Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/96 էջ 2
  • Օգնութիւն՝ «Պէտք Եղած Ատեն»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Օգնութիւն՝ «Պէտք Եղած Ատեն»
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ձեր ընտանեկան կեանքէն ներս աստուածային խաղաղութիւն հետապնդեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ուրիշներու Հետ Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը Բաժնենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • Ընտանիքներուն Օգնենք Որ Տեւական Ապագայ Մը Ապահովեն
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • Մնայուն ապագայ մը ապահովեցէք ձեր ընտանիքին համար
    Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
թծ 12/96 էջ 2

Օգնութիւն՝ «Պէտք Եղած Ատեն»

1 Որքա՜ն թարմացուցիչ է օգնութիւն ստանալ ճիշդ այն ատեն՝ երբ պէտքը ունինք։ (Եբր. 4։16) «Աստուածային Խաղաղութեան Պատգամաբերներ» Նահանգային Համաժողովին, ուրախացանք երբ օգնական երկու մասնայատուկ հայթայթումներ ստացանք ճիշդ պէտք եղած ատեն։

2 Նոր գիրքը՝ Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը, յարմար ատենին հասաւ։ Ատիկա շեշտը կը դնէ չորս էական բաներու վրայ, որոնք ընտանեկան ուրախ կեանք մը կը յառաջացնեն. (1) Ժուժկալութիւն, (2) գլխաւորութեան ճանաչում, (3) լաւ հաղորդակցութիւն, ու (4) սէր։ Ընտանեկան Ուրախութեան գրքին մէջ ներկայացուած խրատը զայն կիրարկող բոլոր ընտանիքներուն պիտի օգնէ, որ աստուածային խաղաղութիւն գտնեն։ Ժամանակ տրամադրեցէք նոր գիրքը ուշադրութեամբ կարդալու ու որպէս ընտանիք զայն միասնաբար ուսումնասիրելու։ Ծանօթացէք անոր երեսակներուն, որպէսզի պատրաստ ըլլաք զայն ազդու կերպով գործածելու երբ Մարտին սկսինք զայն հանրութեան ներկայացնել։

3 Նոր գրքոյկը՝ Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ, ճիշդ ատենին հասաւ, մեր աշակերտելու գործը արագացնելու օգնելով։ Թէեւ ատիկա կրնայ գործածուիլ յատկապէս կարդալու սահմանափակ կարողութիւն ունեցող անհատներուն օգնելու համար, սակայն ուսեալ չափահասներէն ու պզտիկներէն շատեր ալ պիտի օգտուին Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումներուն մասին անոր տուած պարզ բացատրութիւններէն։ Թերեւս ճիշդ անոր պէտք ունէինք ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար, որ կրնայ որպէս ոտնաքար մը ծառայել Գիտութիւն գրքին անցնելու։ Վստահաբար այս հայթայթումը պիտի օգնէ որ աւելի շատ անհատներ հասկնան թէ ի՛նչպէս կրնան առատապէս օրհնուիլ Աստուծոյ պահանջները կատարելով։

4 Դաւիթ մեր զգացումները լիովին արտայայտեց երբ յայտարարեց որ ‘ինք բանի մը կարօտութիւն չունէր, իր հոգին կը նորոգուէր, իր բաժակը խիստ լեցուն էր’։ (Սաղմ. 23։1, 3, 5) Ուրախութեամբ կը սպասենք այս սքանչելի հոգեւոր օգնութիւնը բազմաթիւ ուրիշ անհատներու փոխանցել, որոնք անկեղծօրէն կը փափաքին ճշմարիտ Աստուածը՝ Եհովան ճանչնալ ու անոր ծառայել։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել