Գործ մը՝ Որուն Թիկունք կը Կանգնի Աստուած
1 Ներկայիս Աստուծոյ ծառաներէն քիչեր բարձր ուսում, հարստութիւն կամ կարկառուն դիրք ունին իրերու այս դրութեան մէջ։ Այս պատճառով ոմանք մեր ծառայութիւնը կը մերժեն իբր աննշան բան մը։ (Եսայ. 53։3) Սակայն մեր կատարած Աստուածաշունչի դաստիարակչական գործը համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւորներու մխիթարութիւն եւ յոյս տուած է։ Սովորական անհատներ ի՞նչպէս կրցած են այսպիսի յատկանշական արդիւնքներ ձեռք ձգել։ Միայն Աստուծոյ աջակցութեամբ։ (Մատթ. 28։19, 20. Գործք 1։8) «Աստուած . . . աշխարհիս տկարները ընտրեց», բացատրեց Պօղոս առաքեալ, «որպէս զի ամօթով ընէ զօրաւորները»։—Ա. Կորն. 1։26-29
2 Առաքեալներն ու առաջին դարու միւս Քրիստոնեաները մեծաւ մասամբ «տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ» էին։ (Գործք 4։13) Այսուհանդերձ անոնք բարի լուրը քարոզելու իրենց յանձնարարութիւնը խիզախօրէն կատարեցին, եւ Եհովա անոնց ջանքերը օրհնեց։ Ի հեճուկս խոչընդոտներու եւ հակառակութեան, ‘Տէրոջը խօսքը մեծապէս աճեցաւ եւ զօրացաւ’։ Ոչինչ կրնար այս գործը կասեցնել, քանի որ Աստուած անոր թիկունք կը կանգնէր։ (Գործք 5։38, 39. 19։20) Նոյնը կրնայ ըսուիլ ներկայ օրերուն համար։ Ո՛չ իսկ հզօր կառավարիչներու վճռակամ հակառակութիւնը կարող եղած է բարի լուրին աճման ու զօրանալուն արգելք հանդիսանալ։—Եսայ. 54։17
3 Ամբողջ Վարկը Աստուծոյ կ’Երթայ. Որպէս Աստուծոյ ծառաներ մեր նպաստաւոր դիրքը պարծենալու պատճառ մը կու տա՞յ մեզի։ Բնա՛ւ երբեք։ Քրիստոնէական ծառայութեան ակնարկելով, Պօղոս գրեց. «Մենք այս գանձը հողէ ամաններու մէջ ունինք, որպէս զի զօրութեան առաւելութիւնը Աստուծմէն ըլլայ ու ո՛չ թէ մեզմէ»։ (Բ. Կորն. 4։7) Պօղոս գիտակցեցաւ թէ ինք կրցաւ իր ծառայութիւնը կատարել միայն Աստուծոյ հայթայթած զօրութեամբ։—Եփ. 6։19, 20. Փիլ. 4։13
4 Մենք ալ կը գիտակցինք որ «Աստուծմէ օգնութիւն հասնելով» է միայն որ կրնանք քարոզչութեան գործը կատարել։ (Գործք 26։22) Այս համաշխարհային ծանուցումով, Եհովա մեզ հզօր կերպով կը գործածէ ազգերը ցնցելու համար, շուտով գալիք դատաստանական խորտակման որպէս նախանշան։ (Անգ. 2։7) Որքա՜ն առանձնաշնորհեալ ենք որ այս մեծ հոգեւոր հունձքին մէջ «Աստուծոյ գործակից ենք»։—Ա. Կորն. 3։6-9