Ծառայութեան Ժողովներ Մարտ Ամսուան Համար
Մարտ 3–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 162
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ հետաքրքրուած անհատները Մարտ 23–ին տեղի ունենալիք Յիշատակատօնին հրաւիրելու սկսին։ Ցոյց տուէք Յիշատակատօնի հրաւիրատոմսը, ապա բոլորը յորդորեցէք որ ասկէ որոշ քանակ մը ձեռք ձգեն ու սկսին զանոնք բաշխել այս շաբաթ։
15 վյրկ. «‘Ձեր Տունը Շինեցէք’»։ Հարց պատասխանով։ Պարփակեցէք փորձառութիւններ 1995–ի Տարեգիրքէն, էջ 228։
20 վյրկ. «Ընտանիքներուն Օգնենք որ Տեւական Ապագայ մը Ապահովեն»։ (Պարբերութիւն 1–5) Հակիրճօրէն մեկնաբանէ առաջին պարբերութիւնը, ապա նկատի առ թէ ի՛նչպէս կարելի է Ընտանեկան Ուրախութիւն գրքին հանդէպ հետաքրքրութիւն մշակել, գործածելով գլուխներուն խորագիրները, գունագեղ պատկերները եւ վերաքաղի շրջագծերը։ Փորձառու հրատարակիչներ 2–5–րդ պարբերութիւններէն առնուած ներկայացումները թող ցուցադրեն։ Բոլորը քաջալերէ մասնաւոր ջանք թափելու որ այս գիրքը նախապէս հետաքրքրութիւն ցուցաբերած ընտանիքներու տեղաւորեն։ Նուիրատուութեան կարգադրութիւնը յիշելու մի՛ մոռնաք։
Երգեցողութիւն թիւ 57 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 10–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 150
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Բոլորին յիշեցուցէք որ վստահ ըլլան Յիշատակատօնին համար Մարտ 18–23–ի համար յայտագրուած Աստուածաշունչի ընթերցանութեան հետեւելու, ինչպէս որ յիշուած է Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր գրքոյկին մէջ։
20 վյրկ. «Շնորհակալ Եղէք»։ Հարց պատասխանով։ Բոլորը անկեղծօրէն պէտք է ջանան Յիշատակատօնի հրաւիրել՝ Աստուածաշունչի աշակերտներ, հետաքրքրուած անհատներ, ընտանիքի համակիր անդամներ եւ անգործունեայ դարձած ոեւէ եղբայր կամ քոյր։ Թող հրատարակիչ մը ցուցադրէ ի՛նչպէս Յիշատակատօնի հրաւիրատոմսը գործածելով հետաքրքրուած անհատ մը հրաւիրել Յիշատակատօնին։ Յաւելեալ մեկնաբանութիւններ ըրէ Դիտարանէն, 1 Յուլիս 1988, էջ 11, պարբերութիւն 16–17 (Անգլ.)։ Ապրիլին ու Մայիսին օժանդակ ռահվիրայութիւնը քաջալերէ։
15 վյրկ. «Ընտանիքներուն Օգնենք որ Տեւական Ապագայ մը Ապահովեն»։ (Պարբերութիւն 6–8) Կարգ մը թելադրութիւններ տուր, ցոյց տալու համար թէ ի՛նչպէս Ընտանեկան Ուրախութիւն գիրքը ներկայացնել, երբ անպաշտօն կերպով կը վկայենք՝ աշխատավայրը, դպրոցը, կառատան կամ հանրային փոխադրամիջոցներու մէջ, ինչպէս նաեւ երբ ազգականներու կ’այցելենք։ Փորձառու հրատարակիչ մը 6 եւ 7–րդ պարբերութիւններուն մէջ յիշուած ներկայացումները թող ցուցադրէ։ Վերայցելութեան ժամանակ եղած խօսակցութիւնը պէտք է անհատին օգնէ գնահատելու թէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կրնայ ընտանեկան կապերը ամրապնդել։ Ուսումնասիրութիւնները պէտք է սկսուին Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկով, ետքը Գիտութիւն գրքին անցնելու նպատակակէտով, կամ ուսումնասիրութիւնը կարելի է սկսիլ ուղղակի Գիտութիւն գրքէն։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 17–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 63
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Վերաքաղ ըրէ «Յիշատակատօնին Վերաբերեալ Վերյիշեցումներ»ը ու յիշէ Յիշատակատօնի տեղական կարգադրութիւնները։ Բոլորը վերջնական ծրագիրներ պէտք է ընեն Աստուածաշունչի աշակերտներուն եւ հետաքրքրուած անհատներուն օգնելու որ ներկայ գտնուին։
15 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։ Կամ՝ երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած՝ «Իրապէս Կարիքը Ունի՞ք Ներողութիւն Խնդրելու» յօդուածին վրայ, Դիտարան 15 Սեպտեմբեր 1996, էջ 22–24 (Անգլ.)։ Եթէ ձեր ժողովքը կը ծրագրէ Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսներուն բաժին բերել չնշանակուած թաղամասեր աշխատցնելու մէջ, այս ժամանակը կարելի է գործածել վերաքաղ ընելու համար 1 Յունուար 1997 թուակիր նամակը, որ կը բացատրէ այս գործունէութեան կարգադրութիւնները։
15 վյրկ. Եհովայի Վկաներու 1997–ի Տարեգիրքէն Լիովին Օգտուեցէք։ Հայր մը իր ընտանիքին հետ նկատի կ’առնէ էջ 3–9–ի մէջ յիշուած աչքառու կէտեր։ Ցոյց կու տայ թէ համայն աշխարհի մէջ տեղի ունեցող աստուածպետական յառաջդիմութիւնը տեսնելով ինչո՛ւ կ’ուրախանանք։ Հայրը կը բացատրէ թէ ի՛նչպէս կրնան ամէն օր ճաշի ժամանակ մի քանի վայրկեան տրամադրել Տարեգիրքը աստիճանաբար կարդալու, ինչպէս նաեւ օրուան համարը նկատի առնելու։
Երգեցողութիւն թիւ 127 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 24–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 204
9 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բացատրէ թէ շատ ուշ չէ Ապրիլի ընթացքին օժանդակ ռահվիրայութեան դիմումնագիր մը ներկայացնելու։ Յիշէ ամսուան ընթացքին ծառայութեան ժողովներու յաւելեալ կարգադրութիւնները։
24 վյրկ. «Համարձակութիւն Ունեցէք Վերայցելութիւններ Ընելու»։ (Պարբերութիւն 1–20) Հարց պատասխանով։ Հակիրճօրէն ցուցադրէ 16–րդ պարբերութիւնը։
12 վյրկ. Նոր Հրատարակիչի մը Օգնենք որ Սկսի։ Վերաքաղ ըրէ Յունիս 1996 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին 19–րդ պարբերութիւնը։ Ցուցադրէ թէ փորձառու հրատարակիչ մը ի՛նչպէս կը պատրաստէ Աստուածաշունչի աշակերտ մը, որ երէցներուն կողմէ տակաւին նոր ընդունուած է որպէս չմկրտուած հրատարակիչ։ Անոնք միասնաբար նկատի կ’առնեն Մեր Ծառայութիւնը գրքի էջ 111, պարբերութիւն 2 (Անգլ.)։ Փորձառու հրատարակիչը ուշադրութեան կը յանձնէ թէ ի՛նչպիսի ընդառաջումներու կրնան հանդիպիլ երբ տունէ–տուն ծառայութեան կը մասնակցին, եւ պէտք չէ յուսահատի եթէ շատեր նպաստաւոր կերպով չընդառաջեն։ Հրատարակիչը կը պատմէ քաջալերական փորձառութիւն մը, ցոյց տալով այն ուրախութիւնը որ յառաջ կու գայ երբ մեզի մտիկ ընող անկեղծ անհատ մը կը գտնենք։ Ապա միասնաբար կը պատրաստեն պարբերաթերթ ներկայացնելու հակիրճ ու պարզ մօտեցում մը, ետքը կը փորձեն զայն։ Քաջալերական գովասանք տալէ ետք, հաստատ կարգադրութիւններ կ’ընեն այս շաբաթ դաշտի ծառայութեան միասնաբար մասնակցելու համար։
Երգեցողութիւն թիւ 27 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 31–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 172
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հետաքրքրուած բոլոր անհատները հրաւիրեցէք որ Ապրիլ 6–ին հանրային մասնաւոր դասախօսութեան ներկայ գտնուին։ Բոլորին յիշեցուր որ Մարտ ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Ծանուցանէ բոլոր անոնց անունները որոնք Ապրիլին օժանդակ ռահվիրաներ են։ Վերաքաղ ըրէ Հարցումի Տուփը։
20 վյրկ. «Համարձակութիւն Ունեցէք Վերայցելութիւններ Ընելու»։ (Պարբերութիւն 21–35) Հարց պատասխանով։ Վերաքաղ ըրէ էջ 3–ի շրջագիծը։ Բոլորը քաջալերէ որ ամսուան ընթացքին իրենց ըրած ամէն մէկ վերայցելութիւնը հաշուեն երբ դաշտի ծառայութիւնը կը տեղեկագրեն։
10 վյրկ. Վերաքաղ Ընենք Ապրիլ Ամսուան Ներկայացուելիք Գրականութիւնները։ Ներկայացնենք Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Հակիրճօրէն նշէ Հոկտեմբեր 1996 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին էջ 8, պարբերութիւն 3, 4, եւ 8–ի մէջ, ի՛նչպէս պարբերաթերթերու ներկայացումներ պատրաստելու մասին տրուած թելադրութիւնները։ Երկու հրատարակիչներ մէկ կամ երկու հակիրճ ներկայացումներ թող ցուցադրեն ու յիշեն նուիրատուութեան կարգադրութիւնը։ Հրատարակիչները պէտք է արձանագրութիւն մը պահեն պարբերաթերթեր ընդունողներու մասին ու զանոնք աւելցնեն կանոնաւորաբար պարբերաթերթ ստացողներու իրենց ցանկին վրայ։
Երգեցողութիւն թիւ 112 եւ փակման աղօթք։