Մեծ ու Արդիւնաւոր Դուռը Բացուած Է
1 Բարի լուրի եռանդուն քարոզիչ մը ըլլալով, Պօղոս անձկագին փնտռեց թաղամասեր՝ ուր կարիքը աւելի մեծ էր. ասոնցմէ մէկը Եփեսոս քաղաքն էր։ Ան այդ քաղաքին մէջ ա՛յնքան յաջողութիւն գտաւ որ Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն գրեց. «Ինծի մեծ ու արդիւնաւոր դուռ մը բացուած է»։ (Ա. Կորն. 16։9) Պօղոս շարունակեց այդ թաղամասին մէջ ծառայել, եւ բազմաթիւ Եփեսացիներու օգնեց հաւատացեալներ դառնալու։—Գործք 19։1-20, 26
2 Այսօր ալ, մեր առջեւ մեծ ու արդիւնաւոր դուռ մը բացուած է։ Հրաւիրուած ենք աջակցելու այն ժողովքներուն, որոնք չեն կրնար ամէն տարի իրենց բոլոր թաղամասերը ծածկել։ Ուստի, մեր ջանքերը կրնան լեցնել որոշ շրջաններու մէջ եղած կարիքը։—Բաղդատել՝ Բ. Կորնթացիս 8։13-15։
3 Կրնա՞ք Ծառայել Հո՛ն Ուր Աւելի Կարիք Կայ. Աղօթքով նկատի առա՞ծ էք թէ ուրիշ շրջան մը ծառայելու կարելիութիւնը ունիք կամ ոչ։ Թերեւս ձեր քաղաքին մէջ գտնուող ժողովքի մը կրնաք օգնել։ Ինչո՞ւ շրջանային տեսուչին հետ չխօսիք ասոր մասին եւ տեսնէք թէ ի՛նչ կը թելադրէ։ Թերեւս ձեր ժողովքի թաղամասին մէջ, մեծ թիւով համրեր կամ օտարախօսներ կան, որոնց հոգ տանող չկայ։ Այս կարիքին հոգալու համար, կրնա՞ք ջանալ անոնց լեզուն սորվիլ։ Ասկէ զատ, թերեւս օտարախօս խումբ մը կամ ժողովք մը արդէն իսկ կայ ձեր մօտակայքը, որ ‘հունձքին Տէրոջը կ’աղաչէ, որ Թագաւորութեան յաւելեալ մշակներ հանէ’։ (Մատթ. 9։37, 38) Եթէ այս է պարագան, կրնա՞ք օգնութեան ձեռք երկարել։
4 Վերջին տասնամեակներուն, հազարաւոր Քրիստոնեայ ընտանիքներ ուրիշ երկիրներ փոխադրուած են, հունձքի գործին մէջ աւելի լիովին մասնակցութիւն բերելու համար։ Ասիկա ընող զոյգ մը ըսաւ. «Փափաքեցանք Եհովայի ծառայել հո՛ն՝ ուր կրնանք ամենաշատ օգուտը ունենալ»։ Եթէ կը փափաքիք եւ կարելիութիւնը ունիք ձեր երկրին մէջ ուրիշ շրջան մը փոխադրուելու կամ եթէ որակելի էք ուրիշ երկրի մը մէջ ծառայելու, նախ եւ առաջ ձեր ծրագիրներուն մասին խօսակցեցէք ձեր ժողովքի երէցներուն հետ։
5 Եթէ կը փափաքիք Ընկերութեան հարցնել թէ ո՛ւր կարիք կայ, Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբին նամակ մը ներկայացուցէք, որու մէջ յիշեցէք ձեր մասնայատուկ փափաքը։ Անոնք իրենց դիտողութիւններն ալ կ’աւելցնեն ու կը ղրկեն Ընկերութեան։ Ամէն պարագայի, մինչեւ այն ատեն որ մեծ ու արդիւնաւոր դուռը բաց կը մնայ, շարունակենք բոլորս ալ Եհովայի ծառայութեան մէջ զբաղած մնալ։—Ա. Կորն. 15։58