Ծառայութեան Ժողովներ Յունուար Ամսուան Համար
Յունուար 5–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 10
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։
17 վյրկ. «Ուրախ Եղէք Լիակատար Վկայութիւն մը Տալով»։ Յօդուածը ներկաներուն հետ նկատի առէք։ Աչքառու դարձուցէք ազդու ներկայացումի մը կենսական երեսակները. (1) Բարեկամական ողջոյն մը տուէք, (2) ընթացիկ եղող նիւթի մը մասին խօսք մը ըսէք կամ հարցում մը հարցուցէք, (3) պատշաճ սուրբ գրային համարի մը ակնարկեցէք, եւ (4) ուշադրութիւնը ներկայացուած գրականութեան դարձուցէք։ Ատակ հրատարակիչ մը թող ցուցադրէ թելադրուած մօտեցում մը՝ առաջին հանդիպումին եւ վերայցելութեան։
20 վյրկ. Հիմակուընէ Պատրաստուեցէք Արեան Նկատմամբ Աստուծոյ Օրէնքին Կառչելու։ Ատակ երէց մը նկատի կ’առնէ Բժշկական Կանխայայտ Ցուցմունք/Անպարտագիր քարտը եւ Ընկերութեան հայթայթած առողջապահական փոխանորդագրի պատճենը լեցնելու կարեւորութիւնը։ Սաղմոս 19։7–ի ներշնչուած ուղղութիւնը ցոյց կու տայ որ Գործք Առաքելոց 15։28, 29–ն արեան նկատմամբ Աստուծոյ կատարեալ օրէնքին մէկ արտայայտութիւնն է։ Հաւատարիմ երկրպագուներ կը ջանան այդ օրէնքին կառչիլ։ Այս փաստաթուղթերը այդպէս ընելու ձեր վճռակամութիւնը կը գիտցնեն ու ձեր մասին կը խօսին, երբ դուք անկարող էք։ (Բաղդատել՝ Առակաց 22։3։) Նոր քարտ մը, արիւն մերժելու ձեր որոշումը այժմէական կը դարձնէ։ Ժողովէն ետք, նոր քարտ մը ունենալ փափաքող մկրտուած հրատարակիչներ պիտի ստանան հատ մը, իսկ անչափահաս՝ չմկրտուած զաւակներ ունեցողները, իւրաքանչիւրին համար Անձնագիր մը պիտի ստանան։ Այս քարտերը ոչ թէ հոս, այլ տունը՝ ուշադրութեամբ պէտք է լեցուին, բայց ՊԷՏՔ ՉԷ ստորագրուին։ Ձեր ու վկաներուն ստորագրութիւնը, ինչպէս նաեւ թուական դնելը պիտի ըլլայ յաջորդ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութենէն ետք, գրքի ուսումնասիրութեան վարիչին հսկողութեան ներքեւ։ Ան պիտի ստուգէ, վստահ ըլլալու համար թէ իր խումբին բոլոր անդամները, որոնք կը փափաքին այս կանխայայտ ցուցմունքը ունենալ, պէտք եղած օգնութիւնը կը ստանան։ Որպէս վկաներ ստորագրողները պէ՛տք է տեսնեն անհատին իր փաստաթուղթը ստորագրելը։ Ոեւէ մէկը որ բացակայ է այդ օրը, վարիչները կամ երէցները անոր պիտի օգնեն յաջորդ Ծառայութեան Ժողովին, մինչեւ որ մկրտուած բոլոր հրատարակիչները իրենց քարտերը պատշաճօրէն լեցնեն ու ստորագրեն։ (Վերաքաղ ըրէք 15 Հոկտեմբեր 1991 թուակիր նամակը։) Այս քարտին գործածած լեզուն իրենց անհատական պարագաներուն ու համոզումներուն յարմարցնելով, չմկրտուած հրատարակիչները կրնան իրենց անձնական ցուցմունքը գրել, իրենց եւ իրենց զաւակներուն գործածութեան համար։ Միւս կողմէ, մնայուն փոխանորդագրի պատճեն աւելի ընդլայնուած փաստաթուղթ մըն է, եւ քանի որ պետական կանոնագրային օրէնքին վրայ հիմնուած է, անիկա յարգուած է բժշկական եւ օրինական անձնակազմերու կողմէ։ (Կարիքին համաձայն, ակնարկեցէք Յունուար 1997–ի պատճենին, որու խորագիրն է՝ «Տեղեկութիւններ՝ Ընկերութեան Հայթայթած Առողջապահական Մնայուն Փոխանորդագրի Պատճեններու Մասին» եւ Դեկտեմբեր 1995–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին Հարցումի Տուփին։) Օրինական լաւագոյն պաշտպանութիւնը ունենալու համար, յանձնարարուած է որ երկու փաստաթուղթերն ալ լեցնենք։ Բժշկական Կանխայայտ Ցուցմունք/Անպարտագիր քարտին վրայ, նախընտրաբար ձեր ձեռագիրով, հետեւեալը գրեցէք. «Նաեւ լեցուցած եմ առողջապահական փոխանորդագրի պատճեն մը»։
Երգեցողութիւն թիւ 59 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 12–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 47
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Յունուար 19–ի համար ծառայութեան կարգադրութիւնները յիշեցէք։
15 վյրկ. «Յայտաթերթիկները Լաւ Կերպով Գործածեցէք»։ Յօդուածը ներկաներուն հետ նկատի առէք։ Պարփակեցէք Դիտարան 1 Ապրիլ 1997, էջ 10, պարբերութիւն 15–ի մէջ յիշուած փորձառութիւնը։
20 վյրկ. «Եհովա Անսահման Զօրութիւն կու Տայ»։ Հարց պատասխանով։ (Տես՝ Դիտարան 1 Սեպտեմբեր 1990, էջ 19, պարբերութիւն 15-16։) Թող ոմանք քաջալերական փորձառութիւններ պատմեն, որոնք ցոյց կու տան թէ Եհովա ի՛նչպէս զօրացուցած է զիրենք։
Երգեցողութիւն թիւ 81 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 19–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 95
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. Ուրախութիւն Բերող Ընտանեկան Ուսումնասիրութիւն։ Ամուսնացած զոյգ մը նկատի կ’առնէ իր ընտանիքին հոգեւոր կարիքները։ Իր զաւակներուն բացասականօրէն ազդող աշխարհային ազդեցութիւններուն մասին մտահոգուած ըլլալով, ծնողքը կարիքը կը զգայ իր զաւակներուն հոգեւորականութիւնը զօրացնելու, սակայն կը գիտակցի թէ իրենց ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը անկանոն դարձած է ու յաճախ անազդեցիկ։ Անոնք միասնաբար վերաքաղ կ’ընեն Դիտարան 1 Նոյեմբեր 1997, էջ 28-31–ի մէջ ներկայացուած թելադրութիւնները՝ ընտանեկան իմաստալից ուսումնասիրութիւն մը վարելու մասին։ Երկուքն ալ կը վճռեն այս հարցին մասին լրջօրէն խորհիլ, իրենց զաւակներուն հոգեւոր բարօրութիւնը պահպանելու համար։
Երգեցողութիւն թիւ 172 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 26–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 28
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Վերաքաղ ըրէք Փետրուար ամսուան ընթացքին ներկայացուելիք գրականութիւնը։ Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գրքէն մէկ կամ երկու կէտեր յիշեցէք, որոնք օգտակար կրնան ըլլալ, երբ զայն կը ներկայացնենք։
15 վյրկ. «Եհովայի Պաշտամունքի Վայրերուն Հանդէպ Յարգանք Ցուցաբերենք»։ Հարց պատասխանով։ Երէց մը յօդուածը նկատի կ’առնէ, զայն փափկանկատ կերպով կիրարկելով տեղական ժողովքին կարիքներուն։
18 վյրկ. Համաշխարհային Վկայութեան Գործին Մէջ Մեր Բերած Մասնակցութիւնը Տեղեկագրել։ (Հիմնուած՝ Մեր Ծառայութիւնը գրքին վրայ [Անգլ.], էջ 100-102, 106-110) Քարտուղարին կողմէ դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ խօսակցութիւն։ Մեր գործունէութիւնը կանոնաւորաբար տեղեկագրելու սուրբ գրային նախընթացը ցոյց տալէն ետք, ան երկու օգնական ծառաներ կը հրաւիրէ, որպէսզի վերաքաղ ընեն հետեւեալ ենթագլուխը՝ «Մեր Դաշտի Ծառայութիւնը Ինչո՛ւ կը Տեղեկագրենք»։ Ասկէ ետք, քարտուղարը կը շեշտէ ճշգրիտ տեղեկագիրներ շուտով տալու կարեւորութիւնը։ Ան կը մատնանշէ պատճառներ թէ ինչո՛ւ անհատական նպատակակէտեր դնելը օգտակար է, ապա նիւթը եզրափակելով, քաջալերական քանի մը խօսք կ’ըսէ, վկայութեան գործին մէջ լման մասնակցութիւն բերողներուն վայելած օրհնութիւններուն մասին։
Երգեցողութիւն թիւ 14 եւ փակման աղօթք։