Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 2/00 էջ 1
  • «Տիրոջմով Ծանր Աշխատող Կիներ»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Տիրոջմով Ծանր Աշխատող Կիներ»
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Տէրոջմով ծանր աշխատող» կիներ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Հոգեւոր քոյրերուդ թիկունք կանգնէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Եհովային պէս կը վարուի՞ս կիներուն հետ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Հաւատարիմ քրիստոնեայ կիներ՝ Աստուծոյ թանկագին երկրպագուներ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
թծ 2/00 էջ 1

«Տիրոջմով Ծանր Աշխատող Կիներ»

1 Պօղոս վերոյիշեալ խօսքերով նկարագրեց Տրիփոնէն ու Տրիփոսէն՝ Հռովմի ժողովքին մէջ ծանր աշխատող երկու քոյրերը։ Ուրիշ քրոջ մը՝ Պերսիդէի մասին, ան ըսաւ. «Շատ աշխատեցաւ, Տէրոջմով»։ Նմանապէս, նպաստաւոր ակնարկում մը ըրաւ Փիբէի մասին, որպէս ‘շատերու խնամք տանող’ անհատ մը։ (Հռովմ. 16։2, 12, ՆԱ) Աստուածաշունչին մէջ, Տաբիթայի մատնանշուած է որպէս ‘բարի գործերով ու ողորմութիւններով լեցուած’ անհատ մը։ (Գործք 9։36) Հոգեւոր կիներ ժողովքին համար ի՜նչ օրհնութիւն են։

2 Մեր ժողովքին մէջ ծանր աշխատող քոյրերը կը գնահատե՞նք։ Անոնք քարոզչութեան մեծ մասը կը կատարեն, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն մեծամասնութիւնը կը վարեն, եւ բազմաթիւ նորեկներու օգնութիւն կը մատուցանեն։ Անոնք նաեւ շատ ժամանակ կը յատկացնեն իրենց զաւակներուն օգնելով որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն։ Քրիստոնեայ կիներ իրենց բաժինը կը բերեն ժողովքին մէջ սիրոյ, ուրախութեան, խաղաղութեան եւ նախանձախնդրութեան հոգին կերտելով։ Անոնք բազմաթիւ կերպերով նեցուկ կը կանգնին, որպէսզի իրենց ամուսինները եւ ընտանիքի ուրիշ անդամներ կարենան Եհովայի ծառայութեան մէջ աւելի մասնակցութիւն բերել։

3 Լիաժամ Ծառայութեան Մէջ Եղող Քոյրեր. Տիրոջմով ծանր աշխատողներուն մէջ կան միսիոնար քոյրեր. անոնցմէ շատեր օտար երկիրներու մէջ քարոզչութիւնը զարգացնելու մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերած են։ Իրենց ամուսիններուն ծառայած ժողովքներուն մէջ, ճամբորդող տեսուչներու կիները դաշտի ծառայութեամբ զբաղած են, քաջալերելով բազմաթիւ քոյրեր։ Պէտք չէ անտեսուին Պէթէլի մէջ ծառայող քոյրերը, որոնք նախանձախնդրօրէն սրբազան ծառայութիւն կը մատուցանեն Եհովայի կազմակերպութեան թիկունք կանգնելով։ Իսկ մեր կանոնաւոր ռահվիրայ քոյրերը Աստուած փառաբանելու իրենց հաւատարիմ ջանքերով հազարաւորներու կ’օգնեն որ ճշմարտութիւնը սորվին։

4 Այս հաւատարիմ կիները իրենց անձնազոհ ապրելակերպին մէջ մեծ գոհունակութիւն կը գտնեն։ (Ա. Տիմ. 6։6, 8) Անոնք արժանի են գովասանքի եւ որեւէ քաջալերութեան ու աջակցութեան որ կրնանք անոնց տալ։

5 Քրիստոնեայ կիներ Եհովայի կազմակերպութեան համար թանկագին գանձեր են. անոնք հաւատարիմ ծառայութիւն կը մատուցանեն որ բոլորին համար օրհնութիւն մըն է։ Շարունակենք գնահատել այսպիսի կիները եւ աղօթել որ Եհովայի օրհնութիւնը անոնց հետ ըլլայ, մինչ կը շարունակեն ‘Տիրոջմով ծանր աշխատիլ’։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել