Աշակերտներ Արտադրող Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւններ
1 «Ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ մկրտուելէ», հարցուց Եթովպիացի ներքինին, Փիլիպպոս ‘անոր Յիսուսը քարոզելէ’ յետոյ։ (Գործք 8։27-39) Եթովպիացիին պարագային, ան արդէն իսկ Աստուծոյ ներշնչեալ գրութիւններուն հանդէպ սէր ունէր, հետեւաբար, Փիլիպպոսէ հոգեւոր օգնութիւն ստանալէն յետոյ, պատրաստ էր աշակերտ մը դառնալու։ Սակայն, ամէն մարդ համոզուած չէ որ անձնապէս Սուրբ Գրութիւնները քննելու կարիքը ունի։
2 Բարեբախտաբար, Եհովայի կազմակերպութիւնը Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար խորագրով նոր գրքոյկը հայթայթեց, որպէսզի մարդոց քաջալերէ որ Աստուածաշունչի այժմու պատգամը քննեն։ Անոր պարունակած տեղեկութիւնները անկեղծ անհատներու գրաւիչ պէտք է ըլլան, որոնք թէեւ ուսեալ կրնան ըլլալ, սակայն Աստուածաշունչի մասին շատ քիչ բան գիտեն։ Այս հոյակապ գործիքը ծրագրուած է մարդոց մղելու որ ուզեն Աստուածաշունչը քննել։
3 Երբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն սկսուի, օգտակար կրնայ ըլլալ վերաքաղ ընել Յունիս 1996–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկի յաւելուածականին հոյակապ թելադրութիւնները, Գիտութիւն գրքով ի՛նչպէս արդիւնաբեր ուսումնասիրութիւն մը վարելու մասին։ Ուսումնասիրութեան ընթացքին, նկատի առէք աշակերտին արձանագրած յառաջդիմութիւնը, որպէսզի կարենաք որոշել թէ ո՛ր մարզերուն մէջ յաւելեալ ուշադրութեան կարիքը կայ։ Աշակերտը քաջալերեցէք որ իր դասերը նախապէս պատրաստէ, համարները բանալով։ Իր բառերով պատասխանելը կրնայ ցոլացնել ճշմարտութեան հանդէպ իր սրտագին գնահատութիւնը։ Անոնք որոնք Ընկերութեան միւս գրականութիւնները կ’ընթերցեն ու կանոնաւորաբար ժողովքային հանդիպումներուն ներկայ կ’ըլլան, սովորաբար արագօրէն կը յառաջդիմեն։ Զինք քաջալերեցէք որ իր սորվածները անպաշտօն կերպով ուրիշներուն խօսի։ Ազնուօրէն անոր ցոյց տուէք թէ ի՛նչ պէտք է ընէ հոգեւորապէս յառաջդիմելու համար։ Պէտք չէ երկարատեւ ուսումնասիրութիւններ վարենք վարանոտ անհատներու հետ։ Աշակերտները սորվելու նախաձեռնութիւնը պէտք է առնեն, ճշմարտութեան կողքին հաստատ դիրք բռնեն եւ նուիրումի ու մկրտութեան դիմեն։
4 Կարգ մը ընտանիքներու մէջ, մէկէ աւելի ուսումնասիրութիւններ կը վարուին, ընտանիքի զանազան անդամներ անջատ ուսումնասիրութիւններ ունենալով։ Սակայն, որպէս ընտանիք անոնց հետ միասնաբար ուսումնասիրելը, շատ մը պարագաներուն նախընտրելի է, քանի որ ընտանիքը հոգեւորապէս կը միացնէ։
5 Յիսուսի պատուէրն է որ երթանք ու աշակերտենք։ (Մատթ. 28։19) Ասիկա ընելու համար, պէտք է վարենք այնպիսի Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ, որոնք աշակերտներու կ’օգնեն յառաջդիմելու ա՛յն աստիճան որ հարց տան. «Ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ մկրտուելէ»։