Ծառայութեան Ժողովներ Դեկտեմբեր Ամսուան Համար
Դեկտեմբեր 2–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 195
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։
15 վյրկ. «Ո՞վ Մտիկ Պիտի Ընէ Մեր Պատգամին»։ Հարց պատասխանով։ Պարփակէ կէտեր Զարթի՛ր 22 Մարտ 1987, էջ 5–էն, թէ մեր պատգամը ինչո՛ւ գրաւիչ է։
20 վյրկ. «Աստուծոյ Խօսքը Առաջնորդութիւն կը Հայթայթէ»։ (Պարբերութիւն 1–6) Բաժինը սկսիր 1–2–րդ պարբերութիւնները գործածելով։ (Պարփակէ Պատճառաբանել գրքին 58–60–րդ էջերը, հակիրճօրէն բացատրելով «Աստուածաշունչը նկատի առնելու [չորս] պատճառներ»։) Թող ատակ հրատարակիչներ ցուցադրեն 3–6–րդ պարբերութիւններուն մէջ թելադրուած ներկայացումները։ Ներկաները հրաւիրէ որ պատասխանները տան հետեւեալ հարցումներուն. (1) Յարուցուած հարցումները ի՞նչպէս հետաքրքրութիւնը արթնցնելու օգնեցին, (2) գործածուած համարները ի՞նչպէս յարմար էին նկատի առնուած նիւթին, (3) նուիրատուութիւններուն հարցը ի՞նչպէս յիշուեցաւ, (4) վերայցելութիւնը ի՞նչպէս տրամաբանօրէն շարունակեց առաջին խօսակցութիւնը, եւ (5) ուսումնասիրութեան առաջարկ մը ի՞նչպէս եղաւ։
Երգեցողութիւն թիւ 112 եւ փակման աղօթք։
Դեկտեմբեր 9–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 21
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիրը։
15 վյրկ. Տարեցներուն Օգնենք որ Ծառայութեան Մասնակցին։ Բազմաթիւ հաւատարիմ տարեց հրատարակիչներ զօրաւոր փափաք մը ունին ժողովքին հետ քարոզչութեան մասնակցելու, սակայն տարիքի ու վատ առողջութեան պատճառաւ անոնք ֆիզիքական սահմանափակումներ ունին։ Զանոնք ծառայութեան խումբին մէջ պարփակելու համար, անոնց հանդէպ նկատառու ըլլալու կերպեր կան. անոնց փոխադրամիջոց ապահովել. կարգադրել որ անոնք քիչ աստիճաններ ունեցող տուները այցելեն. ինքնաշարժը մօտ կեցնել, որպէսզի կարենան անոր մէջ հանգչիլ երբ յոգնին. առաջարկել ձեր ինքնաշարժով զանոնք իրենց վերայցելութիւններուն տանիլ. զանոնք տեղեակ պահել որ երբ չկարենան շարունակել պատրաստ էք զիրենք տուն տանիլ։ Տարեցները շնորհապարտ են իրենց մատուցուած օգնութեան համար։ Յիշէ թէ ուրիշ ինչ կերպերով այսպիսի նկատառութիւն ցոյց կը տրուի անոնց, տեղական ժողովքին մէջ։ Վերաքաղ ըրէ Դիտարան 1 Օգոստոս 1986, էջ 28–29, «Կը Գնահատենք Տարեց Անհատները» յօդուածին գլխաւոր կէտերը։
20 վյրկ. «Աստուծոյ Խօսքը Առաջնորդութիւն կը Հայթայթէ»։ (Պարբերութիւն 7–9) Նկատի առ «Առաջնորդութեան Կարիք մը» ենթագլուխը, Դիտարան 1 Մայիս 1993, էջ 3 (Անգլերէնով)։ Բացատրէ թէ մեր ներկայացումները ինչո՛ւ պէտք է շեշտեն բարձր աղբիւրէն՝ Աստուծմէ՝ օգնութիւն խնդրելու կարեւորութիւնը։ Թող հրատարակիչ մը 7–8–րդ պարբերութիւններուն մէջ եղած ներկայացումները ցուցադրէ։ Շեշտէ թէ մեր նպատակակէտը պէտք է ըլլայ ի վերջոյ Գիտութիւն գրքէն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։
Երգեցողութիւն թիւ 127 եւ փակման աղօթք։
Դեկտեմբեր 16–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 204
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ներկայացուր կարգ մը թելադրութիւններ որ ի՛նչպէս փափկանկատութեամբ կրնանք պատասխանել տօնական մաղթանքներուն։ Յիշէ դաշտի ծառայութեան մասնաւոր կարգադրութիւններ Դեկտեմբեր 25–ի համար։
15 վյրկ. «Յօժարակամօրէն Մեր Անձերը Տրամադրենք»։ Հարց պատասխանով։ Պարփակէ մեկնաբանութիւններ՝ Դիտարան 1 Փետրուար 1985, էջ 17–էն։
20 վյրկ. «Աստուծոյ Տուած Յաւելումով Ուրախանանք»։ Խանդավառ դասախօսութիւն՝ երէցի մը կողմէ։ Յիշէ փորձառութիւններ կամ կարգ մը երկիրներու վայելած յաւելումները, որոնք յիշուած են վերջին Տարեգրքերուն մէջ։
Երգեցողութիւն թիւ 57 եւ փակման աղօթք։
Դեկտեմբեր 23–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 129
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ընթացիկ պարբերաթերթերէն կարգ մը խօսակցական կէտեր մատնանշէ, որոնք ծառայութեան մէջ կրնան գործածուիլ այս շաբաթ։ Յիշէ Յունուար 1–ի համար դաշտի ծառայութեան մասնաւոր կարգադրութիւնները։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։ Կամ դասախօսութիւն՝ երէցի մը կողմէ, «Հանգստութեան Կոչուիլը՝ Աստուածպետական Գործունէութեան Առաջնորդող Բաց Դո՞ւռ մըն է», Դիտարան 15 Յուլիս 1996, էջ 24–5 (Անգլերէնով)։ Տես՝ Խորաթափանց Ակնարկ, Հատոր Բ., էջ 794, պարբերութիւն 2–3։
20 վյրկ. «Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ Արձանագրուիլ»։ Դասախօսութիւն՝ դպրոցի տեսուչին կողմէ։ Դպրոցին մէջ արձանագրուածներուն թիւը տուր, ու քաջալերէ որ բոլոր անոնք որոնք կրնան՝ արձանագրուին։ Վերաքաղ ըրէ աշակերտական նշանակումներու թելադրութիւնները, որոնք հայթայթուած են «1997–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Յայտագիր»ին մէջ։
Երգեցողութիւն թիւ 28 եւ փակման աղօթք։
Դեկտեմբեր 30–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 63
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Եթէ ձեր ժողովքը ժողովներուն ժամերը փոփոխութեան պիտի ենթարկէ նոր տարուան համար, ազնուօրէն քաջալերեցէք բոլորը որ ժողովքին հետ կանոնաւորաբար ժողովներու յաճախեն, որոշուած նոր ժամերուն։ Վերաքաղ ըրէ Յունուար ամսուան ընթացքին ներակայացուելիք գրականութիւնները։
10 վյրկ. «Օգնութիւն՝ ‘Պէտք Եղած Ատեն’»։ Յօդուածը ուշադրութեան յանձնէ ու մատնանշէ արժէքաւոր աչքառու կէտեր՝ նոր հրատարակուած իւրաքանչիւր գրականութենէն։
25 վյրկ. 1997–ի Նահանգային Համաժողովին Գտնուելու Համար Պատրաստութիւն Տեսէք։ Յունուար 1997 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան յաւելուածականէն, քարտուղարը հարց–պատասխանով նկատի կ’առնէ համաժողովի տեղեկատու նիւթը։ Նախ՝ կարդացէք համաժողովի նշանակումներու համար 15 Դեկտեմբեր 1996 թուակիր նամակը։ Ապա, յօդուածին 5–րդ պարբերութիւնը նկատի առնելէ ետք, կարդացէք՝ Օթեւանի Յանձնարարուած Ցանկին առաջին եւ վերջին պարբերութիւնները։ Ինչպէս նշուած է յօդուածին մէջ, իջեւանելիք վայրերու հարցերուն մէջ Ընկերութեան ցուցմունքներուն հետեւելու սուրբ գրային սկզբունքները շեշտեցէք։ Գովեցէք եղբայրները այս մարզին մէջ Ընկերութեան հետ իրենց ունեցած համագործակցութեան համար։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։