Աւելի Կարեւոր Բաները Առաջին Տեղը Դրէք
1 Ի՞նչ են կարգ մը կարեւոր բաներ, որոնք մեր հոգեւոր առողջութեան համար կենսական են։ Վստահաբար անոնք կը պարփակեն անձնական ուսումնասիրութիւնը, ժողովներու յաճախելը, յարատեւ աղօթելը, կերտիչ ընկերակցութիւնը եւ քրիստոնէական ծառայութիւնը։ Չենք կրնար հոգեւոր լաւ առողջութիւն պահպանել, եթէ կարեւոր բաները մեր կեանքին մէջ առաջնակարգ տեղը չդնենք։
2 Սակայն, բոլորս ալ մարմնային ցանկութիւններուն դէմ պայքար կը մղենք ու կրթութեան կարիքը ունինք։ (Գաղ. 5։17) Բնաւ պէտք չէ խորհինք թէ անձնասէր հետաքրքրութիւններ հետապնդելով աւելի կ’օգտուինք։ (Երեմ. 17։9) Հետեւաբար, եթէ կ’ուզենք մեր սիրտը պաշտպանել եւ մոլորելէ խուսափիլ, պէտք է կանոնաւորաբար մեր անձերը քննենք։—Առ. 4։23. Բ. Կորն. 13։5
3 Ձեր Սիրտը Քննեցէք. Ասիկա կրնաք ընել, դուք ձեզի կարգ մը անկեղծ հարցումներ հարցնելով. Աստուծոյ Խօսքը կարդալու զօրաւոր տենչ ունի՞մ։ (Ա. Պետ. 2։2) Ժողովքի բոլոր հանդիպումներուն ներկայ ըլլալու կարեւորութիւնը կը գնահատե՞մ։ (Եբր. 10։24, 25) Աղօթքի մէջ կը յարատեւե՞մ։ (Հռովմ. 12։12) Հոգեւոր մտածելակերպ ունեցող անհատներու ընկերակցութիւնը կը փնտռե՞մ։ (Հռովմ. 1։11, 12) Բարի լուրը ծանուցանելու անհատապէս պարտաւոր կը զգա՞մ։ (Ա. Կորն. 9։16) Այս հարցումներուն դրական պատասխանը ցոյց պիտի տայ թէ կը փափաքիք աւելի կարեւոր բաները առաջին տեղը դնել։
4 Ձեր Առօրեայ Սովորութիւնը Քննեցէք. Ձեր սրտին փափաքները քննելէ ետք, ժամանակի գործածութեան համար պէտք է նախապատուութիւններ հաստատէք։ Ասիկա կը պարփակէ ժամանակ տրամադրել կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը, Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի իւրաքանչիւր թիւը կարդալու, ինչպէս նաեւ ժողովներու նիւթերը պատրաստելու։ Ժամանակ պէտք է տրամադրուի նաեւ ընտանեօք ուսումնասիրելու եւ աղօթելու։ Հեռատեսիլ դիտելու կամ համակարգիչ գործածելու ժամանակը սահմանափակեցէք։ Հաստատամիտ եղէք ժողովքի բոլոր հանդիպումներուն յաճախելու, իսկ միւս բոլոր բաները թող անոր շուրջ դառնան։ Ծրագրեցէք որ ընտանիքի բոլոր անդամները ամէն շաբաթ դաշտի ծառայութեան մասնակցին։
5 Անկասկած, աւելի կարեւոր բաները մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնելը ուրախութիւն պիտի պատճառէ։