1999–ի «Աստուծոյ Մարգարէական Խօսքը» Բնաբանով Նահանգային Համաժողովներ
1 Երբ Իսրայելացիները Խոստացեալ Երկրին սեմին էին, Մովսէս անոնց պաղատեցաւ որ Աստուծոյ հրահանգները գնահատեն։ Անոնց ըսաւ. «Ասիկա ձեզի պարապ բան մը չէ, այլ ձեր կեանքն է»։ (Բ. Օր. 32։45-47) Եհովայի երախտապարտ չե՞նք որ մեր կեանքերը ա՛յնքան թանկարժէք կը նկատէ որ կը շարունակէ մեզ առաջնորդել իր թանկագին Խօսքին միջոցաւ։ Ուստի անձկագին կը սպասենք «Աստուծոյ Մարգարէական Խօսքը» բնաբանով եռօրեայ Նահանգային Համաժողովը եւ Եհովայի մեզի համար ամբարած բաները։
2 Այս տարի, Միացեալ Նահանգներու տարածքին 70 քաղաքներու մէջ նահանգային համաժողովներ տեղի պիտի ունենան։ Անգլերէն եւ Սպաներէն լեզուներէն զատ, համաժողովի յայտագիրը հետեւեալ լեզուներով ալ պիտի ըլլայ՝ Ամերիկեան Համրերու Լեզու, Թակալոկ, Իտալերէն, Ճափոներէն, Յունարէն, Վիեթնամերէն, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն եւ Ֆրանսերէն։ Ասկէ զատ, առաջին անգամ ըլլալով այս երկրին մէջ, նահանգային համաժողովի լման յայտագիրը տեղի պիտի ունենայ Հայերէն եւ Ռուսերէն լեզուներով, իսկ կարգ մը մասեր՝ Լեհերէնով։
3 Անկասկած, արդէն իսկ կարգադրութիւններ ըրած էք համաժողովի բոլոր օրերուն ներկայ գտնուելու համար, քանի որ վստահ էք թէ Եհովա ձեզմէ կ’ակնկալէ որ ներկայ ըլլաք։ Վստահ եղէք, որ ան կը տեսնէ ներկայ գտնուելու համար իր ծառաներուն անհատական ջանքերը ու զոհողութիւնները, եւ զանոնք գնահատութեամբ կը յիշէ։ (Եբր. 6։10) Համաժողովի իւրաքանչիւր օրուան ներկայ գտնուելով, բացման երգեցողութենէն սկսեալ մինչեւ փակման աղօթք, Եհովայի ցոյց կու տանք որ մեզի տուած իր խօսքերը կ’արժեւորենք։ (Բ. Օր. 4։10) Նաեւ գնահատութիւն ցուցաբերած կ’ըլլանք համաժողովի պատրաստութեան մասնակցող մեր բազմաթիւ եղբայրներուն ծանր աշխատանքին հանդէպ։
4 Աստուծոյ ժողովուրդը հազարներով համաժողովի վայրի մը մէջ հաւաքելը, կանխածրագրում եւ լաւ կազմակերպութիւն կը պահանջէ։ Համաժողովի կարգադրութիւններուն սիրալիր կերպով ըլլալը գիտնալը, պէտք է մղէ մեզ համագործակցելու, որպէսզի ‘ամէն բան վայելչութեամբ եւ կարգաւ ըլլայ’։ (Ա. Կորն. 14։40) Հետեւեալ տեղեկութիւնները եւ վերյիշեցումները հայթայթուած են, որպէսզի կարենաք ձեր համաժողովին երթալ, լիովին պատրաստուած՝ հոգեւոր սնունդ եւ քրիստոնէական ընկերակցութիւն վայելելու համար։
Համաժողովէն Առաջ
5 Անոնց հետ որ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէք, կամ ուրիշ հետաքրքրուած անհատներ, համաժողովին ներկայ գտնուելու համար օգնութեան կը կարօտի՞ն։ Հոն, անոնց տեսած ու լսած բաները զիրենք կրնան մղել որ Եհովայի երկրպագուներ դառնան։ (Ա. Կորն. 14։25) Երէցները տեղեակ պէտք է ըլլան բոլոր անոնցմէ որոնք իջեւանելու կամ փոխադրութեան համար օգնութեան կարիքը ունին, մանաւանդ ժողովքի տարեց անհատները, եւ սիրալիր կերպով անոնց կարիքները գոհացնեն։—Գաղ. 6։10
6 Իջեւանելու համար վերջնական կարգադրութիւններ եղա՞ծ են։ Եթէ պանդոկ մը պիտի իջնէք, վաւերացումի թիւը ունի՞ք եւ ձեր կանխավճարը պանդոկին ղրկա՞ծ էք։ ժողովքի քարտուղարը, Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբին կողմէ ընդունուած Մասնայատուկ Կարիքներու Համար Իջեւանի Խնդրագիրները մինչեւ հիմա արդէն իսկ ուղարկած պէտք է ըլլայ համաժողովի յարմար հասցէին։ Եթէ մասնաւոր կարիքներ ունեցողներու կարգադրութեան մէջ ձեզի իջեւան նշանակուած է եւ կ’ուզէք զայն չեղեալ համարել, հաճեցէք տեղւոյն Իջեւանելու Գրասենեակին անմիջապէս տեղեկացնել, որպէսզի զայն ուրիշի մը վերանշանակեն։ Հասցէն եւ հեռաձայնի թիւը կրնաք գտնել ձեր համաժողովին համար Յանձնարարուած Վարձու Սենեակներու Ցանկին, առաջին էջին վերեւը։
7 Եթէ համաժողովի մը մասին տեղեկութիւններ կ’ուզէք, ժողովքի քարտուղարը կրնայ տալ մասնայատուկ վայրի մը հասցէն, որ յիշուած է Մասնայատուկ Կարիքներու Համար Իջեւանելու Խնդրագրի պատճենին ետեւը։ Հաճեցէք համաժողովի վայրին վարչութեան չհեռաձայնել կամ չգրել։
8 Քանի որ համաժողովի Նախնական Դարմանումի Բաժինը միայն շտապ օգնութեան համար է, կը յանձնարարենք որ համաժողովին ձեր հետ բերէք ձեր անձնական ասբիրին–ը, վիրակապերը, մարսողութեան ու շնչառութեան դեղորայքը, եւ ասոր նման բաներ որոնք կը խորհիք թէ կրնան հարկ ըլլալ։ Եթէ դուք կամ ձեր սիրելիներէն մէկը լուրջ հիւանդութիւն մը ունի, ինչպէս սրտի խնդիր, շաքարախտ, կամ լուսնոտութեան տագնապի մը հաւանականութիւն, հաճեցէք համաժողովին ձեր հետ բերել անհրաժեշտ եղող դեղորայքը, այս կարիքներուն հոգալու համար, ինչպէս որ պիտի ընէիք եթէ տունը կամ արձակուրդի մէջ ըլլայիք։ Իմաստութիւն պիտի ըլլար եթէ անոնց վիճակէն տեղեակ եղող ընտանիքի անդամ մը, կամ սերտ բարեկամ մը, միշտ անոնց քով մնայ, քանի որ ան հարկ եղած օգնութիւնը կրնայ տալ։
9 Համաժողովի երթալու ճամբուն վրայ հաւանական է որ անպաշտօն վկայութեան պատեհութիւններ ծագին։ Ուրիշներուն հետ ճշմարտութիւնը բաժնելու պատրաստ պիտի ըլլա՞ք։ Բոլորս ալ, ի ներառեալ երախաները, կրնանք մեր մասնակցութիւնը բերել, թերթիկներ ներկայացնելով վառելանիւթի կայարանի պաշտօնեաներուն, մայրուղիի հարկահաւաքներուն եւ ճամբուն վրայ ձեզի հանդիպող բոլոր անհատներուն։ Առիթներ պիտի ներկայանան որ հետաքրքրուած անհատներու պարբերաթերթեր, գրքոյկներ կամ ուրիշ գրականութիւններ ներկայացնէք։ Պատրաստ եղէք անպաշտօն կերպով վկայելու այն անհատներուն, որոնց քարոզչական մեր սովորական մեթոտներով պատգամը տակաւին չէ հասած։
Համաժողովի Ընթացքին
10 Համաժողովի վայրին դռները ամէն օր առաւօտուն ժամը 8։00–ին պիտի բացուին։ Կրնաք աթոռներ ապահովել մի՛միայն ձեր անմիջական ընտանիքի անդամներուն եւ ձեր հետ ինքնաշարժով ճամբորդողներուն համար։ Աւելի հանգստաւէտ նստարանները վերապահուած պիտի ըլլան տարեց եղբայրներուն ու քոյրերուն, իսկ կարգ մը վայրեր անկարող եւ հաշմակառք գործածող անհատներուն պիտի վերապահուին։ Համաժողովի վայրին մէջ, գերզգայնութեան (ալէրժի) խնդիրներ ունեցողներու համար մասնաւոր սենեակներ պիտի չյատկացուին։ Ամէն օր, երբ ձեր նստարանները կը ձգէք, հաճեցէք վստահ ըլլալ որ ձեր բոլոր ինչքերը ձեր հետ առած էք։
11 Մեր նահանգային համաժողովներուն մեծ թիւով հաւաքուելու համար, մեզմէ պահանջուած է որ տեղւոյն կանոններուն, հրդեհի եւ ապահովութեան վերաբերեալ եղած օրէնքներուն ենթարկուինք։ Հետեւաբար, մեր համաժողովի վայրերուն մէջ, մանուկներու կառքեր եւ ետեւ թեքուող աթոռներ պէտք չէ բերուին։ Զանոնք նրբանցքներու կամ աթոռներու շարքերուն միջեւ դնելը անցորդներուն համար վտանգաւոր է։ Սակայն, ինքնաշարժի մէջ գործածուող մանուկներու աթոռներ, որոնք կրնան ծնողքին քովի աթոռին վրայ ամրացուիլ, ընդունելի են։
12 Նահանգային համաժողովին պիտի մկրտուի՞ք։ Շաբաթ օրուան առաւօտեան նիստին, որոշ նստարաններ պիտի վերապահուին մկրտութեան թեկնածուներուն, եւ հիւրընկալները ձեզի պիտի առաջնորդեն այդ վայրը։ Եթէ կարելի է, յայտագիրը չսկսած ձեր տեղերը նստիք։ Ձեր հետ բերէք ձեր Աստուածաշունչը, երգարանը, անձեռոցը եւ պատշաճ լողազգեստ մը։ Անխնամօրէն ոտքերը կարճեցուած ճինզ տաբատներ, նշանաբաններով թիշըրդ–ներ, եւ նման զգեստներ անպատշաճ են այսպիսի պատուական առիթի մը համար։ Մկրտութեան թեկնածուներուն հետ Մեր Ծառայութիւնը գրքէն մկրտութեան հարցումները նկատի առնող երէցները, վստահ պէտք է ըլլան որ իւրաքանչիւր անհատ այս կէտերը հասկցած է։ Քանի որ մկրտութիւնը Եհովա Աստուծոյ մեր անձնական նուիրումին խորհրդանշանն է, հետեւաբար պատշաճ չէ որ թեկնածուներ ձեռք–ձեռքի բռնած մկրտուին։
13 Համաժողովին կրնաք լուսանկարչական մեքենաներ, պատկերագրող եւ ձայնագրող մեքենաներ գործածել։ Սակայն, անոնց դիրքը կամ գործածութիւնը անցքերը պէտք չէ գոցէ, ուրիշներու տեսողութեան արգելք ըլլայ կամ յայտագրին հետեւողները խանգարէ։ Անոնք ինքնուրոյն պէտք է ըլլան, այսինքն, ելեկտրական կամ ձայնային դրութեան պէտք չէ կապուին։
14 Լսողութեան տկարութիւն ունեցողներուն համար կարգադրութիւններ պիտի ըլլան որ համաժողովի վայրին մէջ համաժողովի յայտագիրը ունկնդրեն ձայնասփիւռի FM ալիքին վրայ։ Առաջին նիստին սկիզբը ծանուցում մը պիտի ըլլայ, տեղեակ պահելու համար թէ յայտագիրը FM–ի ո՛ր ալիքին վրայ պիտի ձայնասփռուի։ Ձեր հետ պէտք է բերէք ընկալուչ ունեցող եւ FM–ի ալիքներ ընկալող փոքր ռատիօ մը։
15 Քանի որ բջիջային հեռաձայներու եւ բէյճըր–ներու գործածութիւնը հետզհետէ կ’աւելնայ, հաճեցէք հոգ տանիլ որ այս գործիքները ձեզի արգելք չըլլան յայտագրին հետեւելու, կամ ձեր շուրջ նստողներուն կեդրոնացումը խանգարելու։ Թոյլ պէտք չէ տաք որ այս գործիքները լսելի կերպով զանգեն, մինչ հանդիսականներուն մէջ նստած էք։ Եթէ յայտագրի ընթացքին բջիջային հեռաձայնը գործածելը անհրաժեշտ ըլլայ, հաճեցէք լսարանէն դուրս ելլել։
16 Ժամանակ շահելու եւ հարցերը դիւրացնելու համար, Ընկերութիւնը մեզմէ խնդրած է որ համաժողովին մեր օրուան ուտելիքը մեր հետ բերենք։ Եղբայրներուն մեծամասնութիւնը այս ուղղութեան հետեւեցան եւ նկատեցին որ կէսօրուան դադարին, ասիկա իրենց առիթ տուաւ որ իրենց ընտանիքներուն հետ նստին եւ այդ օրուան համար իրենց բերածը ուտեն։ Շատեր ըսին թէ կէսօրուան դադարին հանգստանալու պատեհութիւնը եւ իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ յաւելեալ ժամանակ անցընելը, հաճելի գտած էին։ Ասիկա կը պահանջէ որ նախապէս ուտելիք եւ խմելիք գնեն եւ զանոնք փոքր անօթի մը կամ պաղ պահելու ծառայող պահեստամանի մը մէջ դնեն, որպէսզի աթոռի մը տակ դրուի։ Կը խնդրենք որ բոլոր ներկաները այս հրահանգին հետեւին։ Վերջերս, համաժողովի վայրերուն մէջ, վայրին վարչութիւնը եւ ուտելիք վաճառողները նկատած են, որ մեր եղբայրներէն ոմանք լսարանը ձգելով դուրս ելած են մօտակայքը գտնուող շրջուն վաճառորդներէն եւ ուտելիքի արագ սպասարկութեան հաստատութիւններէն ուտելիք գնելու համար։ Համաժողովի համար մեր գործածած վայրերուն մէջ գործող ուտելիք վաճառողներէն ոմանք, սկսած են պահանջել որ իրենց արտօնութիւն տրուի իրենց ուտելիքի կրպակները բանալու եւ մեր համաժողովներու պատուիրակներուն ուտելիք սպասարկելու։ Եթէ անոնք ասիկա ընելու արտօնութիւն ստանան, աշխարհային մարդոցմէ շատեր օրուան ընթացքին մեր հետ պիտի ընկերակցին։ Նաեւ, խճողումի եւ կրպակներու առջեւ երկար շարքերու պիտի վերադառնանք, խանգարելով մեր համաժողովներուն հանդարտ մթնոլորտը։ Հետեւաբար, կը խնդրենք որ իւրաքանչիւր օր ամէն անհատ ջանայ իր անձնական ուտելիքը ու խմելիքը բերել համաժողովին։ Ձեզի հետ համաժողովի եկող հետաքրքրուած անհատներն ալ իրենց անձնական ուտելիքը պէտք է բերեն։ Ապակեայ անօթներ եւ ոգելից ըմպելիներ համաժողովի վայրէն ներս արտօնուած չեն։
17 Կրնա՞ք իւրաքանչիւր օրուան նիստերը աւարտելէն ետք համաժողովի վայրը մաքրելու ձեռք մը տալ։ Կամ՝ կրնա՞ք համաժողովի սպասարկման միւս բաժիններէն մէկուն մէջ աշխատիլ։ Եթէ այսպիսի օժանդակութիւն կրնաք բերել, հաճեցէք համաժողովի Կամաւորներու Սպասարկութեան Բաժինը երթալ։ Կը հրաւիրենք որ 16 տարեկանէն վար եղող պատանիներն ալ մասնակցին, գործելով ծնողի մը կամ ուրիշ պատասխանատու չափահասի մը ընկերակցութեամբ։ Անշուշտ, ամէն ոք կրնայ վայրին մաքրութեան մասնակցիլ, որեւէ աղբ վերցնելով եւ զայն անոր համար յատկացուած տեղը դնելով։
18 Լաւ ուղեգծեր ստացած ենք մեր համաժողովներուն մէջ պատշաճ հագուելակերպ ու յարդարանք ունենալու առնչութեամբ։ Օրինակի համար՝ այս առնչութեամբ ուղղութիւններ ունինք Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկներուն յաւելուածականներուն մէջ, մեր գրականութիւններուն մէջի պատկերները ունինք, իսկ ասոնցմէ աւելի կարեւորը, Աստուածաշունչին մէջ Եհովայի ըսածները ունինք։ (Հռովմ. 12։2. Ա. Տիմ. 2։9, 10) Մարդիկ մեր ո՛վ ըլլալը եւ իրենց քաղաքին մէջ ինչո՛ւ հաւաքուած ըլլալը գիտեն։ Հետեւաբար, մեր հագուելակերպը եւ յարդարանքը ինքնին զօրաւոր վկայութիւն մըն են։ Այս ուղղութեամբ Եհովայի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը լաւ օրինակ կը հանդիսանայ։ Սակայն, երբեմն կը տեսնենք որ մեր համաժողովներուն ներկայ եղողներէն ոմանց հագուելակերպը ու յարդարանքը աշխարհի հոգին կ’արտացոլացնեն։ Մարմինը ցուցադրող որեւէ տեսակի հագուստ, հարցի տակ կը դնէ անհատին հոգեւոր անձ մը ըլլալու դաւանութիւնը։ Պարկեշտ, մաքուր, կոկիկ երեւոյթը շատ հաճելի է։ Հետեւաբար, տան գլուխներ նկատի պէտք է առնեն թէ իրենց ընտանիքի անդամները ինչ կը ծրագրեն հագուիլ։ Ասիկա կը կիրարկուի նաեւ երբ համաժողովի վայրէն հեռու ենք։ Օրուան նիստերէն առաջ եւ ետք, մեր լանջանշանները կրելը յաւելեալ կերպով մեզ կ’առնչէ Եհովայի եւ իր մաքուր ժողովուրդին հետ։—Համեմատել՝ Մարկոս 8։38։
19 Սողոմոն իմաստուն թագաւորը ներշնչումի ներքեւ դիտել տուաւ թէ «մանուկին սրտին մէջ յիմարութիւնը կապուած է» եւ «իր կամքին ձգուած տղան իր մայրը կ’ամչցնէ»։ (Առ. 22։15. 29։15) Նիստերու ընթացքին, հսկողութեան տակ չեղող դեռատի Վկաներ համաժողովի յայտագրէն օգուտներ քաղել փորձող եղբայրներուն ու քոյրերուն խանգարած են։ Անցեալ տարուան համաժողովներուն, տեսնուած է թէ վերի մասերը նստող անչափահասներէն ոմանք՝ լէյզըր ճառագայթներ արձակող ցուցիչներ պտըտցուցած են ներկաներուն վրայ։ Այս ցուցիչներէն արձակուած լոյսը շատ զօրաւոր է եւ կրնայ աչքերուն վնաս հասցնել, նոյնիսկ եթէ անոնք հեռուն ըլլան։ Բացայայտ է որ այս դեռատիները չէին օգտուեր իրենց ի նպաստ պատրաստուած հոգեւոր յայտագրէն։ Քանի որ ծնողներ իրենց զաւակներուն վարմունքին նկատմամբ Եհովայի համարատու են, ծնող մը կրնայ վստահ ըլլալ որ իր զաւակները լաւ վարմունք ունին եւ Եհովայէ եկած դաստիարակութեան մտիկ կ’ընեն միա՛յն եթէ անոնք իրեն հետ նստած ըլլան։ Հիւրընկալները պիտի մօտենան ոեւէ խանգարող անհատի եւ իրմէ պիտի խնդրեն որ դադրի այս բանը ընելէ, եւ ազնուօրէն անոր պիտի յիշեցնեն որ յայտագրին ուշադրութիւն ընծայէ։
20 Քանի որ մեր համաժողովները հանրութեան առջեւ բաց են, մեր զաւակներուն եւ անձնական ինչքերուն նկատմամբ նախազգուշութիւններ առնելը իմաստութիւն է։ Մեր զաւակները Եհովայէ տրուած թանկագին պարգեւներ են։ Բայց, գիտենք որ աշխարհը Սատանայի գազանային հոգին կ’արտացոլացնէ։ Հետեւաբար, հաճեցէք ամէն ժամանակ տեղեակ ըլլալ թէ ձեր զաւակները ո՛ւր են։ Նաեւ, լուսանկարչական մեքենաներ, դրամապանակներ եւ որեւէ արժէքաւոր իր միշտ ձեր հետ պահեցէք եւ զանոնք բնաւ ձեր նստարանին վրայ մի՛ ձգէք։ Վստահ եղէք որ ձեր ինքնաշարժը միշտ կղպուած ըլլայ, իսկ ձեր անձնական ինչքերը ինքնաշարժին սնտուկին մէջ դրէք կամ ձեր հետ առէք։ Այսպէս ընելով, ձեր ինքնաշարժը բանալու փորձութեան հաւանականութիւնը պիտի նուազեցնէք։
21 Տեղւոյն Իջեւանելու Գրասենեակը սիրով կ’ուզէ օգնել ձեզի, պանդոկի վերապահումներուն նկատմամբ որեւէ խնդիր մը ծագելու պարագային։ Եթէ խնդիրներ ծագին հաճեցէք Իջեւանի Գրասենեակը տեղեակ պահել, մինչ տակաւին համաժողովի վայրը կը գտնուիք։ Եղբայրները հաճոյքով պիտի օգնեն ձեզի հարցը լուծելու, որպէսզի կարենաք շարունակել համաժողովը վայելել։ Նաեւ, իջեւանելու առնչութեամբ, հետեւեալը նկատի առէք.
▪ Քանի որ Եհովայի ժողովուրդէն շատեր պանդոկներ կը մնան, թերեւս կարելի չըլլայ որ բոլորն ալ չծխողներու յատկացուած սենեակ մը ձեռք ձգեն, նոյնիսկ եթէ այս բանը խնդրուած էր վերապահութիւն եղած ժամանակ։
▪ Հաճեցէք ձեր իջեւանած պանդոկէն տեղեկանալ թէ ձեր սենեակը ե՛րբ կրնաք ունենալ եւ ե՛րբ պէտք է ձգէք։ Եթէ նախապէս խնդրէք, թերեւս թոյլ տան որ աւելի կանուխ ունենաք ձեր սենեակները եւ աւելի ուշ յանձնէք զանոնք։
▪ Հետզհետէ աւելի վտանգաւոր կը դառնայ մեր վրայ դրամ կրել։ Թերեւս նախընտրելի գտնէք որ ճաշարանի կամ այլ ծախսեր ձեր սենեակի հաշւոյն վրայ աւելցուին, ապա զանոնք վճարէք երբ պանդոկը կը ձգէք։
▪ Պանդոկներու մէջ մատչելի եղած հեռատեսիլի ու պատկերիզի սպասարկութիւնները յաճախ պոռնկագրական յայտագիրներ սփռող կայաններ ունին։ Եթէ խնդրէք, պանդոկներէն շատեր, ձեր կեցութեան ընթացքին որոշ կայաններ կամ յայտագիրներ զանց կ’ընեն ձեր սենեակի հեռատեսիլին վրայէն։ Ինչպէս որ ձեր տան մէջ, նոյնպէս հոն, ձեր զաւակներուն հեռատեսիլի գործածութիւնը հսկողութեան տակ առէք։
22 Քաջալերական է տեսնել եղբայրներ ու քոյրեր որոնք համաժողովի նիստերու ընթացքին նոթեր կ’առնեն։ Հակիրճ նոթեր ձեզի պիտի օգնեն որ կեդրոնանաք եւ հետագային գլխաւոր կէտերը վերյիշէք։ Հետագային, ընտանիքի անդամներու կամ բարեկամներու հետ ձեր նոթերը վերաքաղ ընելը, թոյլ պիտի տայ որ համաժողովի աչքառու կէտերուն մասին խոկաք, որպէսզի չմոռնաք զանոնք։
23 Եհովայի ժողովուրդը աստուածպետական շահերուն ի նպաստ օժանդակելու նկատմամբ միշտ առատաձեռն եղած է։ (Ել. 36։5-7. Բ. Մնաց. 31։10. Հռովմ. 15։26, 27) Երկրածաւալ գործին ի նպաստ ըրած ձեր յօժարակամ նուիրատուութիւնները կը գործածուին համաժողովի վայրերուն վարձքերուն հետ առնչուած ծախսերը ծածկելու համար։ Եթէ ձեր նուիրատուութիւնները դրամատոմսով ընէք, հաճեցէք զանոնք «Դիտարան»–ի անունով ընել։
24 Ինչպէս որ արձանագրուած է Ամովսեայ 3։7–ին մէջ, Եհովա ըսաւ թէ ինք «բան մը չըներ, մինչեւ որ իր գաղտնիքը իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն՝ չյայտնէ»։ Որպէս «գաղտնիքները յայտնող», Եհովա Աստուածաշունչին մէջ հարիւրաւոր մարգարէութիւններ արձանագրել տուած է, որոնք ճշգրտօրէն եւ լիովին կատարուած են։ (Դան. 2։28, 47) Տակաւին հոյակապ խոստումներ կան որոնք պիտի կատարուին։ 1999–ի «Աստուծոյ Մարգարէական Խօսքը» բնաբանով Նահանգային Համաժողովները Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ ձեր հաւատքը պիտի զօրացնեն։ Ուշի ուշով մտիկ ըրէք ձեզի ուղղուած Եհովայի խօսքերը։ Ձեր տեսած ու լսած բաները կիրարկեցէք ծառայութեան, ժողովքին եւ ձեր անձնական կեանքին մէջ։ Կ’աղօթենք որ Եհովա առատօրէն օրհնէ այս ճոխ, հոգեւոր խնճոյքին բոլոր օրերուն ներկայ գտնուելու ձեր կարգադրութիւնները։
[Նկար՝ էջ 3]
Ծրագրեցէք ներկայ գտնուիլ Ուրբաթ, Շաբաթ եւ Կիրակի լման օրերը