Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/97 էջ 1
  • Ոչ–Վկայ Կողակիցներուն Օգնենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ոչ–Վկայ Կողակիցներուն Օգնենք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ամուսնութիւնդ յաջող դարձուր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Ընտանեկան կեանք մը որ Աստուած կը հաճեցնէ
    Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
  • Եհովայի վկաները ընտանիքներ կը քանդե՞ն թէ կը շինեն
    Յաճախ ուղղուած հարցումներ Եհովայի վկաներուն մասին
  • Լարուած ամուսնութեան նկատմամբ դրական տեսակէտ ունեցիր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
թծ 11/97 էջ 1

Ոչ–Վկայ Կողակիցներուն Օգնենք

1 Ուրախութեան մեծ պատճառ մըն է, երբ ամուսնացած զոյգեր ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ միացած ըլլան։ Սակայն, բազմաթիւ ընտանիքներու մէջ, կողակիցներէն միայն մէկը ճշմարտութեան ճամբան ընդունած է։ Ի՞նչպէս կրնանք ոչ–Վկայ կողակիցներուն օգնել եւ քաջալերել որ մեզի հետ Եհովան պաշտեն։—Ա. Տիմ. 2։1-4

2 Անոնց Մտածելակերպը Հասկնանք. Թէեւ ոչ–Վկայ կողակիցներէն ոմանք կրնան հակառակիլ, բայց յաճախ խնդիրը անտարբերութիւն կամ անհասկացողութիւն է։ Անհատը կրնայ անտեսուած զգալ կամ նախանձիլ իր կողակիցին հոգեւոր նոր հետաքրքրութենէն։ Ամուսին մը կը յիշէ. «Տան մէջ առանձին ըլլալով, լքուած կը զգայի»։ Ուրիշ մը կ’ըսէ. «Կարծես կինս եւ զաւակներս ինծի կը ձգէին»։ Կարգ մը ամուսիններ կրնան խորհիլ որ իրենց ընտանիքը կը կորսնցնեն կրօնքի մը համար։ (Տես՝ Դիտարան 1 Նոյեմբեր 1990, էջ 21-24։) Այս պատճառաւ ալ լաւագոյն կերպն է, եթէ կարելիութիւնը կայ, սկիզբէն իսկ՝ ամուսինը իր կնկան հետ միասին տան սուրբ գրային ուսումնասիրութեան կարգադրութեան մէջ պարփակել։

3 Խմբովին Գործեցէք. Վկայ զոյգ մը միասնաբար ազդուօրէն գործեցին, օգնելով ամուսնացած զոյգերուն որ ճշմարտութեան գան։ Քոյրը՝ կնոջ մը հետ ուսումնասիրութիւն մը հաստատելէն ետք, եղբայրը անոր ամուսնոյն այցելութիւն մը կու տար։ Յաճախ ան կարող կ’ըլլար ամուսնոյն հետ ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։

4 Բարեկամական եւ Հիւրասէր Եղէք. Ժողովքին մէջի ընտանիքները կրնան օգնական ըլլալ, ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ տակաւին չմիացած ընտանիքներով հետաքրքրուելով։ Քանի մը բարեկամական այցելութիւններ կրնան օգնել ոչ–Վկայ կողակիցին տեսնելու որ Եհովայի Վկաները ջերմ, հոգածու Քրիստոնեաներ են, որոնք իրարու բարօրութեամբ հետաքրքրուած են։

5 Ժամանակ առ ժամանակ, երէցները կրնան վերաքաղ ընել թափուած ջանքը՝ ոչ–Վկայ կողակիցներուն օգնելու եւ որոշել յաւելեալ ի՛նչ բաներ ընել, զանոնք Եհովայի կողմը շահելու համար։—Ա. Պետ. 3։1, ՆԱ, ստորանիշ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել