Թագաւորութեան Սրահներու Կառուցման Յայտագիրը կը Յառաջանայ
1 1983–ին, Միացեալ Նահանգներուն մէջ տեղի ունեցած «Թագաւորութեան Միութիւնը» Նահանգային Համաժողովներուն ծանուցանուեցաւ թէ մասնայատուկ հիմնադրամ մը պիտի հաստատուէր, Միացեալ Նահանգներու ու Քանատայի մէջ Թագաւորութեան Սրահներու կառուցման եւ նորոգման թիկունք կանգնելու համար։ Այն ատեն չէինք գիտեր թէ այս պզտիկ սկզբնաւորութիւնը ի՛նչ օրհնութիւններ յառաջ պիտի բերէր։ Աւելի լման կերպով սկսանք ըմբռնել Սաղմոս 92։4–ի խօսքերը. «Վասն զի դուն, ո՛վ Տէր, քու գործովդ զիս ուրախացուցիր. քու ձեռքերուդ գործերովը պիտի ցնծամ»։
2 Այժմ մեծապէս կ’ուրախանանք իրագործուած բաներով։ Ներկայիս Թագաւորութեան Սրահներու կառուցման երկրածաւալ ու արագ յայտագիր մը իր ընթացքին մէջ է։ Ձեւով մը, բոլորս ալ այս գործունէութեան մասնակցելու առանձնաշնորհումը ունինք։ Ասիկա կ’ընենք մեծ կամ փոքր գումարներ նուիրելով, համայն աշխարհի մէջ պաշտամունքի յաւելեալ վայրերու կառուցումը ֆինանսաւորելու համար։ Բազմաթիւ եղբայրներ նաեւ այս ծրագիրներուն համար յօժարակամօրէն իրենց գործիքները, ժամանակը, կարողութիւններն ու հմտութիւնները կը տրամադրեն։ Այս ամբողջ կարգադրութեան յաջողութիւնը կը պարտինք Եհովայի առաջնորդութեան, օգնութեան եւ մեր միակամ ջանքերուն վրայ իր ճոխ օրհնութեան։—Սաղմ. 127։1
3 Բազմաթիւ մասնաճիւղեր այն մեթոտին հետեւած են, որ սկիզբը ի զօրու եղաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող ժողովքներուն մէջ։ Շատ մը երկիրներու Թագաւորութեան Սրահներուն մէջ տուփ մը կայ, ուր հրատարակիչները իրենց նուիրատուութիւնները կը դնեն, Թագաւորութեան Սրահներու Հիմնադրամին համար։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, Մարտ 1997–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը այս յայտագրին վերաբերեալ բարեճշդում մը ծանուցանեց։ Անիկա ըսաւ. «1983–ին՝ Ընկերութեան Թագաւորութեան Սրահներու Հիմնադրամը հաստատուելէն ի վեր, եղբայրներ առատաձեռնօրէն նուիրատուութիւններ ըրած են, Թագաւորութեան Սրահի կառուցման համար փոխատուութեան գումարներ մատչելի դարձնելով։ Արդէն իսկ այս երկրին մէջ շուրջ 2,700 ժողովքներ այս կարգադրութենէն օգտուած են։ Այլապէս, բազմաթիւ ժողովքներ պիտի չկարենային Թագաւորութեան Սրահներ կառուցանել կամ նորոգել։ Այժմ ստիպողական կարիքը կայ որ այս հիմնադրամէն մաս մը գործածուի, տնտեսապէս ընկճուած երկիրներուն մէջ գտնուող ժողովքներուն փոխատուութիւն հայթայթելու։ Ընկերութիւնը եւ ձեր նուիրատուութիւններէն օգտուող ժողովքները մեծապէս կը գնահատեն այս կարգադրութեան ի նպաստ ձեր յարատեւ աջակցութիւնը»։
4 Այդ ծանուցումը Թագաւորութեան Սրահներու կառուցման արագ յայտագրի մը մասնակցելու որպէս հրաւէր ծառայեց։ Թագաւորութեան Սրահներու Հիմնադրամը պիտի ընդարձակուէր, այլ երկիրներու մէջ գտնուող մեր եղբայրներուն կարիքները պարփակելու համար, մինչ շարունակելով այս երկրին մէջ Թագաւորութեան Սրահներու կառուցման համար փոխատուութիւններ հայթայթել։ Ուրիշ յօդուած մը՝ Օգոստոս 1997–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ, ըսաւ. «Թագաւորութեան Սրահներ կառուցանելու շարունակական կարիք մը կայ համայն աշխարհի մէջ։ Միայն անցեալ ծառայութեան տարուան ընթացքին 3,288 նոր ժողովքներ հաստատուեցան։ Այս ժողովքներէն շատերը կը գտնուին Ափրիկէի, Ասիոյ, Կեդրոնական ու Հարաւային Ամերիկայի, եւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ»։
5 Անկէ ի վեր ի՞նչ իրագործուած է։ 2001–ի Տարեգիրք–ը տեղեկագրեց. «Այս կարգադրութեամբ, 30 երկիրներու մէջ, ցարդ 453 Թագաւորութեան Սրահներ ամբողջացած են, եւ յաւելեալ 727 սրահներ կը կառուցուին։ Մասնայատուկ ջանք թափուեցաւ իւրաքանչիւր երկրի համար Թագաւորութեան Սրահներու այնպիսի ծրագիրներ մշակելու, որոնք տեղական շինարարական նիւթերն ու մեթոտները կը գործածեն։ Քենիայի մէջ, տաշուած քար կը գործածուի. Թօկոյի մէջ, սովորական է աղիւս գործածել. Գամերունի մէջ, ժողովրդական է կաղապարուած սիմէնթ գործածել, որ ետքը կը ծեփուի։ Այս կերպով, տեղական եղբայրներ շուտով կրնան հարկ եղած հմտութիւնները ձեռք ձգել, իրենց երկրին վերաբերեալ ծրագիրներու մէջ կարեւոր դերեր ստանձնելու համար»։
6 Այս յայտագրին վրայ Եհովայի օրհնութեան ապացոյցը կարելի է գտնել Ափրիկէի մեծ ցամաքամասին մէջ։ Մինչ կարգ մը կառուցուած Թագաւորութեան Սրահներու պատկերներուն վրայ ակնարկ մը կը նետէք, պահ մը երեւակայեցէք Եհովայի Վկաներու գործին վրայ այս շինարարութիւններուն ունեցած ազդեցութիւնը։ Ասիկա ճշմարիտ է երեք տարբեր մարզերու մէջ. մեր համաշխարհային եղբայրակցութեան միութիւնը, տեղական հաւաքականութեան վրայ անոնց ձգած ազդեցութիւնը, եւ ժողովներու ներկայ գտնուողներուն թիւին յաւելումը։ Թէեւ այս յաւելուածականը աչքառու կը դարձնէ Ափրիկէի մէջ կառուցուած Թագաւորութեան Սրահները, սակայն Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին հետագայ թիւերը ցոյց պիտի տան թէ Թագաւորութեան Սրահներու կառուցման յայտագիրը ի՛նչպէս կը յառաջանայ աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ։
[Նկարներ՝ էջ 3]
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԱՓՐԻԿԷԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
Պիմպօ, Պանկի
Պէկուէ, Պանկի
[Նկարներ՝ էջ 4]
Ուքոնկա, Թանզանիա
[Նկար՝ էջ 4]
Ագգրա, Կանա
[Նկար՝ էջ 4]
Սէլալա, Լիպերիա
[Նկար՝ էջ 4]
Քարոյի, Զիմպապուէ
[Նկարներ՝ էջ 4 եւ 5]
Ալլատա, Պենին—նախկին Թագաւորութեան Սրահ
Ալլատա, Պենին—նոր Թագաւորութեան Սրահ
[Նկար՝ էջ 5]
Փեմի, Թօկօ
[Նկար՝ էջ 5]
Սոքոտա, Թօկօ
[Նկարներ՝ էջ 4 եւ 5]
Ֆիճրոս, Պենին
[Նկար՝ էջ 6]
Լինկա, Զամպիա—նախկին Թագաւորութեան Սրահ
[Նկար՝ էջ 6]
Լինկա, Զամպիա—նոր Թագաւորութեան Սրահ
[Նկար՝ էջ 6]
Քինշասա, Քոնկօ
[Նկար՝ էջ 6]
Մուսէմպիրա, Ռուանտա