Ուրիշներու Հետ Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը Բաժնենք
1 Ընտանիքը մարդկային ընկերութեան հիմնական միաւորն է, ուստի ընտանիքներ կը կազմեն գիւղեր, քաղաքներ, նահանգներ եւ ազգեր։ Ներկայիս ընտանեկան միաւորը որեւէ ժամանակէ աւելի ճնշումի ներքեւ է։ Զօրաւոր ուժեր գործի լծուած են, ընտանեկան կեանքին գոյութեան իսկ սպառնալով։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք որ Եհովա՝ ընտանեկան կարգադրութեան Ծրագրողը, մեզի հրահանգներ հայթայթած է, որպէսզի ընտանեկան ուրախութիւն ձեռք ձգենք։ Իր ուղեգծերուն հետեւողները գտած են թէ խնդիրները կը նուազին եւ արդիւնքը կ’ըլլայ ընտանեկան յաջող միաւոր մը։ Սեպտեմբերին՝ Ընտանեկան Կեանքդ Երջանիկ Ընել գիրքը տեղաւորելու առանձնաշնորհումը ունինք։ Նախաձեռնութիւնը առէք մարդոց մօտենալու, ընտանեկան կեանքի նիւթով։ Բարեկամական, դրական եւ խորատես եղէք։ Ի՞նչ կրնաք ըսել։
2 Կրնաք հարցում մը յարուցանելով սկսիլ.
◼ «Նկատի առա՞ծ էք որ շատ մը ընտանիքներ կեանքի ճնշումներուն դժուարութեամբ կը տոկան։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Տեղեկագրութիւններ ցոյց կու տան որ շատեր տան մէջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։ Ի՞նչ բան կը կարծէք կրնայ օգնել ընտանիքներուն, որ աւելի կայուն եւ ուրախ ըլլան։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Քանի որ Աստուած հաստատեց ամուսնութեան կարգադրութիւնը, տրամաբանական պիտի չըլլա՞յ որ անոր տուած ուղեգծերը քննենք։ [Կարդացէք Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17։] Այսպիսի օգտակար հրահանգներ կը գտնուին այս գրքին մէջ, որու խորագիրն է՝ Ընտանեկան Կեանքդ Երջանիկ Ընել»։ Ետքը անհատին հարցուցէք թէ ընտանեկան ո՛ր խնդիրը կը թուի հասարակաց ըլլալ, ցոյց տուէք այդ խնդիրը նկատի առնող գլուխը եւ ապա գիրքը ներկայացուցէք։
3 Վերայցելութեան ատեն, կրնաք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու նպատակակէտը հետապնդել, ըսելով.
◼ «Ընտանեկան կեանքի մասին ձեր ըսած խօսքերուն մասին խորհեցայ եւ ձեզի բերի գրքոյկ մը, որ կը խորհիմ հաճոյք պիտի առնէք զայն կարդալով։ [Ցոյց տուէք Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը, բացէք էջ 16 ու կարդացէք վերեւը եղող վեց հարցումները։] Բացայայտօրէն, ընտանիքին իւրաքանչիւր անդամը իր բաժինը պէտք է բերէ ընտանեկան ուրախութեան նպաստելու համար։ Եթէ քանի մը վայրկեան ունիք, ձեզի կը ցուցադրեմ թէ ի՛նչպէս կրնաք լաւագոյնս օգտուիլ այս տեղեկութիւններէն»։ Ապա սկսեցէք 8–րդ դասը ուսումնասիրել։
4 Խօսակցութիւն մը սկսելու ուրիշ կերպ մըն է, խնդիր մը յիշել, թերեւս ըսելով.
◼ «Թէեւ ամէն ոք կը փափաքի գոհունակ զգալ, սակայն կը թուի թէ շատ մը ընտանիքներ ասոր մէջ ձախողած են։ Ի՞նչ կը խորհիք կրնայ օգնել անոնց որ ճշմարիտ ուրախութիւն գտնեն։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Դարեր առաջ, Աստուածաշունչը յայտնած էր թէ ներկայիս ընտանիքներուն մէջ ի՛նչպիսի խնդիրներ պիտի տեսնենք։ [Կարդացէք Բ. Տիմոթէոս 3։1-3։] Սակայն, Աստուածաշունչը ընտանիքներուն նաեւ կ’ըսէ թէ ի՛նչ ընեն այս խնդիրները լուծելու եւ մնայուն խաղաղութիւն ձեռք ձգելու համար։ Անոր սկզբունքները ներկայացուած են այս գրքին մէջ, որու խորագիրն է՝ Ընտանեկան Կեանքդ Երջանիկ Ընել»։ Ցոյց տուէք բովանդակութեան ցանկը, կարդացէք էջ 2–ի վրայ գտնուող հրատարակիչներուն կողմէ ուղղուած խօսքը, ապա գիրքը ներկայացուցէք։
5 Երբ վերադառնաք, «Ի՛նչ կը Պահանջէ» գրքոյկը գործածեցէք ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար։ Կրնաք ըսել.
◼ «Ընտանեկան կեանքին կիրարկուող Աստուածաշունչի սկզբունքները քննելու ձեր յօժարութիւնը զիս տպաւորեց։ Փորձառութիւնը ցոյց կու տայ թէ լաւագոյն արդիւնքները ձեռք կը ձգուին եթէ Աստուածաշունչին մէջ գտնուած գործնական խրատներուն հետեւինք։ Հետեւեալը պարզ բացատրութիւն մըն է թէ պարագան ինչո՛ւ այդպէս է»։ Կարդացէք Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկին առաջին դասին առաջին պարբերութիւնը, ի ներառեալ Սաղմոս 1։1-3 կամ Եսայեայ 48։17, 18։ Եթէ պարագան կը ներէ, դասին մնացեալ մասն ալ նկատի առէք։ Առաջարկեցէք վերադառնալ, որպէսզի յաջորդ դասը միասնաբար ուսումնասիրէք։
6 Մեր Գրականութիւններուն Մասին. Գիտակցելով որ մեր բոլոր գրականութիւնները արժէքաւոր են ու զանոնք հրատարակելը ծախսի կը նայի, կը վարանի՞ք ձեր հանդիպած մարդոց պարբերաթերթեր, գրքոյկներ կամ գիրքեր ներկայացնել։ Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ որ չգնահատող մարդոց գրականութիւններ չենք տար։ Կերպերէն մէկն է հարցնել անհատին թէ կը խոստանա՞յ ձեր ներկայացուցած գրականութիւնը կարդալ։
7 Օրինակ, երբ «Ընտանեկան Կեանքդ» գիրքը կը ներկայացնէք, կրնաք հետեւեալը ըսել.
◼ «Եթէ կը խոստանաք այս գիրքը կարդալ, զայն ձրիաբար ձեզի կը մատուցանեմ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Թերեւս հարց կու տաք թէ ի՛նչպէս կրնանք այսպիսի բան մը ընել։ Պարագան այդպէս է, քանի որ մեր գործունէութիւնը յօժարակամ նուիրատուութեամբ կ’ըլլայ։ Եթէ կը փափաքիք մեր գործին ի նպաստ փոքր նուիրատուութիւն ընել, զայն ուրախութեամբ կ’ընդունիմ»։ Եղբայր մը գրեթէ ոչինչ կը ստանար, մինչեւ որ իր ներկայացումին մէջ երկու փոփոխութիւններ մտցուց։ Առաջին, ան բառ մը աւելցուց, ըսելով. «Եթէ կը փափաքիք մեր գործունէութեան ի նպաստ փոքր նուիրատուութիւն մը ընել այսօր, զայն ուրախութեամբ կ’ընդունիմ»։ Երկրորդ, ան բաւարար ժամանակ կանգ առաւ, թոյլ տալու համար որ տանտէրը ընդառաջէ։ Ան այն ատեն աւելի վստահ զգաց որ գրականութիւնը կը գնահատուէր եւ պիտի կարդացուէր։
8 Ամէն ջանք թափենք ուրիշներու հետ բաժնելու համար ընտանեկան ուրախութեան առաջնորդող գաղտնիքը, որ է՝ Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուած պատուէրներուն հետեւիլ։—Սաղմ. 19։7-10