ՅԱՐԱՏԵՒ ԸՆԴԱՐՁԱԿՈՒՄԸ Կ’ԱՒԵԼՑՆԷ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՍՐԱՀՆԵՐՈՒ ԿԱՐԻՔԸ
1 Շատոնց Եհովայի մարգարէն գուշակեց թէ «բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները պիտի գան»։ (Անգ. 2։7) Վստահաբար կը տեսնենք թէ ինչպէս աստուածային ուսուցումը ամբոխներ կարող կը դարձնէ որ ճշմարտութիւնը սորվին եւ Եհովայի երկրպագուներ ըլլան։ Որքա՜ն խայտալի է նկատել թէ Լիբանանի մէջ 208 անհատներ մկրտուեցան 1993–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին։ Որպէսզի բոլոր այս նորեկներուն շարունակենք օժանդակել, կարիքը ունինք ‘մեր ճամբաներուն մասին մտածելու’, վստահ ըլլալու համար թէ կարելի եղած չափով Աստուծոյ գործին թիկունք կը կանգնինք։ (Բաղդատել Անգեայ 1։5։) Աստուծոյ գործին մեր նեցուկ կանգնելուն կարեւոր մէկ մասը կը շարունակէ մեր օգնութիւնը ըլլալ պաշտամունքին յարմար վայրեր հայթայթելու Եհովայի նոր փառաբանողներու ամբոխներուն։
2 Ընկերութեան Թագաւորութեան Սրահներու Հիմնադրամը այժմ տասը տարիէ ի վեր գործի լծուած է եւ կարելի դարձուցած է որ Միացեալ Նահանգներուն մէջ 1,863 ժողովքներ նոր Թագաւորութեան Սրահներու դիւրութիւններ ձեռք ձգեն։ 1993–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, 38 նահանգներու մէջ 227 ժողովքներ փոխառութիւններ ստացան Թագաւորութեան Սրահներ կառուցանելու համար։ Նմանապէս, Լիբանանի մէջ Ընկերութեան Թագաւորութեան Սրահներու Հիմնադրամը այժմ հինգ տարիէ ի վեր գործի լծուած է եւ կարելի դարձուցած է որ 22 ժողովքներ նոր Թագաւորութեան Սրահներու դիւրութիւններ ձեռք ձգեն։ Արդարեւ գոհացուցիչ եղած է հրատարակիչներու ընդառաջումը նիւթական օժանդակութիւն տալու այս շրջուն հիմնադրամին։ Ժողովքներու փոխ տրուած դրամը հիմնադրամին կը վերադարձուի դիզուած տոկոսին հետ, այնպէս որ բոլոր նուիրատուութիւնները շարունակ կը գործածուին, տարիէ տարի, նոր Թագաւորութեան Սրահներ կառուցանելու։
3 Օժանդակութիւն՝ Ընկերութեան Թագաւորութեան Սրահներու Հիմնադրամին Կողմէ. Այս կարգադրութեան նպատակն է օգնել նոր Թագաւորութեան Սրահներ կառուցանելու եւ նորոգելու ծրագիրներուն։ Ան կ’օգնեն նոր Թագաւորութեան Սրահի մը կամ եղած սրահ մը վերաձեւելու կարիքը որոշելու եւ պէտքին համաձայն արտաքին օժանդակութիւն կը հայթայթէ մինչեւ Թագաւորութեան Սրահին ամբողջանալը։ Իւրաքանչիւր ժողովք կրնայ օգտուիլ այս կարգադրութենէն։
4 Համայն աշխարհի մէջ, տասնեակ հազարաւոր կամեցող աշխատաւորներ յօժարակամօրէն բաժին բերած են Թագաւորութեան Սրահներ նորոգելու, նոր սրահներ կառուցանելու եւ տուներ վերանորոգելու գործին մէջ։ Այս կամաւորները, պարփակելով շատ մը արուեստաւորներ ու արհեստաւորներ, առատօրէն կը յատկացնեն իրենց ժամանակն ու ճիգը այնպիսի հարցերու ինչպէս՝ կալուած գնել, օրինական թուղթեր լեցնել, շինութիւնը ծրագրել եւ ծախու առնուելիք նիւթերու ցանկերը պատրաստել։ Անոնք նաեւ կ’օգնեն լաւ որակով նիւթեր նպաստաւոր գիներով գնելու, վայրին սկզբնական գործը ամբողջացնելու եւ շինարարութեան վերակացութիւն ընելու։ Անոնց նուիրեալ միջոցները այսպէս առատաձեռնօրէն ընծայելը Թագաւորութեան շահերուն ի նպաստ, մեծապէս գովելի է եւ Եհովայէ ճոխ օրհնութիւններ կը բերէ։—Առ. 11։25
5 Երէցները պէտք է հաղորդակցին Ընկերութեան հետ երբ իրենց ժողովքը կը սկսի նկատի առնել եղած Թագաւորութեան Սրահի մը կամ տան մը նորոգելը։ Ինչո՞ւ։ Ուղեգծեր կան որոնք կրնան ժողովքներուն օգնել իրենց սկզբնական նկատառութիւններուն նկատմամբ։ Վայր մը ընտրելը կը պարփակէ շատ մը ազդակներ կալուածին ծախու գինէն զատ։ Ուրիշ բաներ կրնան մեծապէս աւելցնել կալուածին ծախքը, ինչպէս՝ վայրին նկատմամբ ընդարձակ գործը, վտանգաւոր նիւթերը մէջտեղէն վերցնելը, կամ օրինական բարդութիւնները։ Եթէ ժողովք մը Ընկերութենէն դրամական օժանդակութեան կարիքը ունի, կրնայ Թագաւորութեան Սրահներու Համար փոխառութեան Հարցարանէն օրինակ մը ստանալ ու լեցնել։
6 Ընկերութիւնը կրնայ գործնական ու օրինական առաջարկներ հայթայթել, զորս կարելի է նկատի առնել Թագաւորութեան Սրահ մը գնելէ առաջ։ Ժողովքի երէցները պէտք է միշտ կապ պահեն Ընկերութեան հետ եւ խօսակցին շէնքին ընդհանուր կազմութեան մասին։ Ասիկա ոչ միայն կառուցման ծախսերը պիտի նուազեցնէ, այլ նաեւ՝ ժողովքին պիտի օգնէ որ ընտրէ շէնք մը որ համեստ բայց գործնական պիտի ըլլայ եւ տեղական կարիքներուն յարմար պիտի ըլլայ։
7 Ելեւմտական ճշգրիտ ու մանրամասն արձանագրութիւններ պէտք է պահել։ Լաւատեղեակ եղբայրներ կամեցած են այս գործին լծուիլ, ժողովքներուն օժանդակելու համար որ հաստատեն պէտք եղած հաշիւի կերպը ու պահպանեն զայն։ Ուրիշ եղբայրներ որոնք քաջածանօթ են շինարարութեան գործառնութիւններուն հետ, ժողովքներուն կ’օգնեն որ ամբողջացնեն վայրը քննելը եւ անհրաժեշտ փոփոխութիւներ մտցնելու որոշում առնելը։ Ասիկա մեծապէս կ’օժանդակէ, քանի որ տեղական երէցները սովորաբար չեն զբաղիր յարատեւօրէն այսպիսի Թագաւորութեան Սրահի ելեւմտական արձանագրութիւններով ինչպէս որ կ’ընեն այս փորձառու ու լաւ մարզուած եղբայրները։ Երբ գործը կը վերջանայ, Ընկերութիւնը պէտք է ստանայ օրինակ մը ծրագրին ամբողջ հաշիւներուն արձանագրութիւններէն ու անոր օրինական վիճակէն։
8 Հանդիսատեսները Տպաւորուած Են. Եհովայի սուրբ հոգիին բացայայտ ազդեցութիւնը Թագաւորութեան Սրահներու առնչութեամբ աշխատող եղբայրներուն վրայ, ծառայած է որպէս վկայութիւն մը ուրիշներու։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ արագօրէն կառուցուած սրահի մը համար նիւթերը գնուեցան ատաղձագործարանէ մը, հետագային տնօրէնը գրեց. «Չեմ յիշեր որեւէ ժամանակ աւելի տպաւորուած էի խումբի մը հետ քան Եհովայի Վկաներուն հետ ծրագրին ընթացքին։ Ինծի համար թէ՛ զուարճութիւն էր եւ թէ հեաքրքրական էր այսպիսի դէպքի մը ականատես ըլլալը եւ ուրախ էի մասնակցելով պզտիկ կերպով մը։ Դուք եւ ձեր մարդիկը գովասանքի արժանի էք եւ կը մաղթեմ ձեզի յաջողութիւն ձեր ապագայ ծրագիրներուն մէջ»։
9 Ուրիշ առիթով, մատակարարողի մը ներկայացուցիչը նշանակուեցաւ որ երեք օր անցընէ շինարարութեան վայրին մէջ։ Ան ըսաւ. «Իմ կեանքս ճոխացաւ ձեր հետ ըլլալով այս շաբաթավերջը։ Եհովայի Վկաներու մասին տպաւորութիւնս փոխուեցաւ։ Դռները զարնելէ շատ աւելին կ’ընէք։ Բաժին մը ունենալը առանձնաշնորհում մըն էր։ Մի զարմանաք զիս տեսնելով ձեր հանրային ժողովին»։
10 Երբ ծրագիր մը ամբողջացաւ, քաղաքապետը գրեց քաղաքին կողմէ, ըսելով. «Ներշնչում մըն էր տեսնել հարիւրաւոր կամաւորներ միասնաբար կ’աշխատին սրահը արագօրէն կառուցանելու։ Անիկա արդարեւ գեղեցիկ շէնք մըն է։ Բնակիչները կը խօսէին շէնքին այսքան շուտ բարձրանալուն մասին։ Նոր Թագաւորութեան Սրահը մեր ընկերութեան համար իսկական վարկ մըն է եւ հպարտ ենք ընդունելով զայն ու ձեր ժողովքը»։
11 Յաւելեալ Կամաւորներու Կարիքը Կայ. Ընկերութիւնը կը փնտռէ գործածել մատչելի եղած հմտութիւնները այն ժողովքներուն մէջ որոնք պիտի հաւաքուին նոր կամ նորոգուած Թագաւորութեան Սրահներուն մէջ։ Ան նաեւ թերեւս կ’աշխատի տեղական ուրիշ եղբայրներու հետ, մանաւանդ երէցներու եւ օգնական ծառաներու հետ, զանոնք մարզելու թէ ինչպէս ձեռքի տակ եղած գործերը կատարեն։ Զարգացնելով պիտանի հմտութիւնները որոնք Թագաւորութեան Սրահներ կառուցանելու օգտակար պիտի ըլլան, այս հոգեւորապէս հասուն եղբայրները կրնան ետքը օգնել երկրին մէջ ուրիշ Թագաւորութեան Սրահներ կառուցանելու։ Հետեւաբար, անոնք որոնք կ’ընկերակցին Թագաւորութեան Սրահ մը կառուցանելու ծրագրին մէջ պարփակուող ժողովքներուն հետ, պէտք է կամեցող ու գործակցական հոգի մը ցուցաբերեն, չակնկալելով թէ Ընկերութիւնը եւ անոր հետ աշխատողները հոգ պիտի տանին իրենց Թագաւորութեան Սրահին բոլոր գործերուն։ (Նէեմ. 4։6բ) Եղբայրները պէտք է սէրէ մղուած օգնեն ուրիշ ժողովքներու համար Թագաւորութեան Սրահներ կամ տուներ վերանորոգելու, որոնք նաեւ խիստ կարիք ունին նոր կամ բարելաւուած դիւրութիւններու։—Նէեմ. 5։19. Փիլ. 2։3, 4
12 Մկրտուած հրատարակիչները որոնք նպատակայարմար հմտութիւններ ունին եւ ժողովքին մէջ լաւ կեցուածք ունին, իրենց քաջալերութիւն կը տրուի որ կամենան օժանդակել այս նշանակուած հսկայ գործին։ Շինարարութեան հետ կապ ունեցող եւ չունեցող հմտութիւններու կարիքը կայ։ Կամաւորները կրնան մօտենալ իրենց ժողովքի վերակացու տեսուչին կամ քարտուղարին եւ ցոյց տալ իրենց փորձառութիւնը որպէս արհեստաւորներ կամ ուրիշ մարզի մը մէջ ինչպէս՝ ապահովութիւն, շինանիւթեր ձեռք առնել, հաշուապահութիւն, օրինական թուղթեր պատրաստել . . .։ Կամաւորները կրնան իրենց փափաքը յայտնել։ Ետքը ժողովքին ծառայութեան յանձնախումբը մանրամասն նամակ մը կը ղրկէ, ցոյց տալով կամաւորներուն անունը, հմտութիւնները, եւ որքան ժամանակ կարելի է յատկացնել ծրագրի մը։ [Ժողովքի քարտուղարը պէտք է այս տեղեկութիւնները այժմէական պահէ երբ որեւէ փոփոխութիւն տեղի ունենայ։] Եւ յարմար ժամանակին, բոլոր անոնք որոնք կը փափաքին այսպիսի ծառայութիւններ մատուցանել, առաջուընէ տեղեկութիւն պիտի ստանան մասնայատուկ ծրագրի մը համար։ Այս կերպով ընդառաջելը կ’ապացուցանէ մեր սէրը մեր ամենամօտ դրացիներուն՝ մեր Քրիստոնեայ եղայրներուն՝ հանդէպ։—Մատթ. 7։12. 22։39. Յովհ. 13։35
13 Կամաւորներու Օժանդակութիւնը կը Գնահատուի. Թագաւորութեան Սրահ մը կառուցանելու կամ նորոգելու ծրագրի մը միջամուխ ըլլալէ առաջ, քիչեր կը գիտակցին անոր հսկայ ձեռնարկ մը ըլլալուն։ Թագաւորութեան Սրահի մը շինարարութիւնը ամբողջացնելէ ետք, երէցները գրեցին. «Եղայրներէն մեր ստացած համբերատար ուղղութիւնը մեծ օրհնութիւն մըն էր մեզի համար։ Երբ կը մտածենք այն օգնութեան մասին զոր մեզի տուին թէ՛ ուղղութիւն հայթայթելով եւ թէ հմուտ աշխատաւորները համակարգելով, կրնանք միայն վերյիշել Ա. Պետրոս 5։2, 3–ը, ուր կը կարդանք արածելու մասին ‘ո՛չ թէ ակամայ՝ հապա կամաւ, ո՛չ թէ անարգ շահախնդրութեամբ՝ հապա յօժարութեամբ, ո՛չ թէ վիճակներուն վրայ տիրելով՝ հապա հօտին օրինակ ըլլալով’։ Այս եղբայրները Եհովայի նուիրեալ ծառայութեան իրապէս լաւ օրինակներ են։ Ծրագրին ամբողջ տեւողութեան, անհամար առիթներ կային երբ եղբայրներ հեռու տեղերէ ճամբորդեցին, երկար ժամեր յատկացուցին, իրենց սարքին ու գործիքներուն գործածութիւնը նուիրեցին եւ նոյնիսկ շինանիւթեր նուիրեցին, որպէսզի մեզի օգնեն մեր նոր Թագաւորութեան Սրահին շինարարութեան նկատմամբ։ Այս եղբայրներուն առատաձեռնութիւնը մեծ ապացոյց մըն է որ իրենք ‘սէր ունին ամբողջ եղբայրակցութեան հանդէպ’ եւ ասիկա ի՜նչ քաջալերութիւն եղաւ մեզի համար։—Ա. Պետ. 2։17»
14 Եղբայրներուն կամեցող հոգին ու նախանձախնդրութիւնը բացայայտ է, ինչպէս ուրիշ երկրի մը մէջ խումբ մը գրեց. «Ի՜նչ մեծ ուրախութիւն մըն էր տեսնել Քորեայերէն, Սպաներէն ու Անգլերէն խօսող ժողովքները միասնաբար լաւ կերպով կ’աշխատին, Եհովայի պաշտամունքին մէջ միացած»։ Արդարեւ, ճշմարիտ են Սաղմոս 133։1, 3–ի խօսքերը. «Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին»։ Երէց մը գրեց ըսելով թէ ի՜նչ առանձնաշնորհում մըն էր ուրիշ եղբայրներու ծառայելը։ Ան մեկնաբանեց թէ «ժողովքները շատ քաջալերուած են այն եղբայրներով որոնք հարիւրաւոր մղոններ կը ճամբորդեն իրենց օժանդակելու որ Եհովայի իրենց նուիրումը կատարեն։ . . . Իսկապէս, մենք կը կազմենք սիրալիր եղբայրակցութիւն մը»։
15 Ժողովքի մը Թագաւորութեան Սրահին համար կատարուած գործին առ ի գնահատանք, վերակացու տեսուչը գրեց. «Քանի որ այս ժողովքին մէջ շատ տարեցներ կան, այս ծրագիրը կարելի չէր որ ամբողջացուէր միայն մեր ջանքով։ Ուստի խոր շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեզի եւ ձեզի նման եղբայրներուն որոնք Եհովայի սէրը կը զգան եւ որոնք կ’ուզեն ոչ միայն զգալ զայն, այլ նաեւ՝ յայտնաբերել զայն։ Մեր եղայրներուն կ’ըսենք. ‘Շարունակեցէք լաւ գործը’։ Մեր եղբայրներէն շատեր կը շօշափեն ձեր ճիգերը եւ անկասկած մեր Հօր՝ Եհովայի՝ ուրախութիւն կը բերեն»։ Ուրիշ երէցներ գրեցին. «Մենք անձամբ գիտենք շատերու կատարած ծանր գործը։ (Փիլի. 21) Շրջանին մէջ եղող ոչ-Վկաները բացագանչեցին որ ‘Եհովա ձեզի հետ է’»։
16 Նիւթական Նուիրատուութիւնները կը Շարունակեն Օգնել. Առատաձեռն նուիրատուութիւնները Ընկերութեան Թագաւորութեան Սրահներու Հիմնադրամին օգնած են ժողովքներուն անցեալին եւ վստահաբար պիտի շարունակեն օգնել ապագային։ Եհովա Աստուած ինք առաջնորդութիւնը չ’առնե՞ր անձնուրաց տալուն մէջ։ (Յակ. 1։17) Մինչ ճիշդ է որ կը տարբերին մեր կարողութիւնները եւ պատեհութիւնները նուիրելու, վերաճշդելով մեր անձնական ծախսելը կրնանք լման բաժին մը ունենալ շինարարութեան գործին աջակցութեան մէջ։ Այսպիսի առատաձեռնութիւն մը վստահաբար Եհովայի սրտին ուրախութիւն կը բերէ ինչպէս նաեւ մեծ քաջալերանք՝ մեր եղբայրներուն։
17 Երթալով աւելի մեծ թիւով «մեծ բազմութիւն մը» կ’ընդառաջէ Թագաւորութեան պատգամին այսօր։ «Ցանկալի բաները» հեղեղի պէս Եհովայի հոգեւոր տաճարին կը դիմեն եւ ան իր ‘տունը փառքով պիտի լեցնէ’։ (Յայտ. 7։9. Անգ. 2։7) Անգէի օրերուն հաւատարիմ Հրեաներուն նման, թող որ մտածենք Աստուծոյ գործին մասին, կատարելապէս թիկունք կանգնելով յաւելեալ Թագաւորութեան Սրահներու ստիպողական կարիքին։ Թէեւ վերջին տարիներուն ընթացքին հազարաւոր ընտիր Թագաւորութեան Սրահներ կառուցուեցան, աճումը կը շարունակէ արագօրէն ընթանալ։ Մեր յարատեւ աջակցութիւնը Ընկերութեան Թագաւորութեան Սրահներու Հիմնադրամին, հոյակապ միջոց մըն է Աստուծոյ գործին մասնակցելու։