Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 9/99 էջ 2-7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
թծ 9/99 էջ 2-7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Սեպտեմբերին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Հոկտեմբերին. Դիտարան պարբերաթերթը։ Վերայցելութիւններուն երբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, կարելի է բաժանորդագրութիւն ներկայացնել։ Նոյեմբերին. Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ, կամ՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Դեկտեմբերին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։

◼ Ծառայութեան մէջ կրնաք խուլ անհատի մը հանդիպիլ։ Եթէ ձեր թաղամասին մէջ համրերու լեզուով խումբ կամ ժողովք մը կայ, պէտք է հետեւիք այն ուղղութեան որ տրուած է Միացեալ Նահանգներու բոլոր ժողովքներուն ուղղուած, 15 Հոկտեմբեր 1998 թուակիր Ընկերութեան նամակով։ Անիկա կը բացատրէ. «‘Հաճեցէք Վերայցելել’ պատճենները պիտի գործածուին օտար լեզու, ի ներառեալ համրերու լեզուն, խօսող անհատներուն մասին նշմարներ գրելու համար, անոնք ձեր ժողովքին նշանակուած թաղամասին մէջ ըլլան կամ՝ ոչ։ Ընդհանրապէս այդ պատճենը պիտի գործածուի այս նպատակով, նոյնիսկ եթէ անհատը Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ հետաքրքրութիւն չցուցաբերէ։ . . . ‘Հաճեցէք Վերայցելել’ պատճենը լեցնելէ ետք, անիկա պէտք է ուղղակի ժողովքի քարտուղարին տրուի կամ Թագաւորութեան Սրահին մէջ դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրներուն համար յատկացուած տուփին մէջ դրուի»։ Եթէ իւրաքանչիւր հրատարակիչ այս կերպով համագործակցելու մէջ արթուն ըլլայ, համրերու լեզուով ժողովքները կարող պիտի ըլլան իրենց շրջանին մէջ գտնուող խուլ անհատներուն ցանկը պատրաստել։

◼ Սեպտեմբեր 1–ին կամ անկէ անմիջապէս ետք, վերակացու տեսուչը, կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքի հաշիւները պէտք է ստուգէ։ Ասիկա կատարելէ ետք, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք, հաշիւի յաջորդ տեղեկագիրը ներկայացնելէ ետք։

◼ Միացեալ Նահանգներու զինուորագրութեան կանոնները կը պահանջեն որ բոլոր տղամարդիկը նամակատուն երթալով արձանագրուին երբ 18 տարեկան ըլլան։ Բոլոր անոնք որոնցմէ պահանջուած է որ ասիկա ընեն, պէտք է արագօրէն հոգ տանին այս հարցին, զայն նկատելով որպէս Քրիստոնեայի մը պարտաւորութիւնը վերին իշխանութիւններուն հանդէպ։ Երէցները պիտի ուզեն ասիկա ի մտի ունենալ եւ յարմար վերյիշեցումներ մատուցանել երիտասարդ եղբայրներուն, որոնք 18 տարեկան պիտի ըլլան։ Այս առնչութեամբ երիտասարդ Քրիստոնեային պատասխանատուութիւններուն մասին եղած հարցումներուն երէցները կրնան պատասխանել։

◼ Երէցներուն կը վերյիշեցնենք որ գործադրեն Դիտարան 1 Յուլիս 1991 համարին մէջ տրուած թելադրութիւնները, էջ 21-23, ոեւէ վտարուողի կամ իր ընկերակցութիւնը խզած անհատի առնչութեամբ, որ կրնայ վերընդունուելու միտում ունենալ։

◼ 20 կամ աւելի անհատներէ բաղկացած խումբեր, որոնք կը ծրագրեն Ընկերութեան հաստատութիւնները այցելել, կարեւոր է որ նախ նամակ գրեն Central Tour Desk–ին, 100 Watchtower Drive, Patterson, NY 12563-9204։ Այս Գրասենեակը հոգ պիտի տանի այն խումբերուն որոնք պիտի այցելեն Ընկերութեան շէնքերը Պրուքլինի, Ուոլգիլի եւ Փէթըրսընի մէջ (Նիւ Եորք), կամ Ճրզի Սիթիի Համաժողովի Սրահը (Նիու Ճրզի)։ Իւրաքանչիւր վայրին համար հաճեցէք տեղեկութիւններ հայթայթել թէ քանի՛ հոգի պիտի գան եւ ո՛ր թուականին ու ժամուն։ Ընկերութիւնը կարելի եղող շրջագայութեան մասին բացատրութիւն պիտի հայթայթէ, ինչպէս նաեւ՝ քարտէս մը, որ ցոյց կու տայ իւրաքանչիւր վայրին ուղղութիւնները։ ԻՋԵՒԱՆԵԼՈՒ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ ԺՈՂՈՎՔԻ ԵՐԷՑՆԵՐՈՒՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՂՐԿՈՒԱԾ ԵՆ ԵՒ ԿԱՐԵԼԻ Է ԺՈՂՈՎՔԻ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԷՆ ԶԱՆՈՆՔ ՍՏԱՆԱԼ։ Ձեր այցելութենէն առաջ, հաճեցէք վերաքաղ ընել Մարտ 1998–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին Հարցումի Տուփը։

◼ Ժողովքի մը հետ ընկերակցող անհատները Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի նոր կամ նորոգուած բոլոր բաժանորդագրութիւնները, մէջը ըլլալով իրենց անհատական բաժանորդագրութիւնները, ժողովքին միջոցով պէտք է ղրկեն։

◼ Ընկերութիւնը չ’ընդունիր հրատարակիչներու կողմէ անհատական գետնի վրայ եղած գրականութեան ապսպրանքները։ Վերակացու տեսուչը պէտք է կարգադրէ որ ամէն ամիս ծանուցում մը ըլլայ, ժողովքի գրականութեան ամսական խնդրագիրը Ընկերութեան ղրկուելէն առաջ, որպէսզի բոլոր անոնք որոնք հետաքրքրուած են գրականութիւններ ստանալով, իրենց ապսպրանքը ներկայացնեն գրականութեան պատասխանատու եղբօր։ Հաճեցէք ի մտի ունենալ թէ ո՛ր գրականութիւնները կանխիկ վճարուելու են։

◼ «Աստուծոյ Ընդունելի Ապրելակերպը» խորագրով 1998–ի Նահանգային ու Միջազգային Համաժողովները, հոն ներկայ գտնուողներուն համար իրապէս օրհնութիւն մըն էին։ Հանդիսականներուն մէջ կային 2,764 միսիոնարներ եւ միջազգային ծառաներ, որոնք կարողացան իրենց ծննդավայրը այցելել ժողովքներուն առատաձեռն նուիրատուութիւններուն շնորհիւ։ Այս կարգադրութեան թիկունք կանգնիլը շա՛տ գնահատելի է։ Այս համաժողովները վերջ գտած ըլլալով, այս նպատակով եղած նուիրատուութիւններուն մնացեալ գումարը պիտի յատկացուի համաշխարհային քարոզչութեան։

◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.

Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ —Լուվալէ

Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար —Դանիերէն

Ուշադրութիւն Ընծայեցէ՛ք Դանիէլի Մարգարէութեան —Անգլերէն, Սպաներէն, Ֆրանսերէն

◼ Մատչելի Նոր Պատկերիզներ.

Աստուածաշունչը—Ճշգրիտ Պատմութիւն, Վստահելի Մարգարէութիւններ —Ալպաներէն

Աստուածաշունչը—Մարդկութեան Ամենահին եւ Այժմէական Գիրքը —Ալպաներէն

Աստուածաշունչի Զօրութիւնը Ձեր Կեանքին Մէջ —Ալպաներէն, Արաբերէն

Նոյ՝ Աստուծոյ Հետ Քալեց —Թայ, Յունարէն

◼ 1 Սեպտեմբեր 1999–էն սկսեալ, Ղազախերէն լեզուով Դիտարան–ը ամսական հրատարակութիւն պիտի ըլլայ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել