Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ20 Սեպտեմբեր էջ 7
  • Կրնա՞ս ժամանակէդ եւ կորովէդ տալ Եհովային

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կրնա՞ս ժամանակէդ եւ կորովէդ տալ Եհովային
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2020)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածպետական շինարարութիւններու մէջ օգնէ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2022)
  • Թագաւորութեան Սրահներու շինարարութիւն՝ սրբազան ծառայութեան կարեւոր մէկ երեսակը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
  • Թագաւորութեան Սրահներու Շինարարութիւնը Միացեալ Նահանգներուն Մէջ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • Համավարակէն առաջ՝ շինարարական աշխատանքներ կ’ամբողջանան
    Ձեր նուիրատուութիւնները ինչպէ՛ս կը գործածուին
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2020)
ժտ20 Սեպտեմբեր էջ 7

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Կրնա՞ս ժամանակէդ եւ կորովէդ տալ Եհովային

Եղբայր մը կը ժպտայ, մինչ երկաթ կը կտրէ շինարարութեան ատեն։

Ինչպէս որ Եսային մարգարէացած էր, Եհովային կազմակերպութեան երկրային մասը որեւէ ժամանակէ աւելի կ’աճի (Եսա. 54։2)։ Այս պատճառով, ա՛լ աւելի Թագաւորութեան սրահներու, համաժողովի սրահներու եւ ուրիշ կառոյցներու պէտք կայ։ Ատոնք միշտ հոգատարութեան պէտք ունին, եւ ատեններ պէտք կ’ըլլայ որ ատոնցմէ ոմանք լման նորոգուին։ Լաւ, ի՞նչ առիթներ ունինք, որ մեր ժամանակէն եւ կորովէն տանք Եհովային։

  • Կրնանք մաքրութեան օգնել, երբ մեր դաշտի ծառայութեան խումբին վրայ ըլլայ Թագաւորութեան սրահին մաքրութիւնը։

  • Կրնանք խնդրել որ մարզում ստանանք մեր Թագաւորութեան սրահին ինչպէ՛ս հոգ տանելու նկատմամբ։

  • Կրնանք լեցնել Տեղական ծրագրման/շինարարութեան կամաւոր ըլլալու դիմումնագիր–ը (DC-50), որ ատենը անգամ մը օգնենք շինարարական եւ նորոգման գործերու մէջ, որոնք մեր ապրած շրջանին մէջ տեղի կ’ունենան։

  • Կրնանք լեցնել Կամաւոր ծառայութեան դիմումնագիր–ը (A-19) եւ մէկ շաբաթ կամ աւելի օգնել մեր մասնաճիւղին թաղամասին մէջ, ըլլա՛յ Բեթէլին մէջ կամ ուրիշ աստուածպետական կառոյցներու մէջ։

ԴԻՏԷ ՆՈՐ ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ. ՀԱՏՈՒԱԾ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • 2014–էն ի վեր վիտէօներու գործածութիւնը որքա՞ն աւելցած է։

  • Վիտէօներու արտադրութիւնը աւելցնելու ի՞նչ ծրագիր կայ, եւ ատիկա որքա՞ն պիտի տեւէ։

  • Կամաւորները ինչպէ՞ս կրնան օգնել այս ծրագրին մէջ։

  • Եթէ Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղին թաղամասին մէջ կ’ապրինք եւ կ’ուզենք օգնել Ռամաբոյի շինարարութեան մէջ, ինչո՞ւ պէտք է DC-50 դիմումնագիրը լեցնենք եւ օգնենք Տեղական ծրագրման/շինարարութեան ծրագիրներու մէջ, որոնք մեր ապրած շրջանին մէջ տեղի կ’ունենան։

  • Ի՞նչ փաստ կայ թէ Եհովան կ’առաջնորդէ այս ծրագիրը։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք թիկունք կանգնիլ այս ծրագրին, նոյնիսկ եթէ կարող չենք անձամբ օգնելու շինարարութեան մէջ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել