Ծառայութեան Ժողովներ Յունուար Ամսուան Համար
Յունուար 6–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 59
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութենէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Վերաքաղ ըրէ տեղական ժողովքին Հոկտեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագրութիւնը։
20 վյրկ. Ժամանակն Է Նորոգելու Բժշկական Կանխայայտ Ցուցմունք/Անպարտագիր Քարտը։ Ատակ երէց մը նկատի կ’առնէ քարտը լման կերպով լեցնելու ու զայն ամէն ատեն մեր հետ ունենալու կարեւորութիւնը։ Շտապ պարագայի մը, այս փաստաթուղթը ձեր մասին պիտի խօսի երբ դուք անկարող էք։ (Բաղդատել Առակաց 22։3։) Ամէն տարի նոր քարտ մը պէտք է լեցուի, արիւն մերժելու ձեր որոշումը այժմէական դարձնելու համար, քանի որ կարգ մը բժիշկներ եւ ուրիշներ դաւանած են թէ մէկ տարիէն աւելի եղող որեւէ փաստաթուղթ չի կրնար անհատին ընթացիկ համոզումները ներկայացնել։ Ժողովէն ետք, Բժշկական Կանխայայտ Ցուցմունք/Անպարտագիր քարտը մկրտուած բոլոր հրատարակիչներուն պիտի տրուի, իսկ անչափահաս չմկրտուած զաւակներ ունեցողները, իւրաքանչիւրին համար Անձնագիր մը պիտի ստանան։ Բացատրէ թէ այս քարտերը ոչ թէ հոս, այլ տունը՝ ուշադրութեամբ պէտք է լեցուին, բայց պէտք չէ ստորագրուին։ Ձեր ու վկաներուն ստորագրութիւնը ինչպէս նաեւ թուական դնելը պիտի ըլլայ Ժողովքի յաջորդ Գրքի Ուսումնասիրութենէն ետք, գրքի ուսումնասիրութեան վարիչին հսկողութեան ներքեւ։ Ան պիտի ստուգէ, վստահ ըլլալու համար թէ իր խումբին բոլոր անդամները քարտ մը ունին եւ պէտք եղած օգնութիւնը ստացած են։ Որպէս վկաներ ստորագրողները պէ՛տք է տեսնեն անհատին իր փաստաթուղթը ստորագրելը։ Ոեւէ մէկը որ բացակայ է այդ օրը, վարիչները կամ երէցները անոր պիտի օգնեն յաջորդ Ծառայութեան Ժողովին, մինչեւ որ մկրտուած բոլոր հրատարակիչները իրենց քարտերը պատշաճօրէն լեցնեն ու ստորագրեն։ (Վերաքաղ ըրէ 15 Հոկտեմբեր 1991 թուակիր նամակը։) Այս քարտին գործածած լեզուն իրենց անհատական պարագաներուն ու համոզումներուն յարմարցնելով, չմկրտուած հրատարակիչները կրնան իրենց անձնական ցուցմունքը գրել, իրենց եւ իրենց զաւակներուն գործածութեան համար։ Մատնանշէ Դեկտեմբեր 1995 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան Հարցումի Տուփը։ Բացատրէ թէ Ընկերութեան հայթայթած առողջապահական փոխանորդագրի պատճէն վաւերական փաստաթուղթ մըն է, ընդունուած՝ բժշկական եւ օրինական անձնակազմերու կողմէ եւ եթէ զայն պատշաճօրէն լեցնենք, անիկա օրինական յաւելեալ երաշխիք մըն թէ՝ արեան, առողջապահական ու մահու կենաց որոշումներուն նկատմամբ անհատի մը փափաքները պիտի յարգուին։ Մկրտուած հրատարակիչներ կրնան այս փաստաթուղթէն օրինակ մը ստանալ՝ քարտուղարէն։ (Բժշկական Կանխայայտ Ցուցմունք/Անպարտագիր քարտին հակառակը՝ որ տարեկան կը նորոգուի, առողջապահական փոխանորդագրի պատճէն պէտք է փոխարինուի մի՛միայն երբ որոշէք փոփոխութիւն մը մտցնել անոր մէջ։) Այս կենսական մանրամասնութեանց հոգ տանելու մէջ ներատեսութիւն ի գործ դնելով, Եհովայէ բարիք պիտի գտնենք։—Առակաց 16։20
15 վյրկ. «Որակելի ու Զինուած՝ Ուրիշներուն Սորվեցնելու»։ (Պարբերութիւն 1–6) Հակիրճօրէն մեկնաբանէ 1–2–րդ պարբերութիւնները, շեշտելով որ կարիքը ունինք վստահ ըլլալու թէ Եհովայի օգնութեամբ կրնանք ազդուօրէն ուրիշներուն սորվեցնել։ Ցուցադրէ 3–6–րդ պարբերութիւններուն ներկայացումները, գործածելով երկու հրատարակիչ–տանտէր զոյգ, իւրաքանչիւր զոյգը ցուցադրելով թէ՛ առաջին հանդիպումը եւ թէ վերայցելութիւնը։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ երբ գրականութիւն մը տեղաւորեն, պատշաճ է նշել որ մեր երկրածաւալ գործին ի նպաստ եղած նուիրատուութիւնները ուրախութեամբ կ’ընդունինք։
Երգեցողութիւն թիւ 32 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 13–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 63
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիրը։ Ընթացիկ պարբերաթերթերէն խօսակցական կարգ մը կէտեր յատկանշէ։ Թելադրութիւններ ներկայացուր թէ մեր անձերը ի՛նչպէս ծանօթացնելու ենք, երբ մարդոց անպաշտօն կերպով կը վկայենք։ Ներկաները հրաւիրէ որ պատմեն թէ ի՛նչ բացումներ գործածած են, երբ ուրիշներու հետ խօսած են խանութներու մէջ, փողոցը, հանրային պարտէզներու եւ փոխադրամիջոցներու մէջ, եւայլն։ Յիշէ Յունուար 20–ի համար որոշուած դաշտի ծառայութեան մասնայատուկ կարգադրութիւնները։
15 վյրկ. «Որակելի ու Զինուած՝ Ուրիշներուն Սորվեցնելու»։ (Պարբերութիւն 7–9) Վերայցելութիւններ ընելու մասին փորձառութիւններ պատմէ 1995–ի Տարեգիրքէն, էջ 45, շեշտելով ցուցաբերուած որեւէ հետաքրքրութիւն հետապնդելու կարեւորութիւնը։ Փորձառու հրատարակիչ մը 7–8–րդ պարբերութիւններէն առնուած ներկայացումներ թող ցուցադրէ։ Թէեւ սկիզբը ուրիշ գրականութիւններ կը ներկայացնենք, սակայն մեր ջանքերը պէտք է կեդրոնացնենք՝ ի վերջոյ Գիտութիւն գրքէն ուսումնասիրութիւններ վարելու վրայ։ Բոլորը քաջալերէ որ յաջորդ շաբթուան ընթացքին ժամանակ որոշեն վերայցելութիւններ ընելու։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ, կամ՝ «Ձեր Բեռը Միշտ Եհովայի Վրայ Դրէք»։ Քաջալերական դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Ապրիլ 1996–ի թիւին վրայ, էջ 27–29, Անգլերէնով։
Երգեցողութիւն թիւ 85 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 20–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 143
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. «Ամէն Տեսակ Մարդիկ Պիտի Փրկուին»։ Հարց պատասխանով։ Ներկաները հրաւիրէ որ հակիրճօրէն կարգ մը փորձառութիւններ պատմեն, ցոյց տալու համար թէ ի՛նչպէս նպաստաւոր ընդառաջում գտան տարբեր մակարդակի պատկանող մարդոցմէ։
20 վյրկ. Մեր Լաւ Վարքով Վկայենք։ Երէց մը կը խօսակցի երկու կամ երեք պատանիներու հետ։ Խօսակցութիւնը հիմնուած է Դիտարան 15 Օգոստոս 1987–ի թիւին վրայ, էջ 10–20, Անգլերէնով։ Պարփակէ հրատարակուած փորձառութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ տեղական որեւէ փորձառութիւն որ ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս դիտողներ նպաստաւոր կերպով տպաւորուած են քրիստոնեայ պատանիներու ուղիղ վարքէն։
Երգեցողութիւն թիւ 160 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 27–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 46
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
10 վյրկ. Հարցումի Տուփին վերաքաղը՝ քարտուղարին կողմէ։
15 վյրկ. «‘Խօսքը կը Քարոզե՛նք’»։ Հարց պատասխանով։ Պարփակէ կարգ մը մեկնաբանութիւններ ցոյց տալու համար թէ մենք ինչո՛ւ խորապէս կը գնահատենք Աստուծոյ Խօսքին արժէքը։—Տես՝ Զարթի՛ր 22 Մարտ 1984, էջ 9–11։
15 վյրկ. Վերաքաղ Ընենք Փետրուար Ամսուան Ներկայացուելիք Գրականութիւնը։ Մատնանշէ գրքին հետաքրքրական երեսակները, ինչպէս. (1) Գլուխներուն աչքառու խորագիրները, (2) գունագեղ պատկերները, (3) շրջագծի մէջ առնուած վերաքաղի հարցումները եւ ցուցակները, ու (4) տպուած միտք–գրգռող հարցումները։ ժողովի յայտագրին նախորդ բաժնին հետ ներդաշնակ ըլլալով, քաջալերէ ներկայացումին մէջ լաւ ընտրուած համարի մը գործածութիւնը։ Ներկայացուր մէկ կամ երկու հակիրճ ցուցադրութիւն, ուր հրատարակիչը նուիրատուութեան կարգադրութիւնը կը յիշէ տանտիրոջ։ Բոլորին յիշեցուր որ չմոռնան այս շաբթուան ծառայութեան համար գրքեր առնել։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։