Օգնութեան Ձեռք մը Կրնա՞ք Երկարել
1 Պօղոս առաքեալ ժողովքի անդամները քաջալերեց որ «միեւնոյն խնամքը ունենան իրարու վրայ։ (Ա. Կորն. 12։25) Հետեւաբար, իրարմով պէտք է հետաքրքրուինք եւ երբ հարկ ըլլայ, սիրալիր օգնութիւն մատուցանելու պատրաստ պէտք է ըլլանք։ Զոր օրինակ, մեր մէջ գտնուող հոգեւոր քոյրերէն ոմանք, իրենց զաւակները ճշմարտութեան մէջ առանձին կը մեծցնեն։ Այս քոյրերը իրենց զաւակներուն հոգեւոր մարզում տալու պատասխանատուութեան լման բեռը կը կրեն։ Վստահաբար, անոնք մեր ազնիւ քաջալերութեան եւ գործնական աջակցութեան արժանի են, իրենց «պէտքերուն» համեմատ։ (Հռովմ. 12։13ա) Կրնա՞ք անոնց օգնութեան ձեռք մը երկարել։
2 Անոնց Օգնելու Կերպեր. Ժողովներու եւ համաժողովներու երթալու համար հանրային փոխադրամիջոցներ գործածող ընտանիքները մեր ինքնաշարժով տանիլը, նիւթական գետնի վրայ բաւական օգտակար կրնայ դառնալ իրենց։ Ժողովներու ընթացքին, իր զաւակներուն հոգ տանելու համար մօր մը աջակցելով, կրնանք անոր օգնել որ աւելի լիովին օգտուի յայտագրէն։ Նմանապէս, իր զաւակներուն հետ դաշտի ծառայութեան մասնակցելու ատեն անոր օգնութիւն առաջարկելը, որոշ չափով իր բեռը կրնայ թեթեւցնել։ Անոնց զաւակներով անկեղծօրէն հետաքրքրուիլը, անոնց հետ բարեկամանալը, կրնայ մեր պատանիներուն վրայ շատ դրական ազդեցութիւն ունենալ։ Երբեմն, մէկ ծնողով ընտանիք մը ձեր ընտանեկան ուսումնասիրութեան հրաւիրելը, կրնայ զիրենք հոգեւորապէս թարմացնել։
3 Խոհեմ Եղէք. Զգոյշ պէտք է ըլլանք որ մեր օգնութիւնը չպարտադրենք անոնց՝ որոնք անոր կարիքը չեն զգար։ Ոչ ալ անհատի մը ընտանեկան հարցերուն խառնուինք, երբ հարկ եղած օգնութիւնը կու տանք։ Անշուշտ, կարիք ունեցող քրոջ մը օգնութիւն մատուցանելու համար յարմարագոյն անձերը քոյրեր եւ ամուսնացած զոյգեր կրնան ըլլալ։
4 Բոլոր Քրիստոնեաներուն ալ քաջալերութիւն կը տրուի որ ‘հիւրասիրութեան ետեւէ ըլլան’։ (Հռովմ. 12։13բ) Մեր հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնութեան ձեռք մը երկարելը, մեր միջեւ եղող Քրիստոսանման սէրը արտայայտելու բազմաթիւ կերպերէն մէկն է։—Յովհ. 13։35