«Շնորհակալ Եղէք»
1 Շատերս՝ մեր մանկութեան շրջանին սորված ենք «հաճիս» եւ «շնորհակալ եմ» ըսել, երբ անհատ մը քաղաքավարութիւն կամ ազնուութիւն ցոյց տուած է մեզի։ Պօղոս կը խրատէ մեզ որ միշտ ‘շնորհակալ ըլլանք’. իսկ յատկապէս Եհովայի երախտապարտ պէտք է ըլլանք։ (Կող. 3։15, 16) Բայց ի՞նչպէս կրնանք շնորհակալութիւն յայտնել մեր Մեծ Ստեղծիչին։ Իսկ ի՞նչ մասնայատուկ պատճառներ ունինք անոր շնորհակալ ըլլալու։
2 Պօղոս առաքեալ գրեց. «Գոհութիւն [«շնորհակալութիւն», ՆԱ] Աստուծոյ որ մեզի յաղթութիւն կու տայ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։ (Ա. Կորն. 15։57) Ամէն տարի՝ Յիշատակատօնի շրջանին, մեզի կը վերյիշեցուի այն անսահման սէրը, որ Աստուած եւ Քրիստոս ցոյց տուին մեզի հանդէպ, փրկանքը հայթայթելով՝ որ մեզի յաւիտենական կեանքի յոյսը կու տայ։ (Յովհ. 3։16) Քանի որ գրեթէ բոլորս ալ մահուամբ սիրելիներ կորսնցուցած ենք, որքա՜ն շնորհակալ ենք Յիսուսի տուած յարութեան խոստումին համար։ Մեր սրտերը երախտագիտութեամբ կը յորդին, երբ կը մտածենք առանց մահ ճաշակելու այս դրութենէն վերապրելու ակնկալութեան մասին։ (Յովհ. 11։25, 26) Դժուար է մեր շնորհակալութիւնը բառերով արտայայտել՝ Եհովայէ եկող այն բոլոր սքանչելի օրհնութիւններուն համար, որոնց փորձառութիւնը տակաւին պիտի ունենանք, ապագայ երկրային Դրախտին մէջ։ (Յայտ. 21։4) Աստուծոյ ‘շնորհակալ ըլլալու’ աւելի լաւ պատճառներ կրնա՞նք ունենալ։
3 Ի՛նչպէս Աստուծոյ Շնորհակալութիւն Յայտնել. Միշտ պատշաճ է՝ աղօթքի միջոցաւ մեր շնորհակալութիւնը յայտնել Եհովայի, իր բարութեան համար։ (Սաղմ. 136։1–3) կը մղուինք նաեւ՝ տարբեր կերպերով ալ իրեն հանդէպ մեր սէրը ցոյց տալ։ Օրինակ, վստահաբար Կիրակի Մարտ 23–ին՝ ներկայ պիտի ըլլանք Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին։ Ուրախութեամբ ‘Եհովան պիտի պատուենք մեր ստացուածքով’, օժանդակելով տեղական ժողովքի նիւթական կարիքներուն, ինչպէս նաեւ համաշխարհային գործին։ (Առ. 3։9) Երէցներուն լիովին թիկունք կանգնելով եւ անոնց հետ համագործակցելով, մեր երախտագիտութիւնը ցոյց տուած կ’ըլլանք Եհովայի՝ անոնց միջոցաւ մեզի մատուցած օգնութեան համար։ (Ա. Թես. 5։12, 13) Ամէն օր ջանք կը թափենք ուղիղ վարք մը պահելու, որ Աստուծոյ անունը կը փառաբանէ։ (Ա. Պետ. 2։12) Երախտագիտութեան այսպիսի ապացոյցներ հաճելի են Եհովայի։—Ա. Թես. 5։18
4 Շնորհակալութեան Մեր Լաւագոյն Արտայայտութիւնը. Բոլոր սրտով Թագաւորութեան քարոզչութեան մասնակցիլը, Եհովայի անունը պատուելը, աղօթքով երախտագիտութիւն յայտնելը, նաեւ հաւատարմօրէն ճշմարտութիւնը պաշտպանելը, մեզի համար իր ըրած բոլոր բաներուն փոխարէն մեր Ստեղծիչին սրտագին շնորհակալութիւն յայտնելու լաւագոյն արտայայտութիւններէն քանի մը հատն են։ Եհովա կը հրճուի տեսնելով ‘բոլոր մարդիկ փրկելու’, իր կամքին հետ ներդաշնակ եղող մեր սուրբ ծառայութիւնները։ (Ա. Տիմ. 2։3, 4) Այս պատճառաւ բազմաթիւ հրատարակիչներ կ’ընդառաջեն՝ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան Փետրուարի թիւին ուղղած կոչին, որպէս օժանդակ ռահվիրաներ ծառայելով՝ մէկ կամ աւելի անգամ, Մարտ, Ապրիլ, կամ Մայիս ամիսներու ընթացքին։ Ծառայութեան մէջ յաւելեալ ջանք թափելը, Աստուծոյ ‘շնորհակալ ըլլալու’ լաւ կերպ մըն է։ Ապրիլ՝ կամ Մայիս ամիսներուն, ռահվիրաներու շարքերուն միանալու կարող պիտի ըլլա՞ք։
5 Մեզի՝ յաւիտեան ապրելու վստահ յոյս մը տրուած է։ Երբ ասոր կատարումը տեսնենք, բազմաթիւ յաւելեալ պատճառներ պիտի ունենանք, որ ամէն օր ուրախութեամբ շնորհակալութիւն յայտնենք Եհովայի։—Սաղմ. 79։13