Թագաւորութեան Սրահներու Շինարարութիւնը Միացեալ Նահանգներուն Մէջ
1 Երբ համաշխարհային դաշտին վրայ ակնարկ մը նետենք, սրտապնդիչ է տեսնել այն հոյակապ յաւելումը, զոր Եհովայի երկրային կազմակերպութիւնը կը վայելէ։ Անցեալ տարի, միայն Միացեալ Նահանգներուն մէջ 246 նոր ժողովքներ հաստատուեցան, մինչ ընդամէնը 3,288 ժողովքներ աւելցան համայն աշխարհի մէջ։ Նկատի ունենալով այս հսկայ աճումը, զարմանալի չէ որ յաւելեալ Թագաւորութեան Սրահներու կարիքը կայ։
2 Եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր Եհովայի կազմակերպութեան հանդէպ յատկանշական նախանձախնդրութիւն եւ աջակցութիւն կը ցուցաբերեն, իրենց ժամանակը եւ օժանդակութիւնը կամաւ տրամադրելով Թագաւորութեան Սրահներու շինարարութեան։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ գործող Շրջանային Շինարարութեան 75 Յանձնախումբերէն իւրաքանչիւրը հոգ կը տանի շուրջ 140 ժողովքներու, իրենց նշանակուած շրջանին մէջ։ Ամէն տարի, մօտաւորապէս 200 նոր Թագաւորութեան Սրահներ կը շինուին եւ ուրիշ 200 հատ ալ կը նորոգուին։ Շրջանային յանձնախումբերուն վստահուած է այս ծրագիրներուն վերատեսչութիւնը, իսկ իրենց ջանքերը գնահատելի են։ Թագաւորութեան Սրահի շինարարութեան ընդհանուր կարգադրութիւնը կ’իրագործուի, անձնազոհութեան եւ տալու քրիստոնէական հոգիին շնորհիւ, որ աշխարհի մէջ առհասարակ ցուցաբերուած հոգիին հակառակն է։—Բ. Տիմ. 3։2, 4
3 Թագաւորութեան Սրահները համանման չափանիշներով շինելու համար, Ընկերութիւնը շրջանային յանձնախումբերուն հայթայթեց՝ Միացեալ Նահանգներու միօրինակ Թագաւորութեան Սրահի յատակագծի ծրար մը, որ կը պարունակէ ծրագիրներ CAD–ի վրայ (Համակարգիչով Պատրաստուած Յատակագիծ/Նախագիծ)։ Ասիկա կամաւոր աշխատաւորներուն ժամանակը եւ նիւթականը խնայելու նպաստած է։ Անիկա նաեւ օգնած է Ընկերութեան Թագաւորութեան Սրահներու Հիմնադրամին իմաստուն մատակարարման։ Ներկայիս, երէցները իրենց ընտրութիւնը այս հիմնական նախագծերէն կ’ընեն։ Այս նոր ծրարը ստանալէն ետք, Շրջանային Շինարարութեան Յանձնախումբ մը ըսաւ. «Շատ ուրախացանք եւ իրապէս ոգեւորուեցանք, երբ նախագծի ծրարը ստացանք։ . . . Ճարտարապետ եւ երկրաչափ փորձառու եղբայրներ հաշիւ ըրած են որ այս նոր նախագծերը գործածելով, 50–էն 60 առ հարիւր ժամանակ կը խնայուի։ Այս ծրարը ունենալը պիտի օգնէ որ աւելի համանման չափանիշներով Թագաւորութեան Սրահներ կառուցանենք»։ Մինչ ժողովքներ կը համագործակցին, թիկունք կանգնելով Թագաւորութեան Սրահներու միօրինակ շինարարութեան, կ’ակնկալենք որ կամաւ աջակցող շատ մը նուիրուած ճարտարապետներու, երկրաչափներու եւ յանձնառուներու բեռը որոշ չափով պիտի թեթեւնայ։
4 Կամաւորները Աղէկ Գործի մը Թիկունք կը Կանգնին. Ընկերութիւնը երախտապարտ է այն բազմաթիւ կամաւորներուն, որոնք Թագաւորութեան Սրահներու շինարարութեան կ’օգնեն։ Իրապէս հաճելի է տեսնել տասնեակ հազարաւոր կամաւորներ իրենց ծառայութիւնները կը մատուցանեն Թագաւորութեան Սրահի շինարարութեան բոլոր երեսակներուն մէջ։ Այս յայտագրին յաջողութիւնը կարելի եղած է, քանի որ յօժարակամ, առատաձեռն եւ համագործակցող հոգի մը կը ցուցաբերուի կամաւորներու կողմէ, որոնք իրենց ժամանակը կը զոհեն, փոխանակ զայն գործածելու իրենց ժողովքներուն եւ ընտանիքներուն հետ ըլլալու համար։ (Սաղմ. 110։3. Կող. 3։23) Այս սիրալիր ընդառաջումը զանոնք կ’արժանացնէ մեր գովասանքին, գնահատութեան եւ լման աջակցութեան։—Հռովմ. 12։10. Եբր. 13։1
5 Շրջանային Շինարարութեան Յանձնախումբերուն կանոնաւորաբար օժանդակելու որակելի եղող բոլոր անհատներէն խնդրուած է Թագաւորութեան Սրահի Կամաւորներու Հարցարանի պատճեններ (S-82) լեցնել։ Ժողովքը ասոնք կը ղրկէ շրջանային յանձնախումբին, ցոյց տալու համար կամաւորին որակումներն ու մատչելիութիւնը։ Եթէ կամաւորի մը վիճակը փոփոխութեանց ենթարկուի, ինչպէս՝ երբ փոխադրուի կամ օգնական ծառայ կամ երէց նշանակուի, շուտով նոր պատճեններ պէտք է լեցուին եւ ժողովքի քարտուղարին միջոցաւ ղրկուին։ Եթէ կամաւոր մը այլեւս որակելի չըլլայ, երէցները անմիջապէս նամակով մը շրջանային յանձնախումբին տեղեակ պէտք է պահեն։ Երբ յաւելեալ պատճեններու կարիք ըլլայ, կարելի է զանոնք խնդրել ամսական Գրականութեան Խնդրագրի պատճենով։ Շրջանային տեսուչն ալ հետաքրքրուած է սրբազան ծառայութեան այս մարզին բաժին բերող կամաւորներով։ Հետեւաբար, ամէն անգամ որ ան ժողովքը կ’այցելէ, Թագաւորութեան Սրահի կամաւորներու վերաբերեալ հարցարաններու պատճենները պարունակող ծրարը պէտք է վերաքաղ ընէ։
6 Շինարարական Ծախսերը Նուազագոյնի Իջեցնել. Շրջանային Շինարարական Յանձնախումբերուն ուղղութիւն տրուած է, որ գնելու յատուկ բաժին մը կազմակերպեն, ատակ երէցի մը հսկողութեան ներքեւ։ Այս բաժնին մէջ աշխատող եղբայրները ժրաջանօրէն փնտռտուք կ’ընեն, բաղդատելով եւ սակարկելով, որպէսզի նպաստաւոր գիներ ձեռք ձգեն։ Այս կերպով, կրնան որոշել թէ ո՛ր մատակարարողները պէտք է ընտրել եւ ո՛ր նիւթերը պէտք է գնել։ Երբեմն, Թագաւորութեան Սրահի մը ծրագրին մէջ աշխատելու ընթացքին, տեղական ժողովքէն որակելի եղբայրներ կը հրաւիրուին այս բաժնին աջակցելու համար։
7 Վստահ ըլլալու համար որ հիմնադրամները կարելի եղածին չափ խնայողութեամբ պիտի գործածուին, Շրջանային Շինարարական Յանձնախումբը իր հաւանութիւնը պէտք է տայ շինարարութեան հիմնադրամէն առնուած բոլոր ծախսերուն, իսկ ասիկա կ’ընէ դրամատոմսերը նորէն ստորագրելով կամ նախապէս հաւանութեան վկայագիր մը տալով։ Երբ Թագաւորութեան Սրահ մը շինելու կամ նորոգելու ծրագրի մը համար, սոյն սրահը չգործածող ժողովքներէն կամաւորներ խնդրելու կարիք ստեղծուի, շրջանային յանձնախումբը պէտք է վերահսկէ այդ ծրագիրը։
8 Թագաւորութեան Սրահի մը մէջ որոշ աշխատանք տանելու համար ընտրուած ոեւէ յանձնառուէ կը պահանջուի ունենալ վնասի հատուցման ապահովագրութիւն (compensation insurance) եւ պատասխանատուութենէ զերծելու ապահովագրութիւն (liability insurance), որոնք պահանջուած նուազագոյնը պէտք է ծածկեն, յիշելով որ նշուած ժողովքն ալ ապահովագրութենէն կ’օգտուի. ինչպէս նաեւ զիջելու է որեւէ իրաւունք պահանջելու իրաւասութենէն (lien waivers)։
9 Ուրիշ Մասնաճիւղերու Մէջ Եղած Կարիքներուն Աջակցիլ. Երբեմն, ուրիշ մասնաճիւղեր օգնութիւն կը խնդրեն Միացեալ Նահանգներու շրջանային յանձնախումբերէն։ Այսպիսի օգնութիւն մը յաճախ անհրաժեշտ է աղէտէ մը ետք նորոգութեան ձեռնարկելու, կամ՝ տեղական Շրջանային Շինարարական Յանձնախումբի մը մարզում հայթայթելու համար։ Սիրոյ իսկական արտայայտութիւն մըն է, երբ այս երկրէն պատասխանատու եղբայրներ կը յօժարին իրենց հաշւոյն ճամբորդել, ուրիշ երկրի մը մէջ օգնելու համար։ Երբ մասնաճիւղի մը խնդրանքը ընդունուի, Ընկերութիւնը այնպիսի շրջանային յանձնախումբ մը կ’ընտրէ, որ իր շրջանի Թագաւորութեան Սրահի շինարարութեան յայտագրին մէջ ազատ ժամանակ ունի, որպէսզի այս հանգամանքով ծառայէ։ Ասիկա կարգապահ կարգադրութեան կը նպաստէ։
10 Որովհետեւ ուրիշ երկիրներու մէջ Թագաւորութեան Սրահներու կարիքը երթալով կ’աւելնայ, անհրաժեշտ է որ գոյացած հիմնադրամները կարելի եղածին չափ իմաստութեամբ գործածուին։ Միացեալ Նահանգներու բոլոր ժողովքներուն ուղղուած 15 Յունիս 1995 թուակիր նամակին մէջ, մեզի քաջալերութիւն տրուեցաւ որ նոր Թագաւորութեան Սրահներու շինարարութեան, ինչպէս նաեւ հին սրահներու նորոգութեան ատեն, կարելի եղածին չափ խնայողութիւն ընենք։ Այս խնդրանքին հոյակապ կերպով ընդառաջեցիք։ Հետեւաբար, ինչպէս ծանուցանուեցաւ Մարտ 1997–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ, ներկայիս Ընկերութեան Թագաւորութեան Սրահներու Հիմնադրամէն մաս մը փոխ կը տրուի ուրիշ երկիրներու մէջ գտնուող ժողովքներուն, ուր յաւելեալ Թագաւորութեան Սրահներու շատ ստիպողական կարիք կայ, բայց նիւթականը սահմանափակ է եւ տնտեսական ահռելի դժուարութիւններ կան։
11 Կարգ մը երկիրներու մէջ յաւելեալ Թագաւորութեան Սրահներու կարիքը շեշտուեցաւ 1997–ի Տարեգիրք–ին մէջ։ Օրինակ, հոն կը յիշուի Ուգրանիոյ մասին, ուր մինչեւ այսօր 47 Թագաւորութեան Սրահներ շինուած են, իսկ 56 հատ ալ տակաւին չեն աւարտած։ Այսպիսի երկիրներու մէջ կարիքը շատ բացայայտ է։ Տեղեկագրութիւնը կ’ըսէ. «Ռուսաստանի մէջ շատ մեծ թիւով Թագաւորութեան Սրահներու կարիքը կայ։ Հրատարակիչներու թիւին յաւելումը շատ արագ է, բայց Ռուսաստանի մասնաճիւղին ներքեւ եղած ժողովքներուն 85 առ հարիւրը ժողովի մնայուն վայրեր չունին։ Զիմպապուէի մէջ, ուր շուրջ 800 ժողովքներ կան, անհրաժեշտ եղած է որ շատեր բացօթեայ հաւաքուին։ Ասիկա պատճառ եղած է որ նորեկներէն ոմանք յաճախելէ ետ կենան»։ Նոյնանման պարագաներ գոյութիւն ունին Արեւելեան Եւրոպայի, Լատին Ամերիկայի եւ ափրիկեան երկիրներու մէջ։
12 Թէեւ այս վերջին օրերուն մարդոց մեծամասնութեան սէրը պաղած է, սակայն Աստուծոյ ժողովուրդը կը շարունակէ իրարու հանդէպ իրենց սէրը ապացուցանել, սէր մը որ բոլոր սահմաններէն անդին կ’անցնի։ (Մատթ. 24։12) Մեր երկնաւոր Հօր նման, շարունակենք այսպիսի սէր ցոյց տալ, յօժարակամօրէն թիկունք կանգնելով Թագաւորութեան Սրահներու շինարարութեան, Միացեալ Նահանգներէն ներս եւ դուրս։ Ասիկա ընելով Եհովայի ճոխ օրհնութիւնները եւ հաճութիւնը պիտի վայելենք։—Մաղ. 3։10. Եբր. 6։10