Եհովա Անսահման Զօրութիւն կու Տայ
1 Յիսուսի բոլոր աշակերտներուն վստահուած է սրբազան ծառայութեան թանկագին առանձնաշնորհում մը՝ քրիստոնէական ծառայութիւնը։ (Մատթ. 24։14. 28։19, 20) Սակայն, անկատարութիւնը եւ իրերու այս դրութեան ճնշումները, երբեմն պատճառ կ’ըլլան որ մենք մեզ որոշ չափով անատակ նկատենք։
2 Երբ ասիկա պատահի, կրնանք Կորնթացի Քրիստոնեաներուն յղած Պօղոս առաքեալի նամակով մխիթարուիլ։ Ան գրեց. «Այս գանձը մեր մէջ կը կրենք՝ կաւէ անօթներու պէս»։ (Բ. Կորն. 4։7, ՆԱԹ) Պօղոս ինքնավստահ էր, երբ ըսաւ. «Չենք յոգնիր այս պաշտօնէն»։ (Բ. Կորն. 4։1, ՆԱԹ) Ըլլանք օծեալ մը կամ «ուրիշ ոչխարներ»էն մէկը, շիտակ է որ մարտահրաւէր մըն է շարունակել բարի լուրը քարոզել ու չհեղգանալ։ Կարիքը ունինք Աստուծոյ հայթայթած ‘անսահման զօրութեան’։—Յովհ. 10։16. Բ. Կորն. 4։7բ, ՆԱԹ։
3 Քաջալերական է տեսնել որ Վկաներէն շատեր եռանդուն աւետարանիչներ են, թէեւ կը դիմագրաւեն դառն հակառակութիւն, առողջապահական լուրջ խնդիրներ կամ տնտեսական նեղ կացութիւն։ Բոլորս ալ պէտք է գիտակցինք որ Եհովա նեցուկ կը կանգնի քարոզելու մեր նշանակումին։ Փոխանակ թոյլ տալու որ յուսահատութիւնը կամ մտավախութիւնը քարոզելու մեր վճռակամութիւնը տկարացնեն, շարունակենք ‘զօրանալ Տէրոջմով ու անոր զօրութեան կարողութիւնովը’։—Եփ. 6։10. Առ. 24։10
4 Աստուծոյ Զօրութիւնը Ի՛նչպէս Ստանալ. Աղօթքի մէջ յարատեւեցէք, խնդրելով Աստուծոյ օգնութիւնն ու զօրութիւնը։ (Հռովմ. 12։12. Փիլ. 4։6, 7) Ապա, ձեր բոլոր սրտով Եհովայի ապաւինեցէք, որ անսահման զօրութիւնը հայթայթէ ձեզի։ (Առ. 3։5) Մեր պարբերաթերթերուն մէջ հրատարակուած Աստուծոյ արդի ծառաներուն կենսագրութիւնները կարդացէք, որոնք կ’ապացուցանեն որ Եհովա ներկայիս իր ծառաներուն կ’օգնէ որ փորձութիւններու տոկան։ Ժողովքի եղբայրներուն հետ սերտօրէն ընկերակցեցէք եւ ժողովքային հանդիպումները մի՛ թողուք։—Հռովմ. 1։11, 12. Եբր. 10։24, 25
5 Թող որ մեր կարելին ընենք Եհովայի տուած անսահման զօրութեան արժանանալու համար. զօրութիւն մը՝ որ պիտի օգնէ մեզի չհեղգանալու Թագաւորութեան քարոզչութեան ամենակարեւոր գործունէութեան մէջ։