Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին Մէջ Արձանագրուիլ
1 Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը՝ միլիոնաւոր Եհովայի Վկաներ որպէս բարի լուրի քարոզիչներ մարզելու միջոց մը եղած է։ Շատերս կը յիշենք թէ որչափ երկչոտ եւ անատակ զգացինք երբ առաջին անգամ դպրոցին մէջ ելոյթ մը ունեցանք եւ հիմա երախտագիտութեամբ կը գիտակցինք որպէս Աստուծոյ Խօսքին դասախօսներ եւ ուսուցիչներ մեր հոգեւոր զարգացման մէջ անոր խաղցած դերին։ (Բաղդատել Գործք 4։13։) Այս սքանչելի դպրոցին արձանագրուա՞ծ ես։
2 Որո՞նք կրնան արձանագրուիլ այս դպրոցին։ Մեր Ծառայութիւնը Կատարելու Համար Կազմակերպուած գրքին 73–րդ էջը կ’ըսէ. «Բոլոր անոնք՝ որոնք կանոնաւորաբար ժողովներու կը մասնակցին, ի ներառեալ անոնք որոնք վերջերս ժողովներու կը յաճախեն, այնքան ատեն որ Սուրբ Գրքի սկզբունքներու հակառակ կեանք մը չեն վարեր»։ Կը հրաւիրենք այրեր, կիներ եւ երեխաներ, որ այս դպրոցին արձանագրուելու իրենց փափաքը յայտնեն դպրոցի տեսուչին։
3 1997–ի Դպրոցի Յայտագիր. 1997–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի յայտագիրը կը պարփակէ այլազան ուսուցումներ եւ կը խօսի կազմակերպութեան պատմութեան մասին։ Խօսելու եւ սորվեցնելու մեր կարողութիւնը զարգացնելէ զատ, ամէն շաբթուան ծրագրին մէջ պարփակուած հոգեւոր գանձերէն սորվելով՝ կ’օգտուինք։ (Առ. 9։9) Եթէ դպրոցի համար նախապատրաստուինք, որու մէջ պարփակուած է շաբաթական Սուրբ Գրքի ընթերցանութիւնը, եւ կանոնաւորապէս ժողովին յաճախենք, յայտագրէն մեծապէս կ’օգտուինք։
4 1997–ին, թիւ 2 աշակերտին նշանակուած Սուրբ Գրքի ընթերցանութեան բաժինները, ընդհանրապէս անցեալ տարուընէ աւելի կարճ են։ Երբ աշակերտը այս նշանակումին համար կը պատրաստուի, իր ընթերցանութեան ժամանակը պիտի չափէ, որպէսզի որոշէ թէ տրամադրուած ժամանակին մնացեալ մասը ինչպէ՞ս պիտի գործածէ բացման խօսքին եւ եզրակացութեան համար։ Ասիկա պիտի օգնէ աշակերտին որ իր ժամանակը ամբողջական կերպով գործածէ եւ միաժամանակ զարգացնէ իր կարդալու կարողութիւնը եւ յանպատրաստից խօսելու արուեստը։—Ա. Տիմ. 4։13
5 Գիտութիւն գրքին վրայ հիմնուած թիւ 3 նշանակումին վրայ աւելցուած է անպաշտօն վկայութիւնը, որպէս ցուցադրութեան յաւելեալ կարելիութիւն մը։ Ուստի քոյր մը, կրնայ վերայցելութիւն մը, տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը կամ անպաշտօն վկայութիւն մը գործածել իր ցուցադրութեան համար։ Անշուշտ գլխաւոր շեշտը պիտի շարունակուի դրուիլ ազդու կերպով ուսուցանելու, ո՛չ թէ անոր ներկայացման ձեւին, վրայ։
6 Եթէ հրահանգիչ ուղերձը, Սուրբ Գրքի աչքառու կէտերը կամ աշակերտական բաժին մը ներկայացնելու առանձնաշնորհումը ունենաք, կրնաք ձեր գնահատութիւնը ցոյց տալ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին համար լաւ պատրաստուելով եւ նախապէս ձեր բաժինը փորձելով, զայն համոզումով ու եռանդով ներկայացնելով, ժամանակը չանցընելով, դպրոցի տեսուչին մտիկ ընելով, տրուած խրատները կիրարկելով, եւ միշտ ջանալով ձեզի տրուած նշանակումը հաւատարմութեամբ կատարել։ Այս կերպով, դպրոցին մէջ ելոյթ ունենալը օրհնութիւն մը պիտի ըլլայ թէ՛ ձեզի եւ թէ բոլոր ներկաներուն համար։