«Շնորհակա՛լ եղէք»
1 Երբ Յիսուս տասը բորոտ բուժեց, անոնցմէ միայն մէկը վերադարձաւ շնորհակալութիւն յայտնելու։ Յիսուս հարցուց. «Չէ՞ որ տասն ալ մաքրուեցան, իսկ այն ինը ո՞ւր են»։ (Ղուկ. 17։11-19) Ո՜րքան կարեւոր է որ գնահատենք եւ շնորհակալութիւն յայտնենք ամէն բարի տուրքի ու կատարեալ պարգեւի համար որ մեր առատաձեռն ու սիրալիր Հայրը՝ Եհովա Աստուած մեզի կը շնորհէ։—Կող. 3։15, ԱՎ. Յակ. 1։17
2 Ի՞նչ կարգ մը բաներու համար շնորհակալ պէտք է ըլլանք։ Շնորհապարտ ենք մարդկութեան ի նպաստ Աստուծոյ տուած մեծագոյն պարգեւին՝ փրկանքին համար։ (Յովհ. 3։16) Նաեւ շնորհակալ ենք Եհովայէ, որ մեզ իրեն քաշեց։ (Յովհ. 6։44) Մեր քրիստոնէական միութիւնը՝ երախտապարտ ըլլալու այլ պատճառ մըն է։ (Սաղ. 133։1-3) Անկասկած կրնաս թուել բազմաթիւ այլ պարգեւներ, զորս Եհովան տուած է։ Երբեք չենք ուզեր նմանիլ ապերախտ Իսրայելացիներուն, որոնք իրենց ի նպաստ Եհովայի գործերը մոռցան։—Սաղ. 106։12, 13
3 Երախտագիտութիւն ցոյց տուր. Թէեւ տասը բորոտներն ալ գնահատած ըլլալու էին իրենց համար Յիսուսի ըրածը, սակայն անոնցմէ միայն մէկը ցոյց տուաւ թէ երախտապարտ էր։ (Ղուկ. 17։15) Նոյնպէս մեր գնահատութիւնը ցոյց կու տանք, նախանձախնդրաբար ծառայութեան մասնակցելով։ Եթէ մեզի ի նպաստ մեր սիրալիր երկնաւոր Հօր ըրած բոլոր բաներուն համար իրապէս երախտապարտ ենք, մեր սիրտը մեզ պէտք է մղէ իր սէրն ու առատաձեռնութիւնը ընդօրինակելու՝ իր մասին ուրիշներուն խօսելով։ (Ղուկ. 6։45) Իր կարգին, մինչ ուրիշներուն կը խօսինք Եհովայի ‘սքանչելիքներուն եւ մեր վրայ իր ունեցած խորհուրդներուն’ մասին, Եհովայի հանդէպ մեր սէրն ու գնահատութիւնը պիտի աճին։—Սաղ. 40։5
4 Ուրիշներուն մէջ գնահատութիւն կերտէ. Պէտք է արթուն ըլլանք որ մեր զաւակներուն եւ Աստուածաշունչի աշակերտներուն օգնենք գնահատութիւն մշակելու։ Ծնողներ ասիկա ընելու բազմաթիւ պատեհութիւններ ունին, ինչպէս՝ երբ իրենց զաւակներուն հետ Եհովայի ստեղծագործութիւնը կը վայելեն։ (Հռով. 1։20) Երբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը վարենք, կրնանք աշակերտին հարցնել. «Ասիկա մեզի ի՞նչ կ’ըսէ Եհովայի անձնաւորութեան մասին»։ Մինչ աշակերտին գնահատութիւնը կ’աւելնայ, Աստուծոյ հանդէպ իր սէրն ու զինք հաճեցնելու իր վճռականութիւնն ալ պիտի աւելնան։
5 Այս վերջին օրերուն մէջ, շատեր երախտամոռ եւ ապերախտ են։ (Բ. Տիմ. 3։1, 2) Եհովա ո՜րքան կը հաճի տեսնելով իր նուիրեալ ծառաները երախտագիտութիւն կը յայտնեն՝ նախանձախնդրութեամբ ծառայութեան մասնակցելով։—Յակ. 1։22-25