Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 6/99 էջ 3
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
թծ 6/99 էջ 3

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Յունիսին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Յուլիսին եւ Օգոստոսին. Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի եւ Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք գրքոյկները։ Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար գրքոյկը կրնանք ներկայացնել, երբ յարմար է։ Սեպտեմբերին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։

◼ Յունիս 1–ին կամ անկէ անմիջապէս ետք, վերակացու տեսուչը, կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքի հաշիւները պէտք է ստուգէ։ Ասիկա կատարելէ ետք, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք, հաշիւի յաջորդ տեղեկագրութիւնը կարդացուելէ ետք։

◼ Քանի որ Գաղաադու շրջանաւարտութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ 11 Սեպտեմբեր 1999–ին, այդ օրը շրջապտոյտներ պիտի չըլլան Ընկերութեան՝ Նիւ Եորքի մէջ գտնուող Պրուքլինի, Փէթըրսընի եւ Ուոլգիլի համալիրներուն մէջ։ Անոնք որ ծրագրած են այդ Շաբաթ օրը այցելել, իրենց այցելութիւնը պէտք է յետաձգեն։ Այդ օրը, ժողովքներուն խնդրած գրականութիւններու առաքում, կամ յանձնում պիտի չըլլայ։

◼ Ընկերութիւնը որոշ քանակութեամբ ԱՆԳԼԵՐԷՆ լեզուով ունի՝ 1951-1955, 1958, 1959, 1969, 1989, եւ 1995-1997 տարիներու Դիտարան եւ՝ 1989 եւ 1994-1997 Զարթի՛ր։ Նաեւ մատչելի է 1987–ի եւ 1992-1998 տարիներու ԱՆԳԼԵՐԷՆ Եհովայի Վկաներու Տարեգիրք–էն քանակ մը։ 1987–ի Տարեգիրք–ին մէջ յիշուած են Բորթօ Ռիքօ, Զուիցերիա եւ Թրինիտատ. 1992–ի Տարեգիրք–ին մէջ՝ Քենիա եւ կարգ մը ուրիշ Արեւելեան Ափրիկէի երկիրներ, ինչպէս նաեւ Սալոմոն Կղզիները. 1993–ի Տարեգիրք–ին մէջ՝ Տանըմարքա, Հոնտուրաս եւ Մալէզիա։ Ոեւէ հրատարակիչ, կամ նոր ժողովք, որ կը փափաքի այս գրականութիւնները ստանալ, ժողովքի գրականութիւններու ծառային միջոցաւ կրնայ հիմա ապսպրել։ (Տես՝ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը, Ապրիլ 1997, Հարցումի Տուփ. Դիտարան 1 Նոյեմբեր 1994 [Անգլերէն], էջ 28-31։)

◼ 1 Յունիս 1999–ի համարէն սկսեալ, Թիվերէն լեզուով Դիտարան–ը որպէս ամսական հրատարակութիւն մատչելի պիտի ըլլայ։

◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.

Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ —Հուսա, Խազախերէն

Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ —Գամպոտերէն, Թաթարերէն

Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ 1996 —Իտալերէն, Շուէտերէն

Եհովան Ո՞վ Է (Թերթիկ Թիւ 23) —Հայերէն, Խրուաթերէն

Ընտանեկան Հաճելի Կեանք մը Վայելեցէք (Թերթիկ Թիւ 21) —Հայերէն

Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը —Հայերէն

Իրապէս Ո՞վ կը Տիրէ Աշխարհին (Թերթիկ Թիւ 22) —Հայերէն

Միտք Դիր Կարդալու եւ Գրելու —Սպաներէն

Մխիթարութիւն Յուսալքեալներուն (Թերթիկ Թիւ 20) —Հայերէն

◼ Մատչելի Նոր Ձայներիզներ.

Աստուածպետական Կարգադրութիւնները Ինչո՞ւ Յարգել (Թատերախաղ, մէկ ձայներիզով) —Ճափոներէն

◼ Մատչելի Նոր Պատկերիզներ.

Աստուածաշունչի Զօրութիւնը Ձեր Կեանքին Մէջ —Գերմաներէն

Եհովայի Վկաները Հաստատ կը Մնան Նացի Յարձակման Դիմաց —Փորթուկալերէն

Նոյ՝ Աստուծոյ Հետ Քալեց —Ճափոներէն

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել