Ընկերութեան Երկրածաւալ Գործին Համար Եղած Նուիրատուութիւնները Ընդլայնման Կը Նպաստեն
Եսայեայ 54։2, 3–ի մարգարէութեան համաձայն, Եհովայի մաքուր պաշտամունքը կը շարունակէ ընդլայնիլ համայն աշխարհի մէջ։ Ասիկա կը պարփակէ զանազան երկիրներ Ափրիկեան ցամաքամասին մէջ եւ մօտակայ կղզիներ։ Անցեալ տասը տարիներուն ընթացքին, Թագաւորութեան գործունէութեան վրայ դրուած արգելքները վերցուեցան կարգ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Անկոլա, Եթովպիա, Էքուատորեան Կուինիա, Թոկօ, Մալավի, Մատակասկար, Մոզամպիք եւ Քամերուն։ Այս եւ ուրիշ երկիրներու մէջ, ուր դաշտը հնձուելու պատրաստ էր, Գաղաադու միսիոնարներ, Ծառայութեան Մարզումի Դպրոցի շրջանաւարտներ, Պէթէլի ընտանիքի անդամներ եւ ուրիշներ նշանակումներ ստացած են։—Մատթ. 9։37, 38
Բացայայտ է որ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ ճշմարիտ երկրպագուներու յաւելումը հարիւրաւոր նոր Թագաւորութեան Սրահներու շինարարութեան կարիքը կը ստեղծէ։ Նաեւ անհրաժեշտ եղած է ծրագրել Համաժողովի Սրահներ եւ մասնաճիւղերու նոր կամ ընդլայնուած դիւրութիւններ։ Այս ծրագիրներուն համար ծախսուած գումարները ինչպէս նաեւ Թագաւորութեան գործը յառաջ տանիլը ոչ միայն Ափրիկէի մէջ, այլեւ աշխարհի միւս մասերուն մէջ, Ընկերութեան երկրածաւալ գործին տրամադրուած նուիրատուութիւններուն մեծ մասը գործածած են։
Այս յաւելուածականին երկու էջերուն վրայ եղած պատկերներն ու գծագրութիւնները ձեզի գաղափար մը կու տան թէ Ընկերութիւնը կը ջանայ ի՛նչ իրագործել Ափրիկեան դաշտին մէջ։ Հոս ցոյց տրուած են յառաջ ընթացող շինարարութիւնը եւ այն ծրագիրները որոնք շուտով պիտի սկսին։
1996–ի Տարեգիրքին մէջ դաշտի ծառայութեան ցանկը քննելով, կրնաք աւելի յստակ գաղափար մը կազմել թէ այս երկիրներու մէջ հրատարակիչները ի՛նչ ծառայութիւն կ’ընեն։ Ուշագրաւ յաւելումներ արձանագրուած են շատ մը երկիրներու մէջ, եւ Յիշատակատօնի ներկաներուն բացառիկ թիւերը աճման հաւանականութիւնը կ’ապացուցանեն։ Երբ ի մտի ունենանք թէ ուրիշ ցամաքամասերու մէջ ի՛նչ կ’իրագործուի որպէս Թագաւորութիւնը քարոզելու ու աշակերտելու երկրածաւալ գործին մէկ մասը, խորապէս կը գնահատենք մեր առանձնաշնորհումը որ նիւթական գետնի վրայ ճշմարիտ պաշտամունքի դատին թիկունք կանգնինք։—Ղուկ. 16։9. Ա. Տիմ. 6։18
[Նկար՝ էջ 3]
Մասնաճիւղի առաջարկուած դիւրութիւններ, Մալավիի համար