Ծառայութեան Ժողովներ Յունիս Ամսուան Համար
Յունիս 7–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 28
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Աստուածպետական Լուրեր։
15 վյրկ. «Մենք Եհովայէ կը Սորվինք»։ Բացման խօսքերը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլան, ապա նիւթը հարց–պատասխանով նկատի առէք։ Ներկաները հրաւիրեցէք որ խօսին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցէն, Ռահվիրայական Ծառայութեան Դպրոցէն, Թագաւորութեան Ծառայութեան Դպրոցէն եւ այլ դպրոցներէն ստացած իրենց կարգ մը օգուտներուն մասին։ Շեշտեցէք թէ ասոնք ի՛նչպէս օգնած են Եհովայի ժողովուրդին որ ծառայութեան մէջ աւելի ազդու դառնան։
20 վյրկ. «Ձեր Ժամանակը Ազդու Կերպով Գործածեցէք»։ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչին եւ մէկ կամ երկու փորձառու հրատարակիչներու միջեւ խօսակցութիւն. անոնք կը խօսին թէ ի՛նչպէս իրենց ժամանակը կարգի կը դնեն որ կարելի եղածին չափ լիովին մասնակցին դաշտի ծառայութեան։ Անոնք գործնական յայտագրի մը կարեւորութեան մասին կը խօսին, եւ այսպիսի յայտագիր մը ունենալու վրայ շեշտ կը դնեն։ Անոնք կը բացատրեն թէ ի՛նչպէս կը խուսափին ժամանակ վատնող բաներէ, օրինակ՝ ծառայութեան ուշ սկսիլ, նախապէս լաւ չծրագրել եւ ծառայութեան ընթացքին չափազանցուած զբօսանք ունենալ։ Նկատի առնելով տեղական պարագաները, գործնական թելադրութիւններ տուէք ժամանակը ազդու կերպով գործածելու մասին։
Երգեցողութիւն թիւ 32 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 14–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 63
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. «Օգնութեան Ձեռք մը Կրնա՞ք Երկարել»։ Երէց մը հարց–պատասխանով նիւթը նկատի կ’առնէ ներկաներուն հետ։ Պարփակեցէք առանձին ծնողներուն օգնութիւն մատուցանելու մասին թելադրութիւններ, որոնք տրուած են Զարթի՛ր 8 Հոկտեմբեր 1995–ի համարին մէջ, էջ 8-9։ Հրաւիրեցէք որ ներկաներէն ոմանք իրենց գնահատութիւնը յայտնեն ժողովքի կարգ մը անդամներուն իրենց մատուցած սիրալիր օգնութեան համար։
Երգեցողութիւն թիւ 95 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 21–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 63
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Եթէ ժողովքը Երիտասարդները կը Հարցնեն կամ Ձեր Պատանեկութենէն Լաւագոյնս Օգտուեցէք գրքէն որոշ քանակ մը ունի, ցոյց տուէք թէ ինչպէս կրնաք զանոնք ազդու կերպով գործածել ամառուան ամիսներուն, երբ պատանիները տունը գտնելու հաւանականութիւնը աւելի շատ կ’ըլլայ։
17 վյրկ. Պատկերիզները եւ Թատերախաղերու Ձայներիզները Լաւ Կերպով Գործածեցէք։ Ընկերութեան հայթայթած 10 պատկերիզները եւ թատերախաղերու 11 ձայներիզները կարելի՞ է աւելի լաւ կերպով գործածել։ Դուք եւ ձեր ընտանիքը անոնցմէ իւրաքանչիւրը դիտեցի՞ք կամ մտիկ ըրիք։ Վերաքաղ ըրէք անոնցմէ ոմանք, նշելով թէ անոնք ի՛նչպէս Աստուածաշունչի մեր ընթերցանութիւնը կրնան բարելաւել, մեր հոգեւորականութիւնը կ’ամրապնդեն եւ ճշմարտութեան մասին լաւ վկայութիւն մը կու տան։ Երկու կամ երեք ձայներիզներէն հատուածներ ձայնասփռեցէք։ Ներկաներէն խնդրեցէք որ ըսեն թէ ո՛ր պատկերիզը կամ թատերախաղի մը ձայներիզը մասնաւորաբար ազդու գտած են իրենց ընտանիքը քաջալերելու կամ նորեկները կազմակերպութեան ուղղելու համար։ Պատմեցէք կարգ մը փորձառութիւններ որոնք լաւ արդիւնքներ տուած են։ (Տես՝ 1999–ի Տարեգիրքը, էջ 51-52։) Բոլորը քաջալերեցէք որ պատկերիզները եւ թատերախաղերու ձայներիզները լաւ կերպով գործածեն։
18 վյրկ. «Միայն Դրսերեւո՞յթը կը Տեսնէք»։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ խօսակցութիւն։ Շեշտեցէք պատճառները թէ ինչո՛ւ մեր հանդիպած անհատներուն մասին շուտով գաղափար պէտք չէ կազմենք։ Հակիրճօրէն վերաքաղ ըրէք Եհովայի Յովնանի սորվեցուցած դասը, որ իր անարժան նկատած մարդիկը սխալ կերպով դատեց։ (Տես՝ Դիտարան 1 Դեկտեմբեր 1997, էջ 27, պարբերութիւն 17-19։) Ներկաները հրաւիրեցէք որ խօսին թաղամասին մէջ իրենց հանդիպած տարբեր տեսակի մարդոց մասին, նշելով թէ անոնց հանդէպ ի՛նչպէս դրական տեսակէտ մը կը պահպանեն ու դատաստանը Եհովայի ձեռքերուն մէջ կը ձգեն։
Երգեցողութիւն թիւ 77 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 28–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 85
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բոլորին յիշեցուցէք որ Յունիս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները յանձնեն։ Վերաքաղ ըրէք Յուլիս ամսուան ընթացքին ներկայացուելիք գրականութիւնը։ Ցոյց տուէք ձեր ժողովքին մէջ բաւարար քանակով մատչելի եղած գրքոյկները, եւ մէկ կամ երկու կէտեր թելադրեցէք զորս կրնանք մեր ներկայացումներուն մէջ ցցուն դարձնել։ Պարփակեցէք լաւ նախապատրաստուած ցուցադրութիւն մը։
13 վյրկ. Եհովա Ինչո՞ւ կ’Արտօնէ որ Իր Ժողովուրդը Հալածուի։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Եհովայի Վկաներ—Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Ծանուցանողներ գրքին վրայ, էջ 676-677։ Ինչպէս Յիսուս նախագուշակած էր, մենք «բոլոր ազգերուն ատելի» ենք։ (Մատթ. 24։9) Թերեւս հակառակութեան հանդիպինք երբ՝ ծառայութեան կը մասնակցինք, աշխարհային ազգականներու հետ կ’ընկերակցինք, գործատեղիին կամ դպրոցին մէջ Վկայ չեղող անհատներու հետ շփման մէջ կու գանք։ Դասախօսը դրականօրէն կը բացատրէ թէ Եհովա այսպիսի հալածանք կամ հակառակութիւն ինչո՛ւ կ’արտօնէ եւ ի՛նչպէս անոր համբերելը ի վերջոյ օրհնութիւններ պիտի բերէ մեզի։
20 վյրկ. Գացէք Հո՛ն Ուր Մարդիկ Կան։ Դասախօսութիւն՝ հիմնուած 1997–ի Տարեգիրք–ին վրայ, էջ 42-48։ Մինչ պէտք է շարունակենք կանոնաւորաբար մասնակցիլ տունէ–տուն վկայութեան, որեւէ ժամանակ եւ որեւէ տեղ անպաշտօն կերպով վկայելու համար անձկագին պատեհութիւններ կը փնտռենք։ Տարեգիրք–էն փորձառութիւններ պատմեցէք, ցոյց տալով որ ուրիշներ ի՛նչպէս ասիկա յաջողութեամբ ըրած են, երբ օթոպիւս կը նստին, փողոցը կամ ծովեզերքը կը քալեն, կանգ առած ինքնաշարժներուն մօտենալով, փոխադրակառքերու կայաններ երթալով, հեռաձայնը գործածելով եւ նամակներ գրելով։ Եթէ ժամանակը ներէ, ներկաները հրաւիրեցէք որ անհատական կարգ մը փորձառութիւններ պատմեն։ Բոլորը քաջալերեցէք որ վկայութիւն տալու իւրաքանչիւր պատեհութիւն օգտագործեն, մարդիկ ուր որ ալ գտնուին։
Երգեցողութիւն թիւ 27 եւ փակման աղօթք։