Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/96 էջ 4-5
  • Աստուծոյ Տուած Յաւելումով Ուրախանանք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուծոյ Տուած Յաւելումով Ուրախանանք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ընկերութեան Երկրածաւալ Գործին Համար Եղած Նուիրատուութիւնները Ընդլայնման Կը Նպաստեն
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • Ճշմարիտ Պաշտամունքը կը Տարածուի Արեւելեան Եւրոպայի Մէջ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • Եհովան փառաբանող շինարարութիւն
    Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
  • Կրնա՞ս ժամանակէդ եւ կորովէդ տալ Եհովային
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2020)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
թծ 12/96 էջ 4-5

Աստուծոյ Տուած Յաւելումով Ուրախանանք

1 Առաջին դարու Քրիստոնեաները Թագաւորութեան նախանձախնդիր քարոզիչներ էին։ Անոնք ուրախացան երբ ‘ժողովքներուն թիւը օրէ օր կ’աւելնար’։ (Գործք 16։5, ՆԱ) Անոնց համարձակ քարոզչութիւնը տարածուեցաւ մինչեւ Ասիա, Եւրոպա եւ Ափրիկէ, հաւատացեալներու առատ հունձք մը յառաջ բերելով։

2 Յիսուս նախագուշակեց որ վերջին օրերուն, քարոզչութեան գործը ‘բովանդակ աշխարհին ու բոլոր ազգերուն’ պիտի հասնէր։ (Մատթ. 24։14) 1996 ծառայութեան տարուան ընթացքին, աշխարհի չորս կողմը եղող երկիրներէն հոյակապ յաւելումներու եւ հրատարակիչներու գագաթ թիւերու նկատմամբ տեղեկագրութիւններ շարունակեցինք ստանալ։ Բազմաթիւ նոր ժողովքներ կազմուեցան։ Այս արագ աճումը անհրաժեշտ դարձուց որ հարիւրաւոր նոր Թագաւորութեան Սրահներ ու Համաժողովի Սրահներ կառուցուին ինչպէս նաեւ բազմաթիւ մասնաճիւղերու շէնքերը ընդարձակուին։

3 Օգոստոս 1996–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը տեղեկագրութիւն տուաւ Ափրիկէի մէջ տեղի ունեցող շինարարութեան ընդարձակ գործին մասին։ Նոյնանման գործունէութիւն մը յառաջ կը տարուի Լատին Ամերիկայի ամբողջ տարածքին։ 1996–ի ծառայութեան տարուան համար, Մեքսիկա կը տեղեկագրէ 470,098 հրատարակիչներու շշմեցուցիչ գագաթ թիւ մը եւ միջին հաշուով 600,751 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ, պահանջելով 466 նոր ժողովքներու կազմութիւնը։ Անոնց մասնաճիւղի շէնքերուն ընդլայնման ամբողջացումը ծրագրուած է 1999–ի վերջաւորութեան։ Բազմաթիւ ուրիշ երկիրներու մէջ նոյնանման ընդլայնում մը պատճառ կ’ըլլայ որ շինարարական զանազան աստուածպետական ծրագիրներ անընդհատ շարունակուին։

4 Շինարարութեան ծախսերը ամէնուրեք շատ են, ու բազմաթիւ երկիրներու մէջ մեր եղբայրները նիւթական քիչ նուիրատուութիւն կրնան ընել։ Այսուհանդերձ, Եհովայի ծառայութեան հանդէպ շատ նախանձախնդիր ըլլալով, վստահաբար անոնք հոգեւորապէս կ’աճին ու թիւով կ’աւելնան։ Առակաց 28։27 կը հաւաստիացնէ մեզ որ «աղքատին տուողը կարօտ չըլլար»։ Այս շինարարական ծախսերը հոգալու համար օգնելու մեր յօժարակամութիւնը, նիւթական բաները «հաւասարութեամբ» բաժնեկցելու պատճառ կ’ըլլայ, կարելի դարձելով որ բոլորը վայելեն այն ուրախութիւնը, որ տալէն ու Եհովայի տուած յաւելումը տեսնելէն յառաջ կու գայ։—Բ. Կորն. 8։14, 15. Գործք 20։35

[Նկար՝ էջ 4, 5]

Ուրուկուէյի Մասնաճիւղը Կառուցման Վրայ

[Նկարներ՝ էջ 5]

Քիչ ծախսով կառուցուած Թագաւորութեան Սրահներու օրինակներ Լատին Ամերիկայի մէջ

1. Պրազիլիա

2. Նիգարակուա

3. Չիլի

4. Գոլոմպիա

5. Մեքսիկա

6. Պրազիլիա

7. Բերու

8. Վենեզուէլլա

9. Մեքսիկա

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել