Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Վերաքաղ
Գոց գրքերով վերաքաղ՝ 3 Մայիսէն մինչեւ 23 Օգոստոս 1999, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի նշանակումներով ներկայացուած նիւթերու վրայ հիմնուած։ Յատկացուած ժամանակամիջոցին, անջատ թուղթի մը վրայ ձեր կրցած չափով հարցումներուն պատասխանեցէք։
[Նշմար. Գրաւոր վերաքաղի ընթացքին, միայն Աստուածաշունչը կարելի է գործածել որեւէ հարցումի պատասխանելու համար։ Հարցումներուն աւարտին տրուած տեղեկութիւնները ձեր անձնական հետազօտութեան համար են։ Դիտարան–ի ակնարկումներէն ոմանք թերեւս չբովանդակեն էջերուն եւ պարբերութիւններուն թիւերը։]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն Շիտակ կամ Սխալ պատասխանեցէք.
1. Իրենց զաւակներուն հետ տրամաբանօրէն վարուելու համար, ծնողներ պէտք չէ Աստուածաշունչի սկզբունքներու մէջ զիջումներ ընեն։ [Ընտանիք էջ 108 § 14]
2. Աստուածաշունչի ընդհանուր բնաբանն է՝ Եհովայի ջատագովումը, խոստացեալ «սերունդին» իշխանութեան ներքեւ եղող Թագաւորութեան միջոցաւ։ (Ծննդ. 3։15) [Բոլոր Գիրքը էջ 17 § 30]
3. Ելից գրքին դէպքերուն ճշգրտութեան վկայող հնագիտական եւ արտաքին ուրիշ շատ քիչ ապացոյցներ կան։ [Բոլոր Գիրքը էջ 20 § 4]
4. Չափազանց աղքատ եղողները Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու համար նիւթական գետնի վրայ նպաստելու ի վիճակի չեն։ [Դիտ. 15/9/97 (Անգլերէն) էջ 5 § 7]
5. Ծնողներուն եւ մեծ–ծնողներուն փոխարէն հատուցանելը Եհովայի մեր մատուցած պաշտամունքին մէկ մասն է։ (Ա. Տիմ. 5։4) [Դիտ. 1/12/97 էջ 4 § 1-2]
6. Շաբաթը պահելը սկիզբը որպէս նշան կը ծառայէր Եհովայի եւ բոլոր ազգերուն միջեւ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Պատճառաբանել էջ 345 § 3 (Անգլ.). կամ՝ էջ 231 § 3 (Արաբ.)]
7. Երբ երախայ մը որոշումներ տալու տարիքին հասնի, ան իր առած քայլերուն համար հետզհետէ աւելի պատասխանատու կը դառնայ, մանաւանդ աստուածային օրէնքին նկատմամբ։ (Հռովմ. 14։12) [Ընտանիք էջ 135 § 17]
8. Մովսէս Ղեւտացւոց գիրքը գրեց Հ.Դ.Ա. 1513–ին։ [Բոլոր Գիրքը էջ 25 § 3-4]
9. Ղուկաս 21։20, 21–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը կատարուեցան Հ.Դ. 66–ին, երբ Զօրավար Տիտոսի հրամանատարութեան ներքեւ եղող հռովմէական բանակները Երուսաղէմէն քաշուեցան։ [Դիտ. 1/7/97 էջ 4 § 6, էջ 5 § 1-2]
10. Եպիկուրեաններուն ուսուցումը Քրիստոնեաներուն համար վտանգաւոր էր, քանի որ անիկա հիմնուած էր անոր անհաւատ տեսակէտին վրայ, որ նկարագրուած է Ա. Կորնթացիս 15։32–ի մէջ։ [Դիտ. 1/11/97 (Անգլերէն) էջ 24 § 5]
Հետեւեալ հարցումներուն պատասխանեցէք.
11. Ղեւտացւոց 3։17–ի մէջ նշուած ճարպ ուտելու դէմ եղած արգիլումէն ի՞նչ կը սորվինք։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 1/11/84 էջ 10 § 2]
12. Եհովա Բանսարկու Սատանային գոյութիւնը ինչո՞ւ կը թոյլատրէ։ (Ել. 9։15, 16) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 1/6/92 էջ 10 § 14]
13. Երբ ընտանիքի անդամ մը լուրջ հիւանդութիւն մը դիմագրաւէ, ընտանիքը ի՞նչ առաջնակարգ քայլեր պէտք է առնէ, առաջնահերթութիւնները նկատի առնելու համար։ (Առ. 15։22, ՆԱ) [Ընտանիք էջ 122 § 14]
14. Իսրայէլ ազգը ի՞նչ առումով «քահանաներու թագաւորութիւն» մըն էր։ (Ել. 19։6) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 1/10/95 էջ 13 § 8]
15. Ի՞նչ է տարբերութիւնը «պարզ» եւ «վատ» աչքին միջեւ։ (Մատթ. 6։22, 23) [Դիտ. 1/10/97 (Անգլերէն) էջ 26 § 5]
16. Ի՞նչպէս կրնայ ըսուիլ թէ Դաւիթ «կատարեալ սրտով եւ ուղղութեամբ» քալեց, մինչ ան սխալներ գործեց։ (Գ. Թագ. 9։4) [Դիտ. 1/5/97 (Անգլերէն) էջ 5 § 2]
17. Տաղաւարի առնչութեամբ Իսրայելացիներուն ճիշդ «այնպէս» ընելը արդի ի՞նչ առանձնաշնորհումներու նախաշուքն էր։ (Ել. 39։32) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 1/2/96 էջ 8 § 9]
18. Եհովա ինքզինք յայտնելը որպէս՝ «Ես պիտի փաստեմ ըլլալ ինչ որ պիտի փաստեմ ըլլալ», ի՞նչ ցոյց կու տայ։ (Ել. 3։14, ՆԱ) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 1/6/95 էջ 10 § 6]
19. Ղեւտացւոց 10։1, 2–ի մէջ արձանագրուած Նադաբ եւ Աբիուդը պարփակող դէպքէն ի՞նչ կը սորվինք։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 1/11/84 էջ 10 § 3]
20. Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ, ինչո՞ւ ծննդաբերութիւնը կին մը «անմաքուր» կը դարձնէր։ (Ղեւտ. 12։2, 5) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 1/11/84 էջ 10 §5]
Հետեւեալ արտայայտութիւնները ամբողջացնելու համար, պէտք եղած բառը կամ նախադասութիւնը հայթայթեցէք.
21. Թէեւ մինակութեան զգացումին համար հրաշք բուժում գոյութիւն չունի, առանձին ծնող մը կրնայ անոր տոկալ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ տուած զօրութեամբ, որ կու գայ յարատեւ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ միջոցաւ։ (Ա. Տիմ. 5։5) [Ընտանիք էջ 112 § 21]
22. Անհատի մը կեանքին մէջ պատահած ողբերգութիւն մը թերեւս հետեւանքն է ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐, եւ կամ մեր ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐։ [Դիտ. 15/5/97 (Անգլերէն) էջ 22 § 7]
23. Ելից գիրքը Եհովան կը յայտնէ որպէս մեծ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ եւ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ եւ իր սքանչելի նպատակները ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐։ [Բոլոր Գիրքը էջ 24 § 26]
24. Ոչ թէ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ այլ՝ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ ինչ որ կ’ընենք, գլխաւորաբար ա՛յդ է որ կը յայտնէ մեր ինչպիսի անձ մը ըլլալը։ [Դիտ. 1/3/98 էջ 30 § 4]
25. Եթէ հունձքի տօնակատարութիւնները ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ են կամ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ հետ առնչուած են, ճշմարիտ Քրիստոնեաները Եհովան տհաճեցնելէ կրնան խուսափիլ մերժելով որեւէ կերպով ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ այսպիսի ապականած պաշտամունքի։ [Դիտ. 15/9/97 (Անգլերէն) էջ 9 § 6]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն մէջէն շիտակ պատասխանը ընտրեցէք.
26. Աբրահամի սերունդին «չորս հարիւր տարի» տեւող չարչարանքը սկսաւ երբ Իսմայէլ Իսահակը ծաղրեց Հ.Դ.Ա. (1943–ին. 1919–ին. 1913–ին) եւ վերջ գտաւ Եգիպտոսէն ազատագրուելու տարին Հ.Դ.Ա. (1543–ին. 1519–ին. 1513–ին)։ (Ծննդ. 15։13) [Բոլոր Գիրքը էջ 17 § 31]
27. Ընտանիքի մը անդամներուն (նիւթական ապահով վիճակէն. կեցուածքէն. ապահովագրական դրութիւններէն) կախեալ է թէ ընտանիքը յաջողութեամբ պիտի դիմագրաւէ՞ լուրջ հիւանդութիւն մը թէ՝ ոչ։ (Առ. 17։22) [Ընտանիք էջ 120 § 10]
28. Անհատ մը որ իր սրտին մէջ կ’ըսէ «Աստուած չկայ», անզգամ կոչուած է, քանի որ ան (բարոյականի տէր անհատ մը չէ. կրթութիւն չէ ստացած. տրամաբանելու կարողութիւն չունի)։ (Սաղմ. 14։1) [Դիտ. 1/10/97 (Անգլերէն) էջ 6 § 8]
29. Երբ Ադամ ու Եւա ըմբոստացան, իրենց կորսնցուցած ամենակարեւոր բանն էր, իրենց՝ (կատարելութիւնը. Աստուծոյ հետ ունեցած յարաբերութիւնը. պարտիզանման տունը)։ [Դիտ. 1/3/98 էջ 6 § 2]
30. (Ծննդոց. Ելից. Ղեւտացւոց) գիրքը, Աստուածաշունչի որեւէ գիրքէ աւելի սրբութեան պահանջը յաճախ կը յիշէ։ [Բոլոր Գիրքը էջ 26 § 9]
Հետեւեալ համարները վարը տրուած արտայայտութիւններուն հետ համեմատեցէք.
Ել. 5։2. Ել. 21։29. Առ. 1։8. Գաղ. 5։20. Յակ. 1։14, 15
31. Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանող ոեւէ մէկը երբ յաճախակիօրէն եւ առանց զղջալու բարկութեան նոպաներ կ’ունենայ, իր ընտանիքի անդամներուն ալ ֆիզիքական վնաս հասցնելով, քրիստոնէական ժողովքէն կրնայ վտարուիլ։ [Ընտանիք էջ 150 § 23]
32. Մեր արարքները՝ մեր խորհելակերպին արդիւնքն են։ [Ընտանիք էջ 148 § 18]
33. Եհովա Աստուած կը խոնարհեցնէ բոլոր անոնք որոնք յանդգնօրէն կը մերժեն ընդունիլ իր աստուածութիւնը։ [Դիտ. 1/2/93 էջ 24 § 18]
34. Թէեւ Աստուածաշունչը հօրը կու տայ զաւակները դաստիարակելու գլխաւոր պատասխանատուութիւնը, բայց մայրն ալ կարեւոր դեր մը կը խաղայ անոր մէջ։ [Ընտանիք էջ 133 § 12]
35. Եթէ անհատ մը սպաննուած էր, Օրէնքը թոյլ չէր տար որ անուշադրութիւնը որպէս չքմեղանք գործածուէր ողորմութիւն ձեռք ձգելու համար։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 1/3/96 էջ 21 § 5]