Եհովայի Վկաները Իսկական Աւետարանիչներ Են
1 Յիսուս Քրիստոս աւետարանելու պատասխանատուութիւնը իր բոլոր աշակերտներուն վրայ դրաւ, յատկապէս ուղղութիւն տալով անոնց որ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզեն։ (Մատթ. 24։14. Գործք 10։42) Անոր նախկին աշակերտները ասոր մէջ օրինակ հանդիսացան, Թագաւորութեան մասին խօսելով առանց դանդաղելու, ոչ միայն պաշտամունքի վայրերուն մէջ, այլ, ուր որ մարդոց կը հանդիպէին՝ հանրապէս եւ տունէ տուն։ (Գործք 5։42. 20։20) Ներկայիս, որպէս Եհովայի Վկաներ, ապացուցանած ենք որ Քրիստոնեայ իսկական աւետարանիչներ ենք, Թագաւորութեան պատգամը քարոզելով 232 երկիրներու մէջ ու մկրտելով աւելի քան մէկ միլիոն նոր աշակերտներ, միայն վերջին երեք տարիներու ընթացքին։ Մեր աւետարանչական գործունէութիւնը ինչո՞ւ այսքան յաջողութիւն գտած է։
2 Բարի Լուրը կ’Ոգեւորէ Մեզ. Աւետարանիչները բարի լուրի քարոզիչներ կամ պատգամաւորներ են։ Այս հանգամանքով, հիանալի առանձնաշնորհումը ունինք Եհովայի Թագաւորութիւնը ծանուցանելու, միակ իսկական բարի լուրը, զոր կարելի է ներկայացնել յուսալքուած մարդկութեան։ Խանդավառուած ենք նախապէս գիտութիւն առնելով նոր երկնքի մը մասին, որ մօտալուտ Դրախտին մէջ հաւատարիմ մարդոցմէ բաղկացած նոր երկրի մը վրայ արդարութեամբ պիտի տիրէ։ (Բ. Պետ. 3։13, 17) Մենք միակն ենք որ այս յոյսը ողջունած ենք եւ անձկալից ենք զայն ուրիշներու հետ բաժնելու։
3 Մեզ Մղողը Ճշմարիտ Սէրն Է. Աւետարանելը կեանք փրկող գործունէութիւն մըն է։ (Հռովմ. 1։16) Այս պատճառաւ մեծ ուրախութիւն կ’ունենանք Թագաւորութեան պատգամը տարածելու մէջ։ Որպէս իսկական աւետարանիչներ, կը սիրենք մարդիկ ու ասիկա կը մղէ մեզ որ բարի լուրը բաժնենք մեր ընտանիքներուն, դրացիներուն, ծանօթներուն եւ կարելի եղածին չափ շատ անհատներու հետ։ Ասիկա բոլորանուէր կերպով ընելը, ուրիշներուն հանդէպ մեր ճշմարիտ սէրը արտայայտելու լաւագոյն կերպերէն մէկն է։—Ա. Թես. 2։8
4 Աստուծոյ Հոգին կ’Օգնէ Մեզի. Աստուծոյ Խօսքը կը հաւաստիացնէ մեզ թէ երբ Թագաւորութեան սերմը կը ցանենք ու զայն կը ջրենք, Եհովա զայն ‘կ’աճեցնէ’։ Ճիշդ այս է որ ներկայիս տեղի կ’ունենայ մեր կազմակերպութենէն ներս։ (Ա. Կորն. 3։5-7) Աստուծոյ հոգին է որ թիկունք կը կանգնի մեր աւետարանչական գործունէութեան ու մեծ յաջողութիւն կը շնորհէ մեզի։—Յովել. 2։28, 29
5 Բ. Տիմոթէոս 4։5–ի մէջ տրուած՝ «աւետարանիչի գործ գործէ»՝ քաջալերութեան ի տես եւ բոլոր մարդոց հանդէպ մեր ունեցած սիրոյն պատճառաւ, թող որ մղուինք ամէն առիթով Թագաւորութեան բարի լուրը ուրիշներուն հետ բաժնելու, վստահ ըլլալով որ Եհովա պիտի շարունակէ մեր գործը օրհնել։