«Ի՞նչպէս Կրնամ . . . Եթէ Մէկը Ինծի Չառաջնորդէ»
1 Երբ Փիլիպպոս աւետարանիչը Եթովպիացի ներքինիին հարցուց թէ Աստուծոյ Խօսքէն իր կարդացածը կը հասկնա՞ր, ան պատասխանեց. «Ի՞նչպէս կրնամ հասկնալ, եթէ մէկը ինծի չառաջնորդէ»։ Փիլիպպոս ուրախութեամբ անոր օգնեց, որ Յիսուսի մասին բարի լուրը հասկնայ. անկէ անմիջապէս ետք մարդը մկրտուեցաւ։ (Գործք 8։26-38) Փիլիպպոս ‘բոլոր ազգերը աշակերտելու, մկրտելու եւ անոնց սորվեցնելու’ Քրիստոսի յանձնարարութեան կը հնազանդէր։—Մատթ. 28։19, 20
2 Մենք ալ աշակերտելու յանձնարարութեան պէտք է հնազանդինք, ճիշդ ինչպէս որ Փիլիպպոս ըրաւ։ Սակայն, Եթովպիացի ներքինիին կատարած հոգեւոր արագ յառաջդիմութիւնը շատ յաճախ չենք տեսներ, այն անհատներուն մէջ որոնց հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրենք։ Սուրբ գրքերուն քաջածանօթ եղող այս Հրեայ նորահաւատը՝ ընդառաջող սիրտ մը ունէր եւ միայն պէտք ունէր ընդունելու, թէ Յիսուս խոստացեալ Մեսիան էր։ Եթէ մեզի հետ ուսումնասիրող անհատները ծանօթ չըլլան Աստուածաշունչին, կրօնական սուտ ուսուցումներով մոլորած կամ անձնական դժուար խնդիրներով ծանրաբեռնուած ըլլան, ասիկա մարտահրաւէր մըն է։ Ի՞նչ բան պիտի օգնէ մեզի, որ Աստուածաշունչի աշակերտները նուիրումի եւ մկրտութեան առաջնորդելու մէջ յաջողութիւն գտնենք։
3 Աստուածաշունչի Աշակերտին Հոգեւոր Կարիքներուն Գիտակցեցէք. Օգոստոս 1998–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականը նկատի առաւ անհատի մը հետ որքա՛ն ժամանակ ուսումնասիրելու հարցը, Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը եւ Գիտութիւն գիրքը գործածելով։ Անիկա հետեւեալ ցուցմունքը տուաւ. «Անհրաժեշտ է ուսումնասիրութեան արագութիւնը յարմարցնել աշակերտին պարագաներուն եւ ընդունակութեան։ . . . Արագ ընելու սիրոյն, յստակ հասկացողութիւն մը ձեռք ձգելու մէջ աշակերտին յառաջդիմութիւնը պէտք չէ զոհել։ Ամէն աշակերտ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ իր նորագիւտ հաւատքին համար հաստատ հիմի կարիքը ունի»։ Ուստի, իմաստութիւն է Գիտութիւն գրքին նիւթերը արագօրէն չծածկել, գիրքը վեց ամիսէն լրացնելու միտումով։ Վեց ամիսէն շատ աւելի երկար ժամանակ կրնայ պահանջել, որպէսզի կարգ մը անհատներու օգնութիւն տրուի մկրտութեան հասնելու։ Մինչ ուսումնասիրութիւնը ամէն շաբաթ կը վարէք, անհրաժեշտ եղածին չափ ժամանակ տրամադրեցէք աշակերտին օգնելու, որ հասկնայ եւ ընդունի Աստուծոյ Խօսքէն իր սորվածները։ Կարգ մը պարագաներու, երկու կամ երեք շաբաթ կ’ուզէ որ Գիտութիւն գրքէն մէկ գլուխ ուսումնասիրուի։ Ասիկա ժամանակ պիտի տայ որ յիշուած համարներէն շատեր կարդացուին եւ բացատրուին։—Հռովմ. 12։2
4 Սակայն, ի՞նչ կրնանք ըսել եթէ Գիտութիւն գիրքը ամբողջացնելէ ետք, նկատեցիք թէ կարիքը կայ ճշմարտութեան մասին աշակերտին հասկացողութիւնը կատարելագործելու, կամ՝ թէ ան տակաւին լիովին չէ մղուած ճշմարտութեան կողքին դիրք բռնելու եւ իր կեանքը Աստուծոյ նուիրելու։ (Ա. Կորն. 14։20) Յաւելեալ ի՞նչ բան կրնաք ընել զինք կեանքի ճամբուն մէջ առաջնորդելու համար։—Մատթ. 7։14
5 Աստուածաշունչի Աշակերտին Հոգեւոր Կարիքները Գոհացուցէք. Եթէ բացայայտ ըլլայ որ անհատ մը կը յառաջդիմէ, թէեւ դանդաղօրէն, եւ իր սորվածին հանդէպ գնահատութիւն կը մշակէ, այն ատեն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը շարունակեցէք երկրորդ գիրք մը գործածելով, Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը եւ Գիտութիւն գիրքը ամբողջացնելէ ետք։ Ամէն պարագայի ասիկա անհրաժեշտ չէ, սակայն երբ կարիքը ըլլայ, ուսումնասիրութիւնը շարունակեցէք Իսկական Խաղաղութիւն գրքով, Պաշտամունք գրքով, կամ Աստուծոյ Խօսքը գրքով։ Հրատարակիչներէն շատեր կրնան իրենց անձնական օրինակները գործածել, եթէ ժողովքը այս գրքերէն քանակ մը չունի։ Աստուծոյ Խօսքը միակ գիրքն է որ կրնաք Պրուքլինէն ապսպրել։ Ամէն պարագայի, նախ եւ առաջ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը եւ Գիտութիւն գիրքը պէտք է ուսումնասիրուին։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը, վերայցելութիւնները եւ ուսումնասիրութիւնը շարունակելու համար տրամադրուած ժամանակը պէտք է տեղեկագրուին, նոյնիսկ երբ երկրորդ գիրքը չամբողջացուցած՝ աշակերտը մկրտուի։
6 Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ վերջերս մկրտուած, սակայն միայն մէ՛կ գիրք ուսումնասիրած անհատներ, հիմա դարձեալ օգնութիւն պէտք է ստանան երկրորդ գիրքը ուսումնասիրելու համար։ Պայման չէ։ Սակայն, կրնայ ըլլալ որ անոնք անգործունեայ դարձած են կամ ճշմարտութեան մէջ չեն յառաջդիմած, եւ կը խորհին թէ ճշմարտութիւնը իրենց կեանքին մէջ աւելի լիովին կիրարկելու համար անհատական օգնութեան կարիքը ունին։ Ծառայութեան տեսուչին գաղափարը պէտք է առնուի, մկրտուած հրատարակիչի մը հետ ուսումնասիրութիւն մը վերսկսելէ առաջ։ Սակայն, եթէ գիտէք անհատներ որոնք անցեալին Գիտութիւն գիրքը ուսումնասիրած են, բայց նուիրումի եւ մկրտութեան քայլը առնելու աստիճան չեն յառաջդիմած, կրնաք նախաքայլը առնել տեսնելու համար թէ արդեօք կը փափաքի՞ն իրենց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը վերսկսիլ։
7 Քրիստոնէական սիրոյ մէկ յատկանիշն է սերտ, անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերել մեր հետ ուսումնասիրող իւրաքանչիւր անհատին հանդէպ։ Մեր նպատակն է աշակերտին օգնել որ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութեան հանդէպ աւելի խոր ներատեսութիւն ձեռք ձգէ։ Ապա ան կրնայ ճշմարտութեան կողքին հաստատ ու գիտակից կեցուածք մը բռնել, եւ իր կեանքը Եհովայի նուիրել, այդ նուիրումը ջուրի մկրտութեամբ խորհրդանշելով։—Սաղմ. 40։8. Եփ. 3։17-19
8 Կը յիշէ՞ք ինչ պատահեցաւ Եթովպիացի ներքինիին, իր մկրտուելէն ետք։ «Իր ճամբան գնաց ուրախութեամբ», որպէս Յիսուս Քրիստոսի նոր աշակերտ մը։ (Գործք 8։39, 40) Կը մաղթենք որ մենք եւ անոնք՝ որոնց կը յաջողինք ճշմարտութեան ճամբուն մէջ առաջնորդել, աւելի ուրախութիւն գտնենք Եհովա Աստուծոյ ծառայութեան մէջ, հիմա՛ եւ յաւիտեան։