Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/96 էջ 7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
թծ 12/96 էջ 7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Դեկտեմբերին. Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը եւ Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց գիրքը։ Յունուարին. 1984–էն առաջ հրատարակուած որեւէ 192 էջնոց գիրք, զոր ժողովքը ունի։ Այն ժողովքները որոնք այսպիսի գրականութիւններ չունին, կրնան Վերապրելով՝ Նոր Երկիրը Մտնել գիրքը ներկայացնել։ Փետրուարին. Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է։ Մարտին. Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը։

◼ Ժողովքները իրենց Դեկտեմբեր ամսուան գրականութիւններու ապսպրանքին հետ պէտք է սկսին ապսպրել 1996–ի Դիտարանի ու Զարթի՛րի կազմուած հատորները։ (Տես՝ Watchtower Publications List, 6–8 եւ 10–րդ պարբերութիւնները։) Կազմուած հատորները մատչելի պիտի ըլլան հետեւեալ լեզուներով. Անգլերէն, Գերմաներէն, Թրքերէն, Իտալերէն, Լեհերէն, Խրուաթերէն, Հոլանտերէն, Ճաբոներէն, Յունարէն, Չինարէն, Ռումաներէն, Ռուսերէն, Սպաներէն, Փորթիւկալերէն, Քորեայերէն եւ Ֆրանսերէն։

◼ Դեկտեմբեր 1–ին կամ անմիջապէս անկէ ետք, վերակացու տեսուչը կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը պէտք է ժողովքի հաշիւները ստուգէ։ Ասիկա կատարելէ ետք, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք։

◼ 1998–ի Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ՝ Ապրիլ 11–ին, արեւնամուտէն ետք։ 1998–ի Յիշատակատօնի թուականը կանուխէն կը տրուի, որպէսզի եղբայրները կարենան մատչելի սրահներուն համար անհրաժեշտ վերապահութիւնները կամ պայմանագրութիւնները ընել, երբ մի քանի ժողովքներ Թագաւորութեան Սրահը կը գործածեն եւ ուրիշ վայրեր ապահովելու կարիքը ունին։

◼ Առիթին կարեւորութեան ի տես, Յիշատակատօնի դասախօսը նշանակելու համար, երէցներու մարմինը պէտք է ընտրէ որակելի երէցներէն մէկը, փոխանակ կարգով ամէն տարի երէց մը նշանակելու կամ նոյն եղբայրը գործածելու։

◼ Մատչելի Նոր Ձայներիզներ.

Թագաւորութեան Երգերը Երգենք (մէկ ձայներիզով) —Անգլերէն

◼ Մատչելի Նոր Compact Disc–եր.

Թագաւորութեան Երգերը Երգենք —Անգլերէն

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել