Աստուածպետական Լուրեր
◼ Հայաստան. Դեկտեմբերի տեղեկագրութիւնը ցոյց տուաւ որ 4,741 հրատարակիչներուն ծառայութեան ժամերուն միջինն էր 16 ժամ։ Հրատարակիչներու այս նոր բարձրագոյն թիւը անցեալ տարուան միջինին վրայ 17 առ հարիւր յաւելում մըն է։
◼ Չիլի. Ռահվիրայութեան ժամերու նոր պահանջը, խանդավառութեամբ ողջունուեցաւ, ինչպէս յայտնի կ’ըլլայ Յունուարին տեղեկագրող կանոնաւոր ռահվիրաներու նոր բարձրագոյն թիւէն՝ 4,351։ Նաեւ՝ 5,175 հրատարակիչներ որպէս օժանդակ ռահվիրաներ տեղեկագրեցին. ասիկա այս ծառայութեան տարուան ցարդ լաւագոյն թիւն է։
◼ Ուգրանիա. Յունուարին տեղեկագրող 100,129 հրատարակիչներուն 12 առ հարիւրը լիաժամ ծառայութեան մէկ երեսակին մասնակցեցաւ։ Ուգրանիոյ մէջ կանոնաւոր ռահվիրաներու թիւը հասաւ 5,516–ի, ասիկա յաջորդական 27–րդ բարձրագոյն թիւն է։ Ասկէ զատ 6,468 հրատարակիչներ որպէս օժանդակ ռահվիրաներ տեղեկագրեցին։