսելու Համար Նոր Գործիք մը Ունինք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • Համարձակութիւն Ունեցէք Վերայցելութիւններ Ընելու
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • ‘Բարութեան աւետիս բերենք’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
թծ 12/96 էջ 1

Ո՞վ Մտիկ Պիտի Ընէ Մեր Պատգամին

1 Մարդկային պատմութեան մէջ որեւէ ժամանակէ աւելի մարդիկ շրջապատուած են տեղեկութիւններով, որոնց մեծամասնութիւնը ունայնաբանութիւն ու նոյնիսկ մոլորեցուցիչ է։ Որպէս արդիւնք, շատեր ջախջախուած կը զգան, ու մեզի համար դժուար կը դառնայ Աստուծոյ Թագաւորութեան պատգամը անոնց լսելի դարձնել։ Անոնք չեն հասկնար որ Աստուծոյ Խօսքին մտիկ ընելը որքան դրական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ իրենց վրայ։—Ղուկ. 11։28

2 Կ’ուրախանանք որ աշխարհի շատ մը մասերուն մէջ, տասնեակ հազարաւոր մարդիկ այս պատգամին մտիկ կ’ընեն ու կ’ընդունին տան մէջ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու մեր առաջարկը։ Ուրիշ թաղամասերու մէջ, սակայն, ընդառաջումը աւելի նուազ է։ Ծառայութեան մէջ մեր ըրած այցելութիւններուն մեծամասնութիւնը դրական արդիւնքներ չի տար, ու թերեւս հարց տանք թէ ո՛վ մտիկ պիտի ընէ մեր պատգամին։

3 Պէտք է զգուշանանք յուսահատելէ։ Պօղոս բացատրեց. «‘Ով որ Տէրոջը անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի’։ Ուրեմն ի՞նչպէս պիտի կանչեն անոր . . . որուն վրայով չեն լսած. կամ ի՞նչպէս պիտի լսեն՝ առանց մէկուն քարոզելուն։ . . . Ինչպէս գրուած է. ‘Որքա՜ն գեղեցիկ են խաղաղութիւն աւետարանողներուն ու բարի բաներու աւետիս տուողներուն ոտքերը’»։ (Հռովմ. 10։13–15) Եթէ ժրաջանութեամբ ցանենք Թագաւորութեան սերմերը, Աստուած զանոնք պիտի աճեցնէ պարկեշտ անհատներու սրտին մէջ։—Ա. Կորն. 3։6

4 Բանալին՝ Կանոնաւորաբար Վերայցելութիւններ Ընելն Է. Այն թաղամասերուն մէջ ուր կը թուի թէ քիչեր մտիկ կ’ընեն մեր պատգամին, պէտք է ջանանք մշակել որեւէ հետաքրքրութիւն որ կը գտնենք, անոնց գրականութիւն տեղաւորած ըլլանք կամ ոչ։ Ինչո՛ւ հապճեպով եզրակացնենք որ ոչինչ պիտի իրագործուի։ Երբ սերմ մը կը ցանենք, չենք գիտեր թէ ատիկա ո՛ւր պիտի ծլի։ (Ժող. 11։6) Եթէ Աստուածաշունչէն գաղափար մը բաժնելու համար լաւ պատրաստուած ըլլանք մեր վերադարձին, նոյնիսկ կարճ այցելութեամբ, թերեւս կարենանք անհատին սրտին հասնիլ։ Կրնանք անոր քով թերթիկ մը ձգել կամ ընթացիկ պարբերաթերթերը ներկայացնել։ Ի վերջոյ թերեւս կարենանք ցոյց տալ թէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ինչպէս կը վարենք։ Հաճելի անակնկալի մը առջեւ պիտի գտնուինք, երբ տեսնենք թէ Եհովա որքան կ’օրհնէ մեր ջանքերը։—Սաղմ. 126։5, 6

5 Թերթիկ մը ձգուեցաւ կնոջ մը որ որոշ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց։ Յաջորդ անգամ, երկու ամիս ետք զինք տունը գտան, բայց ան իրենց հետ չկրցաւ խօսակցիլ շատ զբաղուած ըլլալուն պատճառաւ։ Դարձեալ անոր միեւնոյն թերթիկը տրուեցաւ։ Հակառակ զինք տունը գտնելու հրատարակիչին յարատեւ ջանքերուն, երեք ամիսներ եւս անցան։ Երբ հրատարակիչը վերջապէս գտաւ զինք, ան հիւանդ վիճակի մէջ էր։ Յաջորդ շաբաթ ան դարձեալ զինք այցելեց, ու հակիրճ խօսակցութիւն մը ունեցաւ թերթիկին մասին։ Երբ քոյրը հետեւեալ շաբաթը վերադարձաւ, կինը անկեղծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ։ Անոր կեանքին մէջ պարագաներու փոփոխութիւն մը պատճառ դարձաւ որ ան իր հոգեւոր կարիքներուն գիտակցի։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ, ու անկէ ետք ան խանդավառութեամբ ուսումնասիրեց ամէն շաբաթ։

6 Եթէ կը փափաքինք որեւէ բանի մը աճիլը տեսնել, ըլլան անոնք՝ ծաղիկներ, բանջարեղէններ, կամ Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ հետաքրքրութիւն, զայն մշակելու կարիքը ունինք։ Ասիկա՝ ժամանակ, ջանք, հոգածութիւն ու տեղի չտալու վճռակամութիւն կը պահանջէ։ Անցեալ տարի, աւելի քան 338,000 անհատներ, որոնց մէջ Թագաւորութեան սերմը արմատ կապած էր՝ մկրտուեցան։ Եթէ շարունակենք քարոզել, վստահաբար շատ աւելի անհատներ պիտի գտնենք, որոնք մեր պատգամին մտիկ պիտի ընեն։—Բաղդատել Գաղատացիս 6։9։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել