Ծառայութեան Ժողովներ Մայիս Ամսուան Համար
ՆՇՄԱՐ. Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը ամառուան ընթացքին իւրաքանչիւր շաբթուան համար Ծառայութեան Ժողով մը պիտի յայտագրէ։ Ժողովքները կրնան կարիքին համաձայն վերաճշդումներ ընել, նկատի ունենալով «Աստուծոյ Մարգարէական Խօսքը» Նահանգային Համաժողովին ներկայ գտնուիլը եւ յաջորդ շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին մէջ համաժողովի յայտագրին աչքառու կէտերը 30 վայրկեան տեւողութեամբ վերաքաղ ընելը։ Նահանգային համաժողովի իւրաքանչիւր օրուան յայտագրին վերաքաղը, պէտք է նախապէս նշանակուի երեք որակելի եղբայրներու, որոնք կարող պիտի ըլլան աչքառու կէտերուն վրայ կեդրոնանալ։ Այս լաւ պատրաստուած վերաքաղը ժողովքին պիտի օգնէ, որ բանալի կէտերը յիշէ, անձնական կիրարկման ու դաշտին մէջ գործածելու համար։ Ունկնդիրներուն մեկնաբանութիւնները եւ պատմուած փորձառութիւնները պէտք է համառօտ ու շեշտակի ըլլան։
Մայիս 3–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 14
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Աստուածպետական Լուրեր։
17 վյրկ. «Ուրիշներուն Սորվեցնենք որ Իրենց Անձերուն Օգտակար Դառնան»։ Բացման խօսքերը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլան, ապա նիւթը հարց–պատասխանով նկատի առէք։ Գիտութիւն գրքին 13–րդ գլուխը գործածելով, բացատրեցէք թէ մարդիկ գործնական ի՛նչ օգուտներ կը վայելեն, երբ Աստուածաշունչի սկզբունքները ուսումնասիրեն, հասկնան եւ կիրարկեն։
20 վյրկ. «Ձեր Ծառայութիւնը Ընդլայնելու Կերպեր»։ Երկու երէցներ յօդուածը նկատի կ’առնեն, պատասխանելով ներկաներէն ոմանց յարուցած հարցումներուն։ Պատանի հրատարակիչ մը, ամուսնացած զոյգ մը, եւ թոշակառու եղբայր մը, կը հարցնեն իրենց ծառայութիւնը ընդլայնելու կերպերու մասին։ Գործնական թելադրութիւններ կը ներկայացուին յօդուածէն եւ Մեր Ծառայութիւնը գրքին 9–րդ գլուխէն, շեշտը դնելով «Ապագայի Համար Ձեր Հոգեւոր Նպատակակէտերը Ի՞նչ Են» ենթագլուխին ներքեւ եղած տեղեկութեան վրայ, էջ 116-118։ Հրատարակիչները գնահատութիւն կը յայտնեն Ընկերութեան հայթայթած օգտակար տեղեկութիւններուն համար, որոնք ցոյց կու տան թէ ի՛նչպէս կրնան մօտ ապագային իրենց ծառայութիւնը ընդլայնելու համար ծրագիրներ ընել։
Երգեցողութիւն թիւ 204 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 10–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 172
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։
12 վյրկ. Ամառուան Համար Ի՞նչ Ծրագիրներ Ունիք։ Ընտանիք մը վերաքաղ կ’ընէ համաժողովի ներկայ գտնուելու, օժանդակ ռահվիրաներ ըլլալու, արձակուրդի երթալու եւ զբօսանքի համար իրենց կարգադրութիւնները։ (Տես՝ Մայիս 1998–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը, էջ 7։) Անոնք կը խօսակցին ինչպէս անպաշտօն վկայութիւն ծրագրելու եւ կատարելու մասին, եւ կը ցուցադրեն խօսակցութիւն մը սկսելու կերպը։ Անոնք կը շեշտեն թէ անձնական ու ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը պիտի շարունակեն, ճամբորդութեան ընթացքին ժողովներու ներկայ պիտի գտնուին, եւ դաշտի ծառայութեան իրենց տեղեկագիրները իրենց ժողովքին պիտի ղրկեն։ Ընտանիքը կը վերյիշէ ուրիշ ժողովքներու այցելած ատեն իրենց ունեցած հոյակապ փորձառութիւնները եւ վայելած ուրախութիւնը։ Անոնք նկատի կ’առնեն կերպեր, որոնցմով կրնան հիւրասիրութիւն ցուցաբերել իրենց ժողովքը այցելող հիւրերուն։
25 վյրկ. «1999–ի ‘Աստուծոյ Մարգարէական Խօսքը’ Բնաբանով Նահանգային Համաժողովներ»։ (Պարբերութիւն 1-16) Հարց–պատասխանով։ Կարդացէք 6, 8, 11 եւ 16–րդ պարբերութիւնները։ Շեշտեցէք կարգ մը պատճառներ թէ ինչո՛ւ պէտք է ներկայ գտնուինք համաժողովի բոլոր յայտագրին, մէջը ըլլալով Ուրբաթ օրուան նիստերուն։ Համաժողովի իւրաքանչիւր օրուան համար մեր անձնական ուտելիքը բերելու նկատմամբ Ընկերութեան տուած ուղղութեան հետեւելու կարեւորութիւնը շեշտեցէք։
Երգեցողութիւն թիւ 28 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 17–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 27
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. «Նախապէս Ծրագրեցէ՛ք»։ Դասախօսութիւն մը որ վերաքաղ կ’ընէ յաջորդ քանի մը ամիսներուն ձեր ժողովքին համար ծրագրուած աստուածպետական բոլոր գործունէութիւնները։ Բոլորը քաջալերեցէք որ իրենց օրացոյցերուն վրայ նշեն եւ թոյլ չտան որ ուրիշ բաներ զանոնք խանգարեն։
20 վյրկ. «1999–ի ‘Աստուծոյ Մարգարէական Խօսքը’ Բնաբանով Նահանգային Համաժողովներ»։ (Պարբերութիւն 17-24) Հարց–պատասխանով։ Կարդացէք 18-21–րդ պարբերութիւնները։ Մէջբերուած եւ յիշուած համարները գործածեցէք, շեշտելու համար որ հագուստը, յարդարանքը եւ վարքը այնպիսի հարցեր են, որոնց պէտք է շա՛տ ուշադրութիւն ընենք։
Երգեցողութիւն թիւ 127 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 24–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 63
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ծանուցանեցէք Մայիս 31–ի համար եղած դաշտի ծառայութեան մասնաւոր կարգադրութիւնները։ Վերաքաղ ըրէք, Ընկերութեան 15 Հոկտեմբեր 1998 թուակիր նամակը, որու բովանդակութիւնը նկատի կ’առնէր՝ Հաճեցէք Հետապնդել (S-43) պատճենը։ Բացատրեցէք որ անիկա ինչպէս կ’օգնէ գտնուած հետաքրքրութիւնը հետապնդելու, երբ անպաշտօն կերպով կը վկայենք, կամ կը հանդիպինք օտար լեզու խօսող անհատի մը։ Հրատարակիչները քաջալերեցէք որ այս պատճենները օգտագործեն։
12 վյրկ. Հարցումի Տուփ։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն։
18 վյրկ. Զատումի Գործին կը Մասնակցի՞նք։ Ծառայութեան տեսուչին կողմէ մղիչ դասախօսութիւն մը, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Յուլիս 1997–ին վրայ (Անգլերէն), էջ 30-31։
Երգեցողութիւն թիւ 32 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 31–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 195
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բոլորին յիշեցուցէք որ Մայիս ամսուան իրենց տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Յունիս ամսուան ընթացքին ներկայացուելիք գրականութիւնը վերաքաղ ըրէք։ Երբ Գիտութիւն գիրքը կը ներկայացնէք, կրնաք անոր հետ միասին 192 էջնոց հին գիրք մըն ալ ներկայացնել, որմէ ձեր ժողովքը որոշ քանակութեամբ ունի։ Ներկայացում մը ցուցադրեցէք, որուն մէջ նուիրատուութեան կարգադրութեան մասին վերյիշեցում մը ըրէք։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
15 վյրկ. Իմ Կրօնքիս Ի՞նչ Եղեր Է։ Երկու օգնական ծառաներու միջեւ խօսակցութիւն։ Ծառայութեան մէջ բազմաթիւ մարդոց կը հանդիպինք որոնք ճշմարտութեան հանդէպ նպաստաւոր տեսակէտ ունին եւ Եհովայի Վկաները կը հաւնին։ Սակայն, իրենց եկեղեցիին հետ իրենց պահպանած կապերը զիրենք ետ կը պահեն։ Անոնք դժուարութիւն կ’ունենան հաւատալու թէ մենք միակ ճշմարիտ կրօնքն ենք եւ թէ իրենց պաշտամունքի կերպը սխալ է։ Ասիկա իրենց հոգեւոր յառաջդիմութիւնը կասեցնող գլխաւոր ազդակը կ’ըլլայ։ Եղբայրները Պատճառաբանել գրքին էջ 204–ի (Արաբերէնով՝ էջ 261) վրայ յիշուած վեց ազդակները նկատի կ’առնեն, որոնք յստակօրէն ցոյց կու տան թէ միւս կրօնքները Աստուածաշունչին չեն հետեւիր։ Ներկաները քաջալերեցէք որ այս կէտերը փափկանկատօրէն գործածեն, անկեղծ սրտով անհատներուն օգնելու համար, որ իրենց կրօնական վարդապետութիւնները վերաքննութեան ենթարկեն։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։